«ԳՈՆԷ ՔԱՐ ՄԸ ԿԸ ԴՆԵՍ ՔՈՒ ՄՇԱԿՈՅԹԻ ՊԱՏԻՆ ՎՐԱՅ»

Երեւանի եւ Ծաղկաձորի մէջ կազմակերպուած Սփիւռքի հայագիր եւ օտարագիր գրողներու համաժողովը եզրափակուեցաւ՝ առիթ հանդիսանալով աշխարհի զանազան երկիրներէ հայ գրողներու, թարգմանիչներու եւ գրականագէտներու Հայաստանի մէջ համախմբման։ Համաժողովին մասնակցեցաւ նաեւ գրականագէտ, թարգմանիչ ու գրող Ալեքսանդր Թոփչեան։ «Արմէնփրէս»ի թղթակիցը Թոփչեանին հետ զրուցեց համաժողովի արդիւնքներու լոյսին տակ։ Ան այս առթիւ յայտնեց. «Սփիւռքի բազմաթիւ գրողներ կրնան մեր դեսպանները դառնալ իրենց ապրած երկիրներուն մէջ»։

Ալեքսանդր Թոփչեանի խօսքերով, համաժողովները առիթ կը հանդիսանան նոր գաղափարներու ծնունդին եւ կը նպաստեն՝ որպէսզի Հայաստանի եւ սփիւռքի մէջ ստեղծագործող գրողներու գործերը ծանօթացուին։ Սփիւռքի մէջ կան զանազան լեզուներով ստեղծագործող գրողներ եւ անոնք նկատելի յաջողութիւններու կը հասնին իրենց երկիրներէն ներս, կ՚արժանանան մրցանակներու։ Անոնք իրենց լաւ դիրքերով կրնան հայերու մասին բարենպաստ մթնոլորտ մը ստեղծել։

Ալեքսանդր Թոփչեան համոզուած է, որ պէտք է աւելի խորացնել, ընդարձակել գրողներու կապերն ու գործունէութեան շրջանակը։ Հայաստանաբնակ եւ հայագիր գրողներու գործերը ներկայիս նոյնպէս կը թարգմանուին ուրիշ լեզուներու, բայց սա կը կրէ տարերային բնոյթ։ Զգալի է կազմակերպուած աշխատանքի բացակայութիւնը։ «Անհրաժեշտ է թարգմանել այն գիրքերը, որոնք կը հետաքրքրեն եւրոպական, ամերիկեան հեղինակաւոր հրատարակչութիւնները։ Անոնք կրնան կազմակերպուած աշխատանք իրականացնել եւ բարձրակարգ ձեւով թարգմանել մեր արդի եւ դասական գրականութեան ներկայացուցիչներու գիրքերը։ Ես Հայաստանի թարգմանիչներու լեզուի իմացութեան շուրջ կասկած չունիմ։ Սակայն այլ բան մըն է, երբ գրական գործընթացի մէջ ես, այլ բան մըն է, որ լաւ լեզու գիտես։ Պէտք է հասկնալ գրական ստեղծագործութեան գեղագիտութիւնը», ըսաւ Ալեքսանդր Թոփչեան։

«Մէկ խօսքով՝ չափանիշներն ու խթանները տարբեր են, սակայն պէտք է ընել գործ մը՝ համոզուած, որ եթէ յեղաշրջում չես ըներ, գոնէ քար մը կը դնես քու մշակոյթիդ պատին վրայ», եզրափակեց Թոփչեան։

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 12, 2017