ՁԵՐԲԱԿԱԼՄԱՆ ԴԱՏԱՎՃԻՌ

Իրաքի Դաշնակցային դատարանը վճիռ արձակեց՝ որպէսզի կալանաւորուին Հիւսիսային Իրաքի քրդական ինքնավարութենէն ներս անկախութեան հանրաքուէն կազմակերպած ընտրական յանձնաժողովի նախագահն ու անդամները։ Իրաքի խորհրդարանը միջոց մը առաջ հանրաքուէին մասնակցած քիւրտ երեսփոխաններու պարագային ալ գրութիւն մը ուղարկած էր Բարձրագոյն դատարան, բայց եւ այնպէս դատարանի բանբերը յայտնեց, թէ իրենք իրաւասութիւն չունին հանրաքուէին մասնակցած երեսփոխաններուն մասին տեսակէտ յայտնելու։

Հիւսիսային Իրաքի մէջ տեղի ունեցած հանրաքուէէն ի վեր տարածքաշրջանէ ներս լարուածութեան մակարդակը կը մնայ բարձր։

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 12, 2017