ՆԻՍԻ ՄԷՋ ՆՈՐ ԽՄՈՐՈՒՄՆԵՐ

Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Ֆրանսայի Թեմէն ներս Նիսի տագնապին վերաբերեալ վերջին օրերուն տեղի ունեցան նոր իրադարձութիւններ։ Փարիզի «Նոր Յառաջ» թերթի հաղորդումներով, Նիսի ծուխէն ներս վերամիաւորման համար առնուած է կարեւոր որոշում մը։ Ինչպէս ծանօթ է, Ֆրանսայի Հայոց Թեմին հետ երկար ժամանակէ ի վեր կապը խզած էր Նիսի Ս. Աստուածածին եկեղեցին, որու ղեկը ձեռք անցուցած եկեղեցականօրէն ապօրինի վարչայինները տարիներէ ի վեր կարգալոյծ հոգեւորականներով իբր թէ ծիսակատարութիւններ կը կազմակերպէին։ Իսկ Ֆրանսայի Հայոց Թեմի հովանոցին տակ գործող եկեղեցական առումով օրինական ծխական կառոյցը կարելիութիւն չէր ունենար օգտագործելու Ս. Աստուածածին եկեղեցին։ Պառակտումի մթնոլորտին մէջ բազմաթիւ դատավարութիւններ ալ կ՚ընթանան երկար ժամանակէ ի վեր։

Ըստ վերոյիշեալ աղբիւրի հաղորդումներուն, ներկայ նորութիւնը այն է, որ Նիսի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ ղեկը ձեռք անցուցած խումբը որոշած է վերամիանալ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Ֆրանսայի Թեմին։ Նիսի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ այժմու վարչութեան քարտուղար Դաւիթ Քոմարեան տեղեկացուցած է, որ 12 Սեպտեմբեր 2017 թուականին իրենց ծխական խորհուրդը գումարած է ժողով մը եւ ներկայ անդամները միաձայնութեամբ որոշած են արտակարգ ընդհանուր ժողովի մը ձեռնարկել՝ Ֆրանսայի Հայոց Թեմի ծոցը վերադառնալու մասին քուէարկութեան համար։ Այդ արտակարգ ընդհանուր ժողովը գումարուեցաւ 8 Հոկտեմբերին, Նիսի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ յարակից «Պարսամեան» սրահին մէջ։ 198 պատգամաւոր կա՛մ ներկայ էր եւ կամ կը ներկայացուէր։ Ընդհանուր ժողովի մասնակիցները միաձայնութեամբ հաւանութիւն տուին՝ որպէսզի Նիսի Ս. Աստուածածին եկեղեցին միանայ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Ֆրանսայի Թեմին, որ կը ներկայացուի ֆրանսահայոց թեմակալ առաջնորդին կողմէ։ Սա իսկապէս յուսադրիչ եւ պատմական «այո՛» մը եղած է, որ կրնայ նոր հորիզոն մը ուրուագծել Ֆրանսայի Հայոց Թեմին առջեւ։

Փարիզի «Նոր Յառաջ» թերթը կը մատնանշէ, որ տասն տարի ընդդիմանալէ վերջ Նիսի Ս. Աստուածածին եկեղեցին արտակարգ ընդհանուր ժողովի քուէարկութեամբ որոշած է վերամիանալ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ թեմին։ Ըստ թերթին, այժմու հարցումն է, որ ո՞վ պիտի վճարէ վնասուց հատուցումը։ Ֆրանսահայ շրջանակներուն կողմէ թէեւ դրական, սակայն որոշ չափով վերապահութեամբ կ՚ընկալուի այս իրադարձութիւնը։ Այժմ ստեղծուած իրավիճակին եւ հեռանկարներուն կապակցութեամբ «Նոր Յառաջ» թերթը կը գրէ հետեւեալը.

«Այս առթիւ հրապարակուած շատ կարճ ու կտրուկ հաղորդագրութիւնը բազմաթիւ հարցականներու դուռ կը բանայ։ Նախ եւ առաջ պէտք է ըսել, որ որոշումին բանաձեւումը ամբողջովին սխալ է, քանի՝ Նիսի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ ծխական խորհուրդը Ֆրանսայի Հայ Առաքելական Եկեղեցիէն հեռանալու որոշում չէ կայացուցած։ Ընդհակառակն՝ Ամենայն Հայոց կաթողիկոս Գարեգին Բ.-ի հրամանագրով, Նորվան Արք.-ի առաջնորդութեան ժամանակ, ծուխը զրկուեցաւ Առաքելական ընտանիքի անդամակցութենէն, մէկ խօսքով՝ դուրս դրուեցաւ։ Ուրեմն, աւելի ճիշդ պիտի ըլլար քուէարկուած որոշումը ընդգրկէր դիմում մը ներկայացնելու գաղափարը, որպէսզի Կաթողիկոսը ետ քաշէ արտաքսման իր հրամանագիրը։

Այնքան ատեն, որ դիմում չըլլայ՝ յայտնի չէ թէ Վեհափառը ի՞նչ հիման վրայ զանոնք վերստին պիտի ընդունի Առաքելական ընտանիքէն ներս։

Առերես ուրախալի այս որոշումը, Ֆրանսայի Թեմին կողմէ ընդունուելու պարագային՝ լեցուն է յետագայ բախումներու հաւանականութեամբ։ Պէտք չէ մոռնալ, որ կաթողիկոսական հրամանագիրը երբ անվաւեր հռչակեց Նիսի Ս. Աստուածածինի ծուխը, փոխարէնը ճանչցաւ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ նորաստեղծ Ալփ-Մարիթիմի, Վառի եւ Մոնաքոյի ծուխը։ Ուրեմն, հարցումը այն է, թէ Նիսը եւ շրջանները պիտի ունենան երկո՞ւ ծուխ, թէ նախկինը, որ անվաւեր հռչակուած է, պիտի դադրի՞ գոյութիւն ունենալէ եւ գոյքերն ու ունեցուածքը պիտի յանձնէ նորաստե՞ղծ ծուխին, ինչպէս որ անոր անդամները իբր նոր ծուխի անդամներ պիտի ընդունուին այս վերջինիս մէջ։ Եթէ ոչ՝ անվաւեր ծուխի վարչութիւնը պէտք է հրաժարի եւ նորաստեղծ ծուխի վարչութիւնը ստանձնէ հինին եւ նորին կառավարումը մինչեւ որ երկու կրօնական ընկերակցութիւններ միացնելու որոշում կայացուի։

Արդարեւ չի բաւեր որ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ կրօնական ընկերակցութիւնը Ֆրանսայի Թեմին միանալու որոշում կայացնէ. պէտք է, որ ան իր կանոնագրութիւնը յարմարեցնէ թեմին կողմէ առաջադրուած կանոնագրութեան։ Այդ կը նշանակէ անվաւեր ճանչնալ այսօրուան վարչութիւնը, որ ընտրուած է նախկին կանոնագրութեան հիման վրայ։ Միւս հարցը Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ սրբապղծումն է։ Եկեղեցական օրէնքով խորանին վրայ պատարագ չեն կրնար մատուցել կարգազուրկ, աշխարհիկ դաս վերադարձած եկեղեցականներ։ Ուրեմն, եկեղեցին պէտք է վերստին օրհնել ու վերապատրաստել Ս. Պատարագի մատուցման։ Արդեօք ընդունելի՞ է նման գործողութիւն նախկին ծուխի վարչութեան եւ անդամներուն համար։

Եւ վերջին կէտ մը, որ կը վերաբերի դատական հետապնդումին։ Տասնամեայ դատական հետապնդումներու եւ գժտութիւններու պատճառած վնասները հատուցելու խնդիր կայ։ Ո՞վ պիտի վճարէ զանոնք։ Եւ պէտք չէ մոռնալ՝ առաջին անգամ չէ, որ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ վարչութիւնը հաշտութիւն կը հայցէ։ Ասկէ առաջ ալ դիմում կատարած է, սակայն վերջին վայրկեանին հրաժարած է իր պատասխանատուութենէն»։

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 12, 2017