ԱՇԽԱՊԱՏԻ ՄԷՋ ԲԱՆԱՎԷՃ ՄԸ ԾԱԳԵՑԱՒ ՆԻԿՈԼ ՓԱՇԻՆԵԱՆԻ ԵՒ ԻԼՀԱՄ ԱԼԻԵՒԻ ՄԻՋԵՒ

Թիւրքմենիստանի մայրաքաղաքը՝ Աշխապատի մէջ երէկ տեղի ունեցաւ ԱՊՀ-ի անդամ պետութիւններու ղեկավարներու գագաթաժողովը։ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան եւս մասնակցեցաւ այս գագաթաժողովին, որու ընթացքին հանդէս եկաւ ելոյթով մը։ Ղեկավարներու հաւաքին ժամանակ բանավէճ մըն ալ ապրուեցաւ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի միջեւ, որ եւս ներկայ էր ժողովին։ Փաշինեան մեծապէս կարեւորեց պատմութեան առարկայականօրէն նայիլը։

Միւս կողմէ, Աշխապատի մէջ Նիկոլ Փաշինեան Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինին նուիրեց ռուս դիւանագէտ Վլատիմիր Քազիմիրովի կողմէ հեղինակուած՝ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան վերաբերեալ գիրքը։

ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

Միւս կողմէ, Նիկոլ Փաշինեան եւ Իլհամ Ալիեւ Աշխապատի մէջ քննարկեցին Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման ներկայ իրավիճակն ու լարուածութիւնը մեղմելու հնարաւորութիւնները։ Փաշինեանի բանբերը՝ Վլատիմիր Կարապետեան երէկ տեղեկացուց, որ այդ զրոյցը տեւած է մէկուկէս-երկու ժամ։ Աշխապատի մէջ ԱՊՀ-ի գագաթաժողովին առթիւ կազմակերպուած պաշտօնական ճաշկերոյթին ընթացքին տեղի ունեցած է Փաշինեանի եւ Ալիեւի զրոյցը, որու կապակցութեամբ Վլատիմիր Կարապետեան տեղեկացուցած է հետեւեալը.

«Նախագահող կողմի նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած ճաշի ընթացքին Ալիեւն ու Փաշինեանը նստած էին քով քովի, քանի որ այբբենական կարգով սահմանուած էր եւ տեղի ունեցած է կարծիքներու փոխանակում, զրոյց։ Սա հիմնականին մէջ վերաբերած է Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման ներկայ իրավիճակին, լարուածութիւնը մեղմացնելու հնարաւորութիւններուն եւ յառաջիկայ քայլերուն»։

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 12, 2019