«ՅԱՐՁԱԿՈՒՄԸ ԴԻՏՈՒՄՆԱՒՈՐ ԷՐ»

Հայաստանի Մարդու իրաւանց պաշտպան Արման Թաթոյեան շաբաթավերջին Երեւանի մէջ այցելութիւն մը տուաւ այն ռուս լրագրողին, որ Շուշիի Ս. Ամենափրկիչ Ղազանչեցոց եկեղեցւոյ ռմբակոծման ժամանակ վիրաւորուած էր ծանրօրէն։ Արցախի մէջ վիրահատուելէ վերջ վիրաւորեալ ռուս լրագրողը արդէն փոխադրուած է Երեւան, ուր ապաքինման փուլի մէջ կը գտնուի։ Վիրաւորեալ ռուս լրագրողը Արման Թաթոյեանի այցելութեան ընթացքին փոխանցեց դէպքին վերաբերեալ վկայութիւնները։ Ան համոզուած է, որ եկեղեցին հարիւր տոկոսով դիտումնաւորութեամբ թիրախաւորուած է։

ՄԻՋԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆ ԱՐՁԱԳԱՆԳ

Շուշիի Մայր տաճարի ռմբակոծման դէպքի արձագանգները կը շարունակուին համաքրիստոնէական գետնի վրայ։

Վատիկանի մէջ, Հռոմէական Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ Քահանայապետ Ֆրանսիսքոս Ա. Սրբազան Պապը երէկուան կիրակնօրեայ աղօթքի աւարտին անդրադարձաւ Արցախի իրավիճակին։ Ան դատապարտեց եկեղեցիներու թիրախաւորումը։ Սրբազան Քահանայապետը ողջունեց շաբաթավերջի հրադադարի յայտարարութիւնը, յորդորեց պահել զայն եւ յոյս յայտնեց, որ այդ մէկը խաղաղութեան աւելի ամուր պայմանագրի մը հիմքը հանդիսանայ։

Ռուս Ուղղափառ եկեղեցին տեղեկացուց, որ պատրաստ է նպաստելու Արցախի հիմնախնդրի խաղաղ կարգաւորման։ Մոսկուայի Պատրիարքութիւնը համոզուած է, թէ կարելի չէ թոյլ տալ, որպէսզի Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութիւնը վերածուի քրիստոնեայ-իսլամ պատերազմի մը։

Հոլանտայի Եկեղեցիներու խորհուրդը քննադատեց կրօնական եւ մշակութային ժառանգութեան ոչնչացումը։

«Միջազգային քրիստոնէական համերաշխութիւն» կազմակերպութիւնն ալ անդրադարձաւ իրադարձութիւններուն եւ յայտնեց, որ այս պատերազմը հայոց ցեղասպանութեան նոր փուլ մը նախանշելու վտանգը կը պարունակէ։

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 12, 2020