ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ ՃԱՆԱՉՄԱՆ ՀԱՄԱՐ ՑՈՅՑ

Արցախի պատերազմի մթնոլորտին մէջ Երեւանի ղեկավարութեան կողմէ փոխանցուած պատգամներուն մէջ հետզհետէ աւելի ընդգծեալ ձեւով կ՚արտայայտուի Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան միջազգային ճանաչման ակնկալութիւնը։ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան շաբաթավերջին հարցազրոյց մը տուաւ գերմանական ZDF հեռուստակայանին։ «Արցախի կարգավիճակի ճանաչումը այս իրավիճակէն ելք կրնայ դառնալ», ըսաւ ան եւ աւելցուց, որ Արցախի ժողովուրդը ցեղասպանութեան սպառնալիքի դէմ յանդիման կը գտնուի։ Հայկական կողմը ներկայիս Արցախի ճանաչումը կ՚ընկալէ՝ որպէս անվտանգութեան երաշխիք։ Նիկոլ Փաշինեան ընկերային ցանցերու վրայ ալ շաբաթավերջին հանդէս եկաւ գրառումով մը, որով նշեց, թէ Արցախը պէտք է դառնայ համաշխարհային արդարութեան խորհրդանշան մը։ Ըստ իրեն, Արցախի ինքնորոշման հարցը համաշխարհային շարժումի մը պէտք է վերածուի՝ միաւորելով ժողովուրդներն ու կազմակերպութիւնները։

Յայտարարութիւններու եւ գրառումներու կողքին, Արցախի ինքնորոշման հարցը շաբաթավերջին Նիկոլ Փաշինեանի կողմէ օրակարգի վրայ բերուեցաւ նաեւ՝ Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքելի հետ տեղի ունեցած հեռախօսազրոյցին ժամանակ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Փաշինեան տեղեկութիւններ փոխանցեց Ատրպէյճանի կողմէ հրադադարի խախտումներուն կապակցութեամբ։ Իր կարգին, Գերմանիոյ շանսէօլիէն խախտումներուն կապակցութեամբ յայտնեց խոր մտահոգութիւն։ Հարկ է յիշեցնել, որ Փաշինեան Արցախի ճանաչման ակնկալութիւնը անցեալ շաբաթ յանձնած էր նաեւ Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Էմմանիւէլ Մաքրոնի նկատառման։

Իր կարգին, Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեանն ալ շաբաթավերջին խօսեցաւ նոյն նիւթին շուրջ։ Մոսկուայի մէջ ձեռք բերուած հրադադարի համաձայնութենէն վերջ Մնացականեան ընդգծեց, որ ցայսօր ապրուածները ամբողջովին արդարացուցած են Արցախի ժողովուրդի ֆիզիքական անվտանգութեան վերաբերեալ մտահոգութիւնները։ «Խաղաղ բանակցութիւններու գործընթացին մէջ մեզի համար առաջնայինը եղած է եւ կը մնայ մեր հայրենակիցներու անվտանգութեան գերակայութիւնը եւ մեզի համար առանձնայատուկ նշանակութիւն ունի իրենց ինքնորոշման իրաւունքի արտայայտման ճանաչումը եւ իրականացումը», ըսաւ Մնացականեան։ Բաց աստի, հակառակ հրադադարին Ստեփանակերտի վրայ շարունակուող ռմբակոծումներուն անդրադառնալով՝ նախարարը «զզուելի բռնութիւն» որակեց դէպքերը։

Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահ Արարատ Միրզոյեանն ալ շաբաթավերջին խօսեցաւ նոյն նիւթին շուրջ։ Ըստ իրեն, Լեռնային Ղարաբաղի միջազգային ճանաչումը արցախահայութեան անվտանգութեան ապահովման միակ ճանապարհն է։

Արցախի ղեկավար Արայիկ Յարութիւնեանն ալ շաբաթավերջին սարքած մամլոյ ասուլիսին ժամանակ կանգ առաւ նոյն նիւթին վրայ։ Ըստ իրեն, յայտարարուած հրադադարի մթնոլորտին մէջ, յառաջիկայ օրերու ընթացքին, Ատրպէյճանի վարքագիծէն կախուած՝ Արցախ կրնայ Հայաստանին եւ այլ երկիրներու դիմել՝ իր անկախութեան ճանաչման կոչով։

Միւս կողմէ, շաբաթավերջին Երեւանի մէջ ալ տեղի ունեցան զանազան ցոյցեր, որոնց մասնակիցները պահանջեցին Արցախի անկախութեան ճանաչումը։

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 12, 2020