ԻՍՐԱՅԷԼԻ ՄԷՋ ՄՏԱՒՈՐԱԿԱՆՆԵՐ ՀԱՆԴԷՍ ԵԿԱՆ ԿՈՉՈՎ ՄԸ

Արցախի պատերազմի մթնոլորտին մէջ յաճախ օրակարգի վրայ կու գայ Իսրայէլի կողմէ Ատրպէյճանի ի նպաստ աջակցութիւնը՝ զէնք ու զինամթերքի մատակարարման միջոցաւ։ Երեւան պաշտօնապէս ամենաբարձր մակարդակի վրայ այս կապակցութեամբ անհանգստութիւն յայտնած է։ Իսրայէլի մօտ Հայաստանի դեսպանը խորհրդակցութիւններու համար ետ կանչուած է Երեւան։ Հայաստանի հրէական համայնքն ալ բողոքի ձայն բարձրացուցած է։ Երկրի հրէական համայնքի ղեկավարը՝ Ռիմա Վարժապետեան այս կապակցութեամբ նամակներ ուղարկած է Իսրայէլի նախագահին, խորհրդարանի նախագահին ու վարչապետին՝ կոչ ուղղելով դադրեցնել զէնքի վաճառքը դէպի Ատրպէյճան եւ նպաստել տարածքաշրջանէ ներս խաղաղութեան հաստատման։

Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութիւնն ալ արձագանգած էր այդ ցաւալի իրավիճակին։ Շաբաթավերջին, Արցախի ղեկավար Արայիկ Յարութիւնեան մամլոյ ասուլիսի ժամանակ անդրադարձաւ այս հարցին։ Ըստ իրեն, Իսրայէլ կը գիտակցի, թէ իր կողմէ Ատրպէյճան արտածուած զէնք ու զինամթերքը՝ մանաւանդ անօդաչու թռչող սարքերը պաշտպանութեան նպատակներով չեն օգտագործուիր եւ ի գործ կը դրուին խաղաղ բնակչութեան դէմ։ «Այս ցեղասպանութեան համար պատասխանատու է նաեւ Իսրայէլ», ըսաւ ան։

Երէկ, Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութեան ներկայացուցիչ Արծրուն Յովհաննիսեան եւս անդրադարձաւ այս հարցին։ Հայկական միասնական տեղեկատուութեան կեդրոնին մէջ սարքած մամլոյ ասուլիսին ժամանակ ան յայտնեց, որ այս պահուն ալ Թուրքիայէն եւ Իսրայէլէն դէպի Ատրպէյճան անօդաչու թռչող սարքերու առաքումները կը շարունակուին՝ մարդասիրական բեռի քօղին տակ։

Ստեղծուած բաւական ծանր մթնոլորտին մէջ, շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ ուշագրաւ իրադարձութիւն մը։ Իսրայէլի մէջ խումբ մը մտաւորականներ հանդէս եկան երկրի կառավարութեան ուղղեալ յայտարարութիւնով մը։ Հրեայ մտաւորականներ բաց նամակով մը խոր մտահոգութիւն յայտնեցին վերջին տարիներուն Իսրայէլի կողմէ դէպի Ատրպէյճան զէնքի վաճառքի կապակցութեամբ։ Արդարեւ, Իսրայէլի մէջ արտադրուած զէնքը պատկառելի տոկոս կը կազմէ Ատրպէյճանի զանգուածային սպառազինութեան ամբողջին մէջ։ «Մենք Իսրայէլի կառավարութեան կոչ կ՚ուղղենք անյապաղ դադրեցնել Ատրպէյճանի համար զէնքի վաճառքը՝ մինչեւ կառավարութեան եւ խորհրդարանի կողմէ այս հարցի քննարկումը։ Զէնքի վաճառքի ռէէլ-փոլիթիք ապագայ շահերը չեն կրնար ըլլալ արտաքին քաղաքականութեան միակ գործօնը։ Բնականաբար, հարց կը ծագի Իսրայէլի դերի մասին՝ սպառազինութեան սրուած գործընթացին հետ կապուած՝ ուղղուած ըստ էութեան այն ժողովուրդին դէմ, որ հրեայ ժողովուրդի նման 20-րդ դարուն ենթարկուեցաւ ցեղասպանութեան յարձակումներու։ Մենք կոչ կ՚ուղղենք իսրայէլացիներուն բարձրաձայնել իրենց ձայնը այս կարեւոր խնդրին շուրջ», նշուած է բաց նամակին մէջ։

«Ազատութիւն» ռատիօկայանի հաղորդումներով, Իսրայէլի մէջ անհանգստութեան պատճառ դարձած է նաեւ՝ Արցախի ներկայ պատերազմի շրջանին Ատրպէյճանի բանակի շարքերուն մէջ՝ որպէս վարձկաններ, Սուրիայէն զինեալ ծայրայեղականներու ընդ-գըրկուած ըլլալը։

Իսրայէլի մէջ մտաւորականներու կողմէ կատարուած այս յայտարարութեան արձագանգեց Հայաստանի առաջին նախագահ Լեւոն Տէր-Պետրոսեան՝ մեծ արժէք վերագրելով այս երեւոյթին։ Ըստ Տէր-Պետրոսեանի, սոյն յայտարարութիւնը յոյս կը ներշնչէ, թէ Իսրայէլի հասարակութիւնը ոտքի կանգնելով վերջապէս սեփական կառավարութիւնը կը ստիպէ ներողութիւն խնդրել հայ ժողովուրդէն եւ «հրաժարիլ իր որդեգրած ամօթաբեր ու անմարդկային դիրքորոշումէն»։

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 12, 2020