ԱՇԽԱՏԱՆՔԱՅԻՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան այսօր աշխատանքային այցելութիւն մը կու տայ Մոսկուա, ուր կը տեսակցի Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, անոնք կը քննարկեն Երեւան-Մոսկուա դաշնակցային յարաբերութիւններու օրակարգային հարցերը, ինչպէս նաեւ կ՚անդրադառնան համարկման միաւորումներու ապագայ համագործակցութեան վերաբերեալ խնդիրներու։

Փաշինեան եւ Փութին ուշադրութիւն կը կեդրոնացնեն նաեւ Հարաւային Կովկասէ ներս կայունութեան ամրապնդման, տարածքաշրջանի տնտեսական կապերու վերականգնման ապագայ հաւանական քայլերուն եւ այս ուղղութեամբ զարգացումներուն վրայ։ Այս բոլորը կը քննարկուին 9 նոյեմբեր 2020 եւ 11 յունուար 2021 թուականներուն Հայաստան-Ռուսաստան-Ատրպէյճան առանցքին վրայ ձեռք բերուած համաձայնութիւններու լոյսին տակ։  Մոսկուա մեկնելէ անմիջապէս առաջ Նիկոլ Փաշինեան Երեւանի մէջ հիւրընկալած էր Վրաստանի վարչապետ Իրակլի Ղարիպաշվիլին։

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 12, 2021