ԱՌՈՂՋԱՊԱՀԱԿԱՆ ԱՆՎՏԱՆԳՈՒԹԻՒՆ

«Աւրորա» մարդասիրական նախաձեռնութեան կողմէ Վենետիկի մէջ շաբաթավերջին կազմակերպուած ձեռնարկներու շարքի արձագանգները կը շարունակուին։ Այս ամբողջին մէջ առանձնացաւ «Առողջապահական անվտանգութիւն. քորոնաժահրի համավարակի մարդասիրական մարտահրաւէրները» խորագրեալ քննարկումը, որ մաս կազմեց «Aurora Dialogues»ի շարքին։ Ինչպէս շաբաթավերջի միւս ձեռնարկները, այս մէկը եւս յատկանշական վայրի մը մէջ կազմակերպուեցաւ։ Արդարեւ, քննարկումները ծաւալուեցան Մխիթարեան միաբանութեան երբեմնի Մուրատ-Ռափայէլեան վարժարանի գլխաւոր դահլիճի երդիքին տակ։

Այս քննարկման ընթացքին բանախօսները անդրադարձան համավարակի եւ աղէտի ռիսքի գործօններուն, որոնց շարքին դասուեցան միջազգային համերաշխութեան պակասը, աղքատութիւնը, հակամարտութիւններու թիւի աճը։ Զեկուցողները քննարկեցին նաեւ քորոնաժահրի համաճարակէն քաղուած դասերն ու ապագայ հաւանական համավարակներու կանխարգիլման վերաբերեալ խնդիրները։

Քննարկման բանախօսներն էին «Աւրորա» մարդասիրական նախաձեռնութեան համահիմնադիրներէն Նուպար Աֆէեան եւ Ռուբէն Վարդանեան, համանուն մրցանակի դատակազմի նախագահ լորտ Արա Տարզի, դատակազմի անդամուհիներէն Իրլանտայի նախկին նախագահ ու ՄԱԿ-ի մարդու իրաւանց հարցերով նախկին գերագոյն յանձնակատար Մերի Ռապինսըն, նոյնպէս դատակազմի անդամուհիներէն, Նոպելի դափնեկիր Լէյմա Կպովէ, ինչպէս նաեւ «Աւրորա»ի այս տարուայ հերոսներէն բժիշկ ու մարդաբան Փոլ Ֆարմըր։

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 12, 2021