ԲԱԺԱԿԸ ՅՈՐԴԱԾ

Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան յայտարարեց, որ Սուրիոյ հիւսիսէն Թուրքիա ուղղուած յարձակումները բաժակը յորդեցուցած են։

Երէկ, Անգարայի մէջ, Պեշթեփէի համալիրէն ներս տեղի ունեցաւ Նախարարաց խորհուրդի ժողովը, որ տեւեց երեք ժամ։ Նիստը գլխաւորելէ վերջ նախագահ Էրտողան հանդէս եկաւ յայտարարութիւններով, որոնց ընթացքին մասնաւորապէս անդրադարձաւ Սուրիոյ հիւսիսին Թուրքիոյ անվտանգութեան ուժերուն դէմ կատարուած յարձակումներուն եւ Թուրքիոյ տարածքին ուղղուած սադրանքներուն։ «Մեր ոստիկաններուն ուղղեալ վերջին յարձակումները այլեւս բաժակը յորդեցուցած են։ Ամենակարճ ժամանակի ընթացքին անհրաժեշտ քայլերը պիտի առնենք։ Այլեւս մեր համբերութիւնը հատած է», ըսաւ նախագահը։

Իր խօսքով, ամենակարճ ժամանակի ընթացքին առկայ խնդիրներու լուծման համար անհրաժեշտ քայլերը պիտի առնուին։ Սուրիայէն Թուրքիոյ դէմ ուղղուած այդ յարձակումներու ակի բնոյթով վայրերու նիւթին շուրջ այլեւս համբերութիւն չէ մնացած։ «Վճռական ենք սպառնալիքները չէզոքացնելու համար կա՛մ այդ վայրերու ազդու ուժերուն հետ եւ կամ մեր սեփական հնարաւորութիւններով», ըսաւ Էրտողան։

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 12, 2021