ՊԵԼԿՐԱՏԻ ՄԷՋ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու վերջին օրերուն այցելեց Պելկրատ, ուր մասնակցեցաւ Չմիաւորման շարժման հիմնադրութեան 60-ամեակի բարձր մակարդակի յոբելենական հանդիպման։ Սերպիոյ մայրաքաղաքին մէջ նախարարը ունեցաւ նաեւ երկկողմանի շփումներ։ Այս ծիրէն ներս Մեւլիւտ Չավուշօղլու տեսակցեցաւ Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի եւ Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովի հետ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Չավուշօղլու եւ Լաւրով անդրադարձան մօտաւոր անցեալին Սոչիի մէջ Հանրապետութեան նախագահ Էրտողանի եւ Ռուսաստանի նախագահ Փութինի միջեւ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններու կատարման ընթացքին։

Չավուշօղլու Պայրամովի հետ ալ աչքէ անցուց երկկողմանի յարաբերութիւններու ընթացքը։ Նախարարները կանգ առին յառաջիկայ 12 նոյեմբերին Իսթանպուլի մէջ նախատեսուած Թրքական խորհուրդի գագաթաժողովի նախապատրաստական աշխատանքներուն վրայ։ Պաքուի աղբիւրներն ալ հաղորդեցին, որ Չավուշօղլու եւ Պայրամով քննարկած են նաեւ տարածքաշրջանային բնոյթով հարցեր։

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 12, 2021