ՔՐԻՍՏՈՆԷԱԿԱՆ ԲՆՕՐՐԱՆ

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան երէկ Վատիկանի մէջ հիւրընկալուեցաւ Հռոմէական Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ Քահանայապետ Ֆրանսիսքոս Ա. Սրբազան Պապին կողմէ։ Հարկ է նշել, որ Արմէն Սարգսեան վերջին օրերուն պաշտօնական այցելութիւն մը տուաւ Հռոմ, ուրկէ Վենետիկ անցնելով մասնակցեցաւ «Աւրորա»ի տարեկան մրցանակաբաշխութեան։ Այս բոլորէն վերջ սկսաւ իր պաշտօնական այցելութիւնը՝ դէպի Սուրբ Աթոռ։ Այս ծիրէն ներս ան բարձր մակարդակի շփումներ ունեցաւ Վատիկանի մէջ։ Հիմնական հանդիպումը Սրբազան Պապին հետ երէկ տեղի ունեցած զրոյցն էր՝ Վատիկանի Առաքելական պալատէն ներս։ Հարկ է յիշեցնել, որ Արմէն Սարգսեան եղած է Սուրբ Աթոռի մօտ հաւատարմագրուած Հայաստանի առաջին դեսպանը։

Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, երէկուան զրոյցի ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին։ Արմէն Սարգսեան ընդգծեց, որ Արցախի հարցը մարդու իրաւունքներու հարց մըն է, հայ ժողովուրդի՝ իր հինաւուրց քրիստոնէական բնօրրանէն ներս գոյատեւման, արարման վերաբերեալ, իր ինքնորոշման անքակտելի իրաւունքը իրացնելու պահանջով հանդերձ։

Նախագահ Սարգսեանի Վատիկանի զրուցակիցներու շարքին էր նաեւ Սուրբ Աթոռի Պետական քարտուղար Կարտինալ Փիէթրօ Փարոլին։

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 12, 2021