ԱՊԱԳԱՅԻ ԴԱՍԵՐ

Առաջին աշխարհամարտի աւարտը բնորոշած՝ 1918 թուականին Փարիզի մէջ կնքուած զինադադարի 100-ամեակը շաբաթավերջին մեծ շուքով նշուեցաւ միջազգային ընտանիքին կողմէ։ Այս առթիւ Փարիզի մէջ տեղի ունեցան փառաշուք արարողութիւններ։ Աշխարհի բազմատասնեակ երկիրներու, նաեւ միջազգային կազմակերպութիւններու ղեկավարներ այս առթիւ ժամադրուած էին Փարիզի մէջ՝ Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Էմմանիւէլ Մաքրոնի հրաւէրին ընդառաջ։ Արարողութիւններուն մասնակցեցան նաեւ Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան եւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան։ Մեծ պատերազմէն հարիւր տարի անց արդէն ապագայի համապատասխան դասերուն վրայ կեդրոնացած էր բոլորին ուշադրութիւնը։

Շաբաթավերջի Փարիզի տօնակատարութիւնները սկսան՝ Օրսէի թանգարանին մէջ։ «Փիքասօ. կապոյտ եւ վարդագոյն» խորագրեալ ցուցահանդէսը շրջեցան յոբելեանին մասնակից ղեկավարները, որոնց ի պատիւ ընթրիք մըն ալ սարքուեցաւ Մաքրոնի տանտիրութեամբ։ Շաբաթ երեկոյեան տեղի ունեցած այս փուլէն վերջ, երէկ առաւօտ իսկապէս անմոռանալի հանդիսութիւն մը տեղի ունեցաւ Փարիզի Յաղթանակի կամարին շուրջ։ Ղեկավարները Էլիզէի պալատին մէջ պաշտօնապէս դիմաւորուեցան Մաքրոնի կողմէ, ապա առաջնորդուեցան «Էթուալ-Շարլ տը Կոլ» հրապարակը, ուր կը գտնուի Յաղթանակի կամարը։ Երիտասարդներ հանդէս եկան զանազան լեզուներով պատգամներով, ինչ որ իսկապէս յուզիչ էր։ Նախագահ Մաքրոն ճառ մը խօսեցաւ՝ շուրջ քսան վայրկեան։ Քաղաքական հարցերու առընթեր, ան անդրադարձաւ կլիմայի փոփոխութեան նիւթին։ Յուշարձանի կրակը հրահ-րըւեցաւ Մաքրոնի եւ երիտասարդներու կողմէ։ Եւրոպայի երիտասարդաց նուագախումբն ալ հանդէս եկաւ խորապէս տպաւորիչ կատարումներով։ Զինուորական արարողութենէն վերջ, կէսօրուան պաշտօնական ճաշ մըն ալ սարքուեցաւ՝ ի պատիւ մասնակից ղեկավարներուն։

Նոյնպէս երէկ տեղի ունեցաւ նաեւ «Փարիզի խաղաղութեան համաժողով»ը։ Բազմաթիւ ղեկավարներ հանդէս եկան ելոյթներով։ Այս փուլին Նիկոլ Փաշինեան ըսաւ. «Մենք չենք կրնար փոխել պատմութիւնը, սակայն պատմութիւնը կրնայ փոխել մեզ՝ որպէսզի մեր ապագան աւելի լաւ դառնայ»։

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 12, 2018