ՄՈՍԿՈՒԱ ՊԱՏՐԱՍՏԱԿԱՄ

Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով պաշտօնական այցելութիւն մը տուաւ Երեւան, ուր վերջին օրերուն հիւրընկալուեցաւ ամենաբարձր մակարդակի վրայ։ Ռուս նախարարը հանդիպումներ ունեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանի, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեանի հետ։ Սերկէյ Լաւրով յարգանքի այցելութիւն մըն ալ տուաւ Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիրը։ Երեւանի պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, բանակցութիւններու ընթացքին օրակարգի վրայ եկան թէ՛ երկկողմանի եւ թէ բազմակողմանի համագործակցութեան զանազան երեսակները։

«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Զօհրապ Մնացականեան եւ Սերկէյ Լաւրով Երեւանի մէջ սարքեցին նաեւ համատեղ մամլոյ ասուլիս մը։ Այս մամլոյ ասուլիսի ընթացքին օրակարգի վրայ եկան նաեւ Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւնները։ Սերկէյ Լաւրով ընդգծեց, որ Ռուսաստան պատրաստ է նպաստել Հայաստանի եւ Թուրքիոյ յարաբերութիւններու կարգաւորման։

«Մենք չենք խօսիր մերձեցման մը, ջերմացման մը մասին։ Մենք ունինք հարեւաններ, որոնք պատմութեան, աշխարհագրութեան կողմէ տրուած են։ Մենք յարաբերութիւններ կը զարգացնենք բոլորին հետ եւ անոնցմէ իւրաքանչիւրին հետ։ Սա ստոյգ է ՀԱՊԿ-ի, ԱՊՀ-ի, Եւրոասիոյ տնտեսական միութեան մեր բոլոր գործընկերներուն առումով. այնպիսի երկիրներու առումով. ինչպէս՝ Թուրքիա, Իրան, Արեւելա-եւրոպական երկիրներ։ Մենք կը ցանկանք բոլորի հետ բնականոն յարաբերութիւններ ունենալ։ Եւ մենք ամէն կերպով կ՚աջակցինք Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ գոյութիւն ունեցող խնդիրներու յաղթահարման։ 2010 թուականին մենք ամենաաշխոյժ կերպով նպաստեցինք Ցիւրիխի արձանագրութիւններու ստորագրման։ Թէեւ նախազգուշացուցած էինք նաեւ շատ չտարածուիլ այդ գաղափարով եւ յատկապէս այն հաշուարկներով, թէ անոնք կրնան ուժի մէջ մտնել անկախ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորումէն», ըսաւ Սերկէյ Լաւրով եւ ափսոսանք յայտնեց Ցիւրիխի արձանագրութիւններու ճակատագրին համար։

Երեւանի մէջ ռուս նախարարը ընդգծեց, որ իրենք կը շարունակեն պատրաստ ըլլալ։ Ռուսական կողմին համար անհրաժեշտ է երկու երկիրներու շահագրգռութիւնը։ «Մենք պատրաստ ենք մեր հնարաւորութիւնները օգտագործել այն նպատակով, որ յառաջ մղենք Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորումը։ Մենք բացարձակապէս որեւէ հիմք չենք տեսներ ենթադրելու, որ այս երկիրներու միջեւ պատերազմ մը սկսի եւ ամէն պարագայի մեր ամբողջ քաղաքականութիւնը ուղղուած է այստեղ խաղաղութեան, համագոյակցութեան եւ փոխշահաւէտ համագործակցութեան հասնելու», ըսաւ Սերկէյ Լաւրով։

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 12, 2019