ՓԱՐԻԶԻ ՄԷՋ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄՆԵՐ

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան եւ կողակիցը՝ Աննա Յակոբեան երէկ աշխատանքային այցելութեամբ մեկնեցան Փարիզ։ Նիկոլ Փաշինեան մասնակցութիւն կը բերէ Փարիզի Խաղաղութեան 2-րդ համաժողովին եւ ԻՒՆԷՍՔՕ-ի 40-րդ ընդհանուր վեհաժողովին։ Երէկ երեկոյեան, Նիկոլ Փաշինեան Էլիզէի պալատին մէջ էր։ Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Էմմանիւէլ Մաքրոնի կողմէ կազմակերպուած պաշտօնական ընթրիքին մասնակցութիւն բերաւ Հայաստանի վարչապետը։ Այդ ընթրիքին հրաւիրուած էին Փարիզի Խաղաղութեան 2-րդ համաժողովին մասնակից պետութիւններու կամ կառավարութիւններու ղեկավարները։ Էլիզէի պալատէն ներս Նիկոլ Փաշինեան դիմաւորուեցաւ Էմմանիւէլ Մաքրոնի կողմէ։ Այս պաշտօնական ընդունելութեան մասնակիցներու շարքին էին ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութերես, Եւրոյանձնաժողովի նախագահ Ուրսուլա ֆոն տեր Լայէն, ԻՒՆԷՍՔՕ-ի ընդհանուր տնօրէն Օտրի Ազուլէ, Ֆրանսախօսութեան միջազգային կազմակերպութեան ընդհանուր քարտուղար Լուիզ Մուշիքիվապօ եւ այլ բարձրաստիճան հիւրեր։ Այսօր Նիկոլ Փաշինեան կը մասնակցի Փարիզի Խաղաղութեան 2-րդ համաժողովի բացման եւ այդ շրջանակներէն ներս նախատեսուած թեմաթիկ քննարկման, որու ընթացքին հանդէս կու գայ ելոյթով։ Փաշինեանի կողմէ Փարիզի Խաղաղութեան համաժողովի գրադարանին խորհրդանշական նուէր մըն ալ կը յանձնուի։

Փարիզի մէջ կեցութեան ընթացքին Փաշինեան կ՚այցելէ Ֆրանսախօսութեան միջազգային կազմակերպութեան գրասենեակը, ուր հանդիպում մը կ՚ունենայ ընդհանուր քարտուղար Լուիզ Մուշիքիվապոյի հետ։

Փարիզի մէջ նախատեսուած է նաեւ Նիկոլ Փաշինեանի այցելութիւնը ԻՒՆԷՍՔՕ-ի կեդրոնակայան, ուր ան մասնակցութիւն կը բերէ կազմակերպութեան 40-րդ ընդհանուր վեհաժողովի աշխատանքներուն։ Այս հաւաքի թեմաթիկ քննարկման ընթացքին եւս նախատեսուած է Նիկոլ Փաշինեանի ելոյթը։ Փաշինեան առանձին հանդիպում մըն ալ կ՚ունենայ ԻՒՆԷՍՔՕ-ի ընդհանուր քարտուղար Օտրի Ազուլէի հետ եւ հարցազրոյց մը կու տայ կազմակերպութեան մամլոյ ծառայութեան։

Այցելութեան ծիրէն ներս նախատեսուած է Նիկոլ Փաշինեանի հանդիպումը ֆրանսահայ համայնքի հոգեւոր եւ աշխարհիկ կառոյցներու ղեկավարներուն հետ։ Ֆրանսահայ համայնքին կողմէ այսօր պաշտօնական ընդունելութիւն մը կազմակերպուած է ի պատիւ Հայաստանի վարչապետին։ Հաւաքոյթի ընթացքին նախատեսուած է նաեւ Նիկոլ Փաշինեանի ելոյթը։

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 12, 2019