ԵԱՀԿ-Ի ՄԻՆՍՔԵԱՆ ԽՄԲԱԿԻ ՀԱՄԱՆԱԽԱԳԱՀՆԵՐԸ ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆՈՎ ՄԸ ՀԱՆԴԷՍ ԵԿԱՆ ՓԱՐԻԶԻ ՎԵՐՋԻՆ ՇՓՈՒՄՆԵՐՈՒ ԼՈՅՍԻՆ ՏԱԿ

ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահները երէկ հանդէս եկան յայտարարութիւնով մը՝ Փարիզի վերջին օրերու շփումներու լոյսին տակ։ Եռանախագահները՝ Էնտրու Շեֆըր (Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ), Իկոր Խովաեւ (Ռուսաստան) եւ Պորիս Ռոքֆէյ (Ֆրանսա) վերջին օրերուն Փարիզի մէջ առանձին հանդիպումներ ունեցած էին Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի եւ Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովի հետ։ Բաց աստի, Ֆրանսայի Արտաքին գործոց նախարար Ժան-Իվ լը Տրիան Միրզոյեանն ու Պայրամովը մէկտեղած էր՝ ներկայութեամբ համանախագահներուն եւ ԵԱՀԿ-ի շրջանային նախագահի յատուկ ներկայացուցիչ Անճէյ Կասպրչիկի։ Պաշտօնական աղբիւրները շեշտած են, որ համանախագահները եւ նախարարները շարունակած են անցեալ սեպտեմբերին Նիւ Եորքի մէջ սկսած քննարկումները՝ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ լարուածութեան նուազեցման ուղղութեամբ հաւանական շարք մը միջոցառումներու եւ այդ գործընթացի ապագայ հաւանական քայլերուն վերաբերեալ։ Նոյն ամբողջին մաս կը կազմեն այս ձեւաչափով ապագայ հաւանական հանդիպումները եւ համանախագահներու կողմէ առաջարկուած այցելութիւնը՝ դէպի հակամարտութեան տարածաշրջան։

Միջնորդներուն կողմէ երէկ հրապարակուած յայտարարութեան մէջ մատնանշուած է, որ համանախագահները նախարարներուն հետ քննարկած են Արցախի 44-օրեայ պատերազմին վերջ տուած հրադադարով սահմանուած պարտաւորութիւններու կատարման ընթացքը։

«Համանախագահները վերահաստատած են մարդասիրական հարցերու մէջ յառաջընթացի հասնելու կարեւորութիւնը, ներառեալ՝ ականազերծման, անհետ կորսուածներու, պատանդներու, տեղահանեալներու կամաւոր վերադարձի եւ պատմական ու մշակութային վայրերու պաշտպանութեան հարցերը։ Անոնք կողմերուն կոչ ուղղած են ապահովել միջազգային մարդասիրական կազմակերպութիւններու անխոչընդոտ մուտքը։ Համանախագահները նաեւ ընդգծած են սադրիչ հռետորաբանութենէ եւ սադրիչ գործողութիւններէ խուսափելու կարեւորութիւնը», նշուած է ԵԱՀԿ-ի պաշտօնական կայքէջին վրայ։

Միջնորդները տեղեկացուցած են, որ վերջերս Փարիզի մէջ տեսակցած են Ֆրանսայի Արտաքին գործոց նախարարութեան եւ Էլիզէի պալատի ներկայացուցիչներուն հետ՝ քննարկելու համար անոնց ընթացիկ ջանքերը, որոնք ուղղուած են Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի վերաբերեալ կամ անկէ բխած մնացեալ բոլոր հարցերուն համապարփակ լուծումներ գտնելու՝ իրենց լիազօրութեան շրջանակներէն ներս։

Միւս կողմէ, Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութիւնն ալ երէկ մանրամասնութիւններ հաղորդեց Արարատ Միրզոյեանի եւ միջնորդներուն միջեւ Փարիզի մէջ տեղի ունեցած վերջին տեսակցութեան շուրջ։ Այս առթիւ քննարկուած է կարգաւորման վերաբերեալ հարցերու լայն շրջանակ մը։ Միրզոյեան կրկնած է Երեւանի մօտեցումը, ըստ որու համապարփակ ու տեւական լուծման հնարաւոր է հասնիլ միայն խաղաղ ճանապարհով, ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահութեան լիազօրութեան ներքեւ։ Միրզոյեան շեշտած է գերիներու եւ պատանդներու շուտափոյթ վերադարձի անհրաժեշտութիւնը։ Նախարարը արձանագրած է համանախագահներու՝ տարածաշրջան այցելութեան կարեւորութիւնը, իրավիճակին տեղւոյն վրայ ծանօթանալու համատեսքին մէջ։

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 12, 2021