ԹՐՔԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ 8-ՐԴ ԳԱԳԱԹԸ

Այսօր, Իսթանպուլի մէջ տեղի կ՚ունենայ Թրքական խորհուրդի 8-րդ գագաթաժողովը։ Այսպէս, Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանի տանտիրութեամբ կը համախմբուին Թրքախօս երկիրներու համագործակցութեան խորհուրդի մասնակից պետութիւններու ղեկավարները։ «Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, «Կանաչ փորձագիտութիւններ եւ թուային դարուն բանիմաց քաղաքներ» կարգախօսով կազմակերպուած գագաթաժողովը տեղի կ՚ունենայ նախկին Եասսըատայի մէջ, որ այժմ վերանուանուած է «Ժողովրդավարութեան եւ ազատութիւններու կղզի»։

Նախագահ Էրտողանին առընթեր գագաթաժողովին կը մասնակցին Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ, Ղազախիստանի նախագահ Քասըմ Ճէօմերթ Թոքաեւ, Խրղըզիստանի նախագահ Սատըր Ճափարով, Էօզպեքիստանի նախագահ Շեւքէթ Միրզոյեւ եւ դիտորդ երկիր Հունգարիոյ վարչապետը՝ Վիքթոր Օրպան։ Առաջին անգամ դիտորդ երկրի ղեկավարի կարգավիճակով այս գագաթաժողովին կը մասնակցի նաեւ Թիւրքմենիստանի նախագահ Կուրպանկուլու Պերտիմուհամմէտով։

Գագաթաժողովին ժամանակ վերոյիշեալ կառոյցը պիտի վերանուանուի որպէս՝ Թրքական պետութիւններու կազմակերպութիւն։ Յառաջիկայ 20 տարիներուն ուղղեալ տեսլականի փաստաթուղթի մը ընդունուիլը կը նախատեսուի, նաեւ որոշումներ կ՚առնուին կառոյցի ընդհանուր գործունէութեան եւ ապագայի շուրջ։ Ղեկավարները կանգ կ՚առնեն զանազան հարցերու վրայ, որոնք կը նախատեսեն եղբայրական այս երկիրներու համագործակցութիւնը զարգացնել բոլոր ուղղութիւններով։

Գագաթաժողովի ծիրէն ներս նախատեսուած են նաեւ նախագահ Էրտողանի երկկողմանի հանդիպումները զանազան պաշտօնակիցներուն հետ։

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 12, 2021