ԽԱՅՏԱՌԱԿ ԶԻՋՈՒՄՆԵՐ

Արցախի երկրորդ պատերազմին վերջ տուած հրադադարի առաջին տարելիցին զուգահեռ հայկական քաղաքական աշխարհէն ներս նոր ալեկոծում մը սկսած է։ Հրադադարի յաջորդած ժամանակաշրջանին Երեւանի իշխանութիւններուն կողմէ առնուած քայլերը, մեղմ խօսքով, միանշանակ վերաբերմունքի չեն արժանանար։ Հասկնալի է, որ պարտութեան պայմաններուն ներքեւ ընթացքը այնքան ալ բաղձալի պիտի չըլլար, սակայն, ընդդիմութիւնը վաղուց ահազանգ կը հնչեցնէ նաեւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի իշխանութիւններուն կողմէ դրսեւորուած զանազան տկարութիւններուն համար։ Հրադադարի առաջին տարելիցին սկսած բողոքի ալիքը երէկ հրահրուեցաւ՝ Սիւնիքի մարզէն հասած լուրերով։ Գորիս-Կապան մայրուղիի կացութիւնը երկար ժամանակէ ի վեր խնդրայարոյց է եւ նախընթաց կէսգիշերին Ատրպէյճան արդէն սահմանային ու մաքսային հսկողութիւն հաստատած է այդ ճանապարհի՝ իր կողմէ վերահսկուած հատուածին վրայ։ Իշխանութիւնները վաղուց կը յայտնեն, որ այդ հատուածը Հայաստանի Հանրապետութեան սահմաններէն դուրս է։ Իսկ Ատրպէյճանի վերջին քայլը վրայ հասած է ճիշդ այն պահուն, երբ Հայաստանի պատկան մարմինները պաշտօնապէս տեղեկացուցին, թէ Գորիս-Կապան մայրուղիի այլընտրանքը արդէն պատրաստ է։

Հայաստանի խորհրդարանի գլխաւոր ընդդիմադիր ուժի՝ «Հայաստան» դաշինքի կողմէ երէկ Երեւանի կեդրոնին բողոքի ցոյց մը կազմակերպուեցաւ։ Հանրապետութեան հրապարակին վրայ, կառավարութեան շէնքին առջեւ հաւաքուեցան ցուցարարներ՝ երբ Նախարարաց խորհուրդի հերթական նիստը կ՚ընթանար, վարչապետ Փաշինեանի գլխաւորութեամբ։ Ցուցարարներու շարքին էին նաեւ ընդդիմադիր երեսփոխաններ։ Ոստիկանութիւնը ձեռք առած էր խիստ միջոցներ եւ սաստիկ ձեւով միջամտեց ցուցարարներուն, որոնցմէ քանի մը տասնեակն ալ ձերբակալուեցաւ։ «Հայաստան» ընդդիմադիր խորհրդարանական խմբակցութենէն պատգամաւոր Գեղամ Մանուկեան յայտնեց, որ բոլոր փաստերը կը վկայեն, թէ իշխանութիւնները Ատրպէյճանի հետ բանաւոր կարգով գործարքի գացած են։

Երէկ, «Հայաստան» դաշինքը յայտարարութիւնով մըն ալ հանդէս եկաւ՝ տեղեկացնելով, որ պարտութեան խորհրդանիշ դարձած իշխանութիւնը հերթական պայմանաւորուած զիջումը ըրած է։ Շեշտուած է, որ Գորիս-Կապան ճանապարհը այլեւս ամբողջութեամբ Ատրպէյճանի վերահսկողութեան տակ է։ Նախապէս կը յայտարարուէր, որ այդ ճանապարհով միշտ ազատ շարժուիլ հնարաւոր պիտի ըլլար։ Իշխանութիւնը հանրութիւնը կը խաբէր հերթական անգամ, իսկ հիմա կը յայտարարէ այլընտրանքային ճանապարհի մը մասին։ «Քանի դեռ այս վարչախումբը իշխանութեան գլուխն է, նման խայտառակ զիջումները սպասելի են ամէն օր։ Հայաստանի ինքնիշխան տարածքէն ներս հակառակորդը ոչ միայն ֆիզիքապէս ներկայ է, այլեւ կը տեղադրէ մաքսային ու սահմանային հսկողութեան կէտեր։ Վարչապետի պաշտօնը զբաղեցնողը այլեւս ոչինչ կ՚որոշէ։ Իր փոխարէն Ատրպէյճան կ՚որոշէ։ Այս իշխանութիւնը անկարող է, պիտի չդիմադրէ Ատրպէյճանին։ Բայց մենք պիտի չհամակերպուինք», նշուած է յայտարարութեան մէջ։ Բաց աստի, ընդդիմադիր ուժը ընդգծած է, որ ստեղծուած աղէտալի վիճակի այլընտրանքը պատերազմը չէ՝ ինչպէս կը փորձուի ներկայացնել։ «Այլընտրանքը արժանապատիւ խաղաղութիւնն է, ազգային-պետական շահը պաշտպանող նոր իշխանութեան ձեւաւորումը։ Մենք սկզբնաւորած ենք համազգային դիմադրութիւն իշխանութեան կործանարար քաղաքականութեան դէմ», նշուած է յայտարարութեան մէջ։

Հայաստանի Մարդու իրաւանց պաշտպան Արման Թաթոյեանն ալ Գորիս-Կապան ճանապարհի վերջին իրադարձութիւններուն շուրջ հանդէս եկաւ ահազանգային յայտարարութիւններով։ Ըստ իրեն, ներկայիս դժուարացած է կապը Գորիս քաղաքի ու այլ բնակավայրերու միջեւ։ Դժուարութիւններ յառաջացած են նոյնիսկ հացի մատակարարումներու պարագային։ Պաշտպանը ընդգծեց, որ երեխաներու դպրոց յաճախելն ալ դժուարացած է ու շատ տեղեր հեռակայ ուսուցում սկսած է։

Արման Թաթոյեան հարց տուաւ նաեւ, որ հաւանական չէ՞ր՝ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ նախատեսուած սահմանազատումէն ու սահմանագծումէն վերջ այդ ճանապարհի Հայաստանի մէջ մնալը։

Արման Թաթոյեան այս առաւօտ ալ ընկերային ցանցերու միջոցաւ ահազանգ հնչեցուց, որ մարդասիրական լրջագոյն խնդիրներ յառաջ եկած են Ատրպէյճանի ապօրինի արարքներով։

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 12, 2021