ՀԵՏԱՔՆՆՈՒԹԵԱՆ ԱՌԱՋԱՐԿ

Տիարպաքըրի երեսփոխան Կարօ Փայլան երէկ Ազգային մեծ ժողովէն ներս նախաձեռնութիւնով մը հանդէս եկաւ՝ Թուրքիոյ ոչ-իսլամ փոքրամասնութիւններուն կողմէ Հանրապետական շրջանին դիմագրաւուած ցաւոտ խնդիրներէն մէկուն շուրջ։ Երէկ, Ունեւորութեան տուրքի հաստատման 79-րդ տարելիցն էր։ 11  նոյեմբեր 1942 թուականին խորհրդարանին կողմէ համապատասխան օրէնքը ընդունուած էր միաձայնութեամբ։ Ընդդիմադիր պատգամաւորը այս տարելիցի շարժառիթով խորհրդարանի դիւանին ներկայացուց առաջարկ մը։ Այսպէս, ՀՏՓ-ական Կարօ Փայլան Ազգային մեծ ժողովի նախագահութեան դիմեց, որպէսզի հետաքննութեան ձեռնարկուի Ունեւորութեան տուրքի հարցին շուրջ։ Ըստ իրեն, անցեալ 79 տարիներուն խորհրդարանը որեւէ քայլ չէ առած՝ Ունեւորութեան տուրքի հետեւանքով տուժած քաղաքացիներու կորուստները ստուգելու համար։ Ուստի, ան պահանջեց, որ Ունեւորութեան տուրքի օրէնքը պատրաստած ու գործադրած հանրային պաշտօնեաները ճշդուին, զոհերն ու կորուստները ստուգուին, տուժածներու նիւթական ու բարոյական վնասները հատուցուին։ Ան համոզուած է, որ այսպէսով անցեալի հետ առերեսում մը կ՚ապահովուի ու թէկուզ յապաղումով, արդարութիւնը հաստատուած կ՚ըլլայ։ Այս բոլորի հիման վրայ, Սահմանադրութեան 98-րդ եւ խորհրդարանի ներքին կանոնակարգի 104-րդ եւ 105-րդ յօդուածներու տրամադրութիւններուն համաձայն Կարօ Փայլան առաջարկած է ձեռնարկել խորհրդարանական հետաքննութեան։

Իր հիմնաւորումին մէջ Կարօ Փայլան ընդգծած է, որ նախկին վարչապետներէն Շիւքրիւ Սարաճօղլուի կառավարութիւնը Ունեւորութեան տուրք հաստատած է՝ «թրքական պուրժուազի» մը ստեղծելու համար։ ՀՏՓ-ական երեսփոխանը մէջբերած է նախկին վարչապետի պատճառաբանութիւնները, ըստ որոնց այդ օրէնքը ունէր յեղափոխական օրէնքի մը բնոյթը։ «Մենք դէմ յանդիման կը գտնուինք հնարաւորութեան մը, որ պիտի ապահովէ մեր տնտեսական ազատութիւնը։ Այսպէսով մեր հրապարակին գերիշխած օտարները պիտի վերանան ու թրքական հրապարակը թուրքերու ձեռքը պիտի անցնի։ Այս օրէնքը ամենայն խստութեամբ պիտի գործարկուի բոլոր անոնց դէմ, որոնք այս երկրի հիւրընկալութենէն օգտուելով հարստանալով հանդերձ, նուրբ պահուն խուսափած են իրենց պարտականութիւնը կատարելէ», մէջբերուած են Սարաճօղլուի խօսքերը Կարօ Փայլանի կողմէ՝ ցեղապաշտ արտայայտութիւններու որակումով։

Բաց աստի, երեսփոխանը շեշտած է, որ Ունեւորութեան տուրքի հարկատուներու 87 տոկոսը կազմած են քրիստոնեայ եւ հրեայ փոքրամասնութիւնները, որոնք այդ ժամանակ երկրի ընդհանուր բնակչութեան 3 տոկոսին կը համապատասխանէին։ Բ. Աշխարհամարտի չքաւորութեան տարիներուն Ունեւորութեան տուրքը յաւելեալ փլուզումի ենթարկած էր քրիստոնեայ եւ հրեայ հայրենակիցները։ Անոնք, որոնք չէին կարողացած վճարել հարկը, պարտաւորուած էին Թուրքիան լքելու, նոյնիսկ եղած էին մահացածներ։ Անոնք, որոնք հարկը վճարելու ի վիճակի չէին, ուղարկուած էին աշխատանքի ճամբարներ՝ դէպի Սիվրիհիսար (Էսքիշէհիր) եւ Աշքալէ (Էրզրում)։ Ըստ Փայլանի, ստոյգ է, որ աշխատանքային ճամբարներու մէջ 21 հոգի մահացած է։ Սա բացայայտ ազդանշան մըն է, թէ անոնք հաւասար քաղաքացիներ չեն նկատուած։ Այս անարդար ու ցաւալի կացութիւնը 13 տարի անց նոր դրսեւորում մըն ալ ունեցած է՝ 6-7 սեպտեմբեր 1955 թուականի դէպքերով։ Այս երկու իրադարձութիւններով փոքրամասնութիւնները կորսնցուցած են Թուրքիոյ մէջ հաւասար քաղաքացի ըլլալու յոյսը։ Փայլան յիշեցուցած է, որ 1914 թուականին բնակչութեան 40 տոկոսը կը կազմէին քրիստոնեաներն ու հրեաները։ 1927-ին անոնք 3 տոկոսի իջած էին, իսկ մեր օրերուն միայն 1 հազարերորդի մակարդակին վրայ են։

Հիմնաւորումին մէջ ընդդիմադիր երեսփոխանը շեշտած է, որ Ունեւորութեան տուրքը գործօն մըն է, որ պատճառ դարձած է Թուրքիոյ մէջ փոքրամասնութիւններու հաւասար քաղաքացի դասուելու յոյսի կորուստին։ Խորհրդարանը թէկուզ ուշ, սակայն պէտք է պատասխանատուութիւն ստանձնէ այս ուղղութեամբ։ Ուստի, Կարօ Փայլան առաջարկած է հետաքննութեան ձեռնարկել, որպէսզի իրաւունքի ոտնձգութիւնները ուսումնասիրուին, արդարութիւնը վերահաստատուի եւ Թուրքիոյ մէջ միասնաբար, արդարութեամբ ապրելու կամքն ու յոյսը վերակենդանանան։

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 12, 2021