ՀԻՆԳՇԱԲԹԻ, ԱՆԳԱՐԱՅԻ ՄԷՋ՝ ՀՐԱՄԱՆԱՏԱՐՆԵՐՈՒ ԵՌԱԿՈՂՄԱՆԻ ԽՈՐՀՐԴԱԿՑՈՒԹԻՒՆ

Ընդհանուր սպայակոյտի նախագահ զօրավար Հուլուսի Աքար այս շաբթուան ընթացքին Անգարայի մէջ կը հիւրընկալէ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներէն եւ Իրաքէն բարձրաստիճան հրամանատարներ։ Թուրքիա-ԱՄՆ-Իրաք առանցքին վրայ կազմակերպուած այս բարձր մակարդակի անվտանգութեան խորհրդակցութիւնը նախատեսուած է յառաջիկայ Հինգշաբթի։ Զօրավար Աքարի տանտիրութեամբ, այս խորհրդակցութեան պիտի մասնակցին ԱՄՆ-ի կեդրոնական զօրքերու հրամանատար Ճոզըֆ Վոթըլ, ԱՄՆ-ի Եւրոպայի զօրքերու հրամանատար Քէօրթիս Սքափարոթթի եւ Իրաքի Ընդհանուր սպայակոյտի նախագահ Օսման Կանինի։ Իրականութեան մէջ Վոթըլ եւ Սքափարոթթի երէկ շփումներ պիտի ունենային Անգարայի մէջ, սակայն անոնց ծրագրին մէջ եղաւ անակնկալ փոփոխութիւն մը, ուստի հանդիպումը մնաց Հինգշաբթի օրուան։

Տեղական մամուլը կը շեշտէ, որ հրամանատարներու գագաթաժողովին ընթացքին օրակարգի վրայ պիտի գայ անջատողական ահաբեկչական ՓՔՔ կազմակերպութեան Սուրիոյ շառաւիղ ՓԵՏ-ԵՓԿ-ի զօրքերուն կացութիւնը։ Զօրավար Հուլուսի Աքար հերթական անգամ յստակօրէն պիտի մատնանշէ, որ Թուրքիա անհանգիստ է ԱՄՆ-ի եւ ՓԵՏ-ի համագործակցութենէն։ Ան պիտի յիշեցնէ ԱՄՆ-ի Նախագահ Տանըլտ Թրամփի կողմէ Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողանին տուած խոստումը, որով այլեւս ՓԵՏ-ին զէնք պիտի չմատակարարուի։

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 12, 2017