ԲԱՐԵՓՈԽՈՒՄՆԵՐՈՒ ՕՐԱԿԱՐԳ

Անգարայի մէջ երէկ տեղի ունեցաւ Թուրքիա-Եւրոմիութիւն յարաբերութիւններուն տեսակէտէ կարեւոր ժողով մը։ Բարեփոխումներու խմբակի 5-րդ ժողովը առիթ հանդիսացաւ, որպէսզի Թուրքիա յստակացնէ Եւրոմիութենէն ներկայ ակնկալութիւնները եւ հանդէս գայ համապատասխան կոչով մը։ Արդարադատութեան նախարար Ապտիւլհամիտ Կիւլ, Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու, Ներքին գործոց նախարար Սիւլէյման Սոյլու եւ Ելմտական ու գանձի նախարար Պերաթ Ալպայրաք գլխաւորեցին այս ժողովը։ Արդարադատութեան նախարարութեան տանտիրութեամբ կազմակերպուած էր այս ժողովը, որու ընթացքին բազմակողմանիօրէն քննարկուեցաւ բարեփոխումներու օրակարգը։

Ժողովէն վերջ չորս նախարարները հանդէս եկան համատեղ մամլոյ ասուլիսով մը։ Այս առթիւ ընդգծուեցաւ, որ Թուրքիա Եւրոմիութենէն կ՚ակնկալէ խրախուսական վերաբերմունք մը՝ բանակցութիւններու վերսկսման ուղղութեամբ։ Անգարայի սպասումն է, որ ԵՄ իր ջանքերը խրախուսէ՝ քաղաքական, ելմտական ու թեքնիկ աջակցութեան միջոցաւ։ Բաց աստի, թրքական կողմը յարմար կը դատէ Մաքսային միութեան համաձայնութեան այժմէականացումը։

Ժողովի աւարտին հրապարակուած զեկոյցին մէջ ալ ընդգծուեցաւ, որ թէեւ Թուրքիոյ անդամակցութեան բանակցութիւններու գործընթացը կը խոչընդոտուի քաղաքական պատճառներով, սակայն Թուրքիա վճռակամութեամբ պիտի շարունակէ իր աշխատանքը՝ ԵՄ-ի չափանիշներու հետ ներդաշնակեցութեան ուղղութեամբ։

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 12, 2018