ՀԲԸՄ-Ի 90-ՐԴ ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐԸ

Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութիւնը (ՀԲԸՄ) կը պատրաստուի իր 90-րդ ընդհանուր ժողովին։ 7-9 փետրուար 2019-ին Փարիզի մէջ տեղի պիտի ունենայ ՀԲԸՄ-ի համագումարը։ 90-րդ ընդհանուր ժողովը, որ պիտի համախմբէ աշխարհատարած մասնաճիւղերու ներկայացուցիչները, միեւնոյն ժամանակ ունի յոբելենական բնոյթ։ ՀԲԸՄ-ի ղեկավարութիւնը պիտի քննարկէ կազմակերպութեան գործունէութեան յառաջիկայ ուղղութիւնները եւ մշակուած ծրագրերը։

Ընդհանուր ժողովին զուգահեռ նախատեսուած են շարք մը ընկերամշակութային ձեռնարկներ։

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 12, 2018