ՍԹՐԱԶՊՈՒՐԿԻ ՄԷՋ ԴԷՊՔ. 2 ԶՈՀ

Ֆրանսայի Սթրազպուրկ քաղաքին մէջ երէկ տեղի ունեցաւ ահաբեկչական յարձակում մը, որուն զոհ գնաց երկու հոգի։ Դէպքին հետեւանքով 13 հոգի ալ վիրաւորուեցաւ։

Ինչպէս ծանօթ է, Սթրազպուրկ քաղաքը նշանաւոր է իր Ս. Ծննդեան շուկաներով։ Քաղաքի պատմական կեդրոնի բոլոր փողոցները կը վերածուին Ս. Ծննդեան շուկայի։ Երէկուան յարձակումն ալ տեղի ունեցաւ այդ մթնոլորտին մէջ։ Ս. Ծննդեան շուկայի մերձակայ փողոցներէն մէկուն մէջ անձ մը սկսաւ կրակել անյայտ ուղղութեամբ։ Դժբախտաբար ծանր հետեւանք ունեցաւ այս յարձակումը։ 13 վիրաւորեալներէն վեցի վիճակը արդէն ծանր է։

Յարձակողը դէպքի վայրէն խոյս տալու ժամանակ թիրախը դարձաւ ֆրանսական իրաւապահ մարմիններու, որոնք ահաբեկչութեան դէմ հերթապահութիւն կը կատարէին Սթրազպուրկի մէջ։ Կասկածեալը Ֆրանսայի 29-ամեայ քաղաքացի մըն է՝ Շերիֆ Շէքքաթ, որ ուրիշ յանցագործութեան մը հետեւանքով արդէն կ՚որոնուէր։ Դէպքի հարցաքննութիւնը ստանձնած է Փարիզի հակաահաբեկչական դատախազութիւնը։ Այս հանգամանքն ալ կու գայ ապացուցանել, որ դէպքը ունի ահաբեկչական բնոյթ եւ ենթական հասարակութեան ու պետութեան անվտանգութեան տեսակէտէ լուրջ սպառնալիք մը կը համարուէր։

Յարձակումէն վերջ Սթրազպուրկի բնակիչներուն կոչ ուղղուեցաւ, որպէսզի իրենց բնակարաններէն դուրս չգան։

Ինչպէս ծանօթ է, Սթրազպուրկ Եւրոխորհրդարանի, Եւրոխորհուրդի եւ Եւրոպայի Մարդու իրաւանց ատեանի նման միջազգային կառոյցներու հիւրընկալ քաղաքն է։ Եւրոխորհրդարանի նիստին բերումով, երէկ՝ դէպքի պատահած օրը Սթրազպուրկի մէջ կը գտնուէին նաեւ եւրոպացի բազմաթիւ պատգամաւորներ եւ Եւրոյանձնաժողովի անդամներ։

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 12, 2018