ԱԶԳԸՆՏԻՐ ԳԱՀԱԿԱԼ

Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռի 85-րդ գահակալի ընտրութեան գործընթացը երէկ եզրափակուեցաւ, երբ Ազգային պատգամաւորական ժողովը պատրիարք ընտրեց Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեանը, որ վերջին ամիսներուն կը վարէր տեղապահի պաշտօն։ Ինչպէս հաղորդած էինք, Ազգային պատգամաւորական ժողովը գումարուեցաւ Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ մէջ՝ 119 անդամներով (102 աշխարհական եւ 17 հոգեւորական)։

Ժողովը սկսաւ աղօթքով։ Առժամեայ դիւանը գլխաւորեց երիցագոյն պատգամաւոր Օննիկ Նալպանտղազարօղլու։ Պատգամաւորներու փաստաթուղթերու ստուգումէն վերջ կատարուեցաւ դիւանի ընտրութիւն գաղտնի քուէարկութեամբ։ Խաչիկ Ճանէլ ընտրուեցաւ դիւանի ատենապետ, Արշակ Փոլատ եւ Տանիէլ Անթիքաճեան եղան փոխ-ատենապետներ։ Ատենադպիրի պաշտօնը ստանձնեցին Արէտ Քարապուլութ եւ Գարին Ըշըքճը։

Պատգամաւորները առաջին հերթին գաղտնի քուէարկութեամբ ընտրեցին Կրօնական ժողովի նոր կազմը։ Նոր անդամները եղան՝ Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան, Տ. Զաքէոս Ծ. Վրդ. Օհանեան, Տ. Շնորհք Աբեղայ Տօնիկեան, Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեան, Տ. Կորիւն Ա. Քհնյ. Ֆէնէրճեան, Տ. Տրդատ Քհնյ. Ուզունեան, Տ. Զաւէն Քհնյ. Պըչաքճեան, Տ. Զաքար Քհնյ. Քոփարեան եւ Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեան։

Կրօնական ժողովի պահեստի անդամ ընտրուեցան Տ. Շահէն Քհնյ. Օհանեան, Տ. Տիրան Ա. Քհնյ. Ռէիսեան եւ Տ. Մինաս Ա. Քհնյ. Ճիհանկիւլեան։

Աւելի վերջ ձեռնարկուեցաւ պատրիարքի ընտրութեան։ 119 պատգամաւորներէն 102-ը Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեանին տուաւ իր ձայնը։ 16-ը քուէարկեց ի նպաստ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանին, 1 քուէ ալ նկատուեցաւ անվաւեր։ Դիւանի ատենապետի կողմէ հռչակուեցաւ, որ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան ընտրուած է Թուրքիոյ հայոց 85-րդ պատրիարք։ «Ուրախ լեր» շարականի երգեցողութեամբ սուգի սեւ քօղը վար առնուեցաւ պատրիարքական գահուն վրայէն։ Ապա երկու հոգեւորական եւ երկու աշխարհական պատգամաւորներ կոչուեցան որպէս հիւրընկալ եւ անոնք հրաւիրեցին նորընտիր պատրիարքը յատենի ժողովոյ։ Թափօրով եկեղեցի առաջնորդուելէ վերջ ընտրեալ-պատրիարքը իր օրհնութիւնն ու առաջին պատգամը փոխանցեց Ազգային պատգամաւորական ժողովի անդամներուն եւ թրքահայ համայնքի զաւակներուն։ Աւելի վերջ ան ընդունեց շնորհաւորութիւնները։

Պատրիարքական ընտրութեան արդիւնքը տեղեկացուեցաւ պետական պատկան իշխանութիւններուն եւ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Նուիրապետական աթոռներուն։

Յետմիջօրէին նորընտիր պատրիարքը Հրաշափառի հանդիսաւոր արարողութեամբ մուտք գործեց Աթոռանիստ Մայր եկեղեցի, ուր հանդէս եկաւ հակիրճ խօսքով մը։ Պատրիարքարան վերադառնալէ վերջ ան սարքեց նաեւ մամլոյ ասուլիս մը՝ պատասխանելով զանգուածային լրատուութեան միջոցներու ներկայացուցիչներու հարցումներուն։ Կրօնական ժողովի նորընտիր անդամներուն հետ Պատրիարքարան անցնելէ վերջ, նորընտիր պատրիարքը ընդունեց իրեն զօրակցած շարք մը ազգայիններու շնորհաւորութիւնները։ Ներկայ էին նաեւ Նորին Ամենապատուութեան ծնողները։ Շնորհաւորութիւններ եւ բարեմաղթանքներ յղելու համար Գումգաբու այցելեց նաեւ Թուրքիոյ Կաթողիկէ հայոց վիճակաւոր Տ. Լեւոն Արք. Զեքիեան, որուն ընկերացաւ Հ. Վարդան Ծ. Վրդ. Գազանճեան։

Ընտրեալ-պատրիարքը իր փոխանցած առաջին պատգամներուն մէջ երախտագիտութիւն յայտնեց Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողանին, Ներքին գործոց նախարար Սիւլէյման Սոյլուին եւ Իսթանպուլի կուսակալ Ալի Երլիքայային՝ պետութեան կողմէ ցուցաբերուած դրական վերաբերմունքին ու պատրաստակամ մօտեցման համար։ Նորին Ամենապատուութիւնը Մայր եկեղեցւոյ սրբազան կամարներուն ներքեւ ըսաւ նաեւ հետեւեալը. «Միայն շնորհակալութեան չէ, այլեւ յարգանքի եւ պարտքի խօսքեր պիտի ուղղեմ դէպի Սուրբ Էջմիածին, դէպի Մայր Աթոռ՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Սրբազնագոյն Կաթողիկոսին։ Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի Աթոռը մեր ազգի միութեան, եղբայրութեան խորհրդանիշն է։ Այնպէս որ մենք կը կրկնենք մեր հաւատարմութիւնը մեր Լուսաւորչական մեծ ուխտին նկատմամբ։ Ընտրութիւններու այս բոլոր ընթացքով Վեհափառ Հայրապետը շատ մօտէն հետաքրքրուեցաւ, նաեւ առաջին շնորհաւորողը եղաւ։ Մեծապէս շնորհակալ ենք իրեն»։

Ազգընտիր գահակալը գոհութիւն մատուցեց առ Աստուած, որ նոր օր ու նոր շունչ մը կը պարգեւէր Պատրիարքական Աթոռին ու թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքին։ «Եկեղեցին մեր ազգի գոյութեան գաղտնիքներէն, խորհուրդներէն մին է։ Երբ եկեղեցին զօրաւոր է, մեր ազգը զօրաւոր եղած է։ Երբ եկեղեցին տկարացած է՝ կը տեսնենք, որ մեր ազգն ալ տկարացած է», ըսաւ նորընտիր պատրիարքը։

 

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 12, 2019