ԵՄ ԶԵԿՈՅՑ ՄԸ ՊԻՏԻ ՊԱՏՐԱՍՏԷ՝ ԼԵՌՆԱՅԻՆ ՂԱՐԱԲԱՂԻ ՀԱՐՑԻՆ ՄԷՋ ԹՈՒՐՔԻՈՅ ԴԵՐԱԿԱՏԱՐՈՒԹԵԱՆ ՇՈՒՐՋ

Պրիւքսելի մէջ վերջին օրերուն տեղի ունեցաւ Եւրոմիութեան անդամ երկիրներու ղեկավարներուն գագաթաժողովը։ Այս անգամուան գագաթաժողովի ընթացքին անդամ պետութիւններու ղեկավարները քննարկեցին նաեւ Թուրքիա-Եւրոմիութիւն յարաբերութիւններու ընթացքը։ Որոշ ժամանակէ ի վեր ԵՄ-էն ներս օրակարգի վրայ է Թուրքիոյ դէմ պատժամիջոցներ գործադրելու հարցը։ Անգարայի ղեկավարութիւնը բուռն ձեւով կը հակադարձէ այս վարկածին դէմ։ ԵՄ-ի անդամ կարգ մը երկիրներ որոշ ժամանակէ ի վեր կը յամառին այս ուղղութեամբ, իսկ ուրիշներ կողմնակից են առկայ խնդիրները երկխօսութեան ճանապարհով յաղթահարելու, ուստի առայժմ ծայրայեղ հաւանականութիւնները կը կանխուին։

Երկօրեայ գագաթաժողովի աւարտին, Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքել երէկ հանդէս եկաւ յայտարարութիւններով։ Ըստ իրեն, ԵՄ-ի առաջնորդները համաձայն գտնուած են, թէ Թուրքիոյ համար զէնքի մատակարարումներու հարցը պէտք է քննարկուին ՆԱԹՕ-ի անդամներու շրջանակներէն ներս ու պէտք է համակարգուի Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու յաջորդ վարչախումբին հետ։ Ըստ Մերքելի, ԵՄ-ի Արտաքին յարաբերութիւններու եւ պաշտպանութեան քաղաքականութեան գծով գերագոյն յանձնակատած Ժոզէֆ Պորելէն խնդրուած է յաջորդ գագաթաժողովին համար զեկոյց մը պատրաստել՝ Թուրքիա-Եւրոմիութիւն համագործակցութեան մասին։ Այդ զեկոյցին մէջ պիտի ուսումնասիրուին նաեւ Լիպիոյ պարագան եւ Լեռնային Ղարաբաղի հարցը։

Անգարայի եւ Արեւմուտքի միջեւ երկար ժամանակէ ի վեր առկայ են խնդիրներ, որոնց մէջ կարեւոր դեր խաղացած է ռուսական «Ս-400» հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերու Թուրքիոյ կողմէ ձեռք բերուիլը։ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի պարագային ալ վերջերս Արեւմուտքի մօտ յառաջացած են անհանգստութիւններ։ Լեռնային Ղարաբաղի լայնածաւալ պատերազմին վերջ տուած հրադադարի համաձայնութենէն որոշ ժամանակ անց, Ժոզէֆ Պորել յայտնած էր, որ Թուրքիա եւ Ռուսաստան համաձայնելով Եւրոմիութիւնը դուրս թողած են Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի կարգաւորումէն։ Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովն ալ նախընթաց օր յայտարարած էր, որ Մոսկուայի եւ Արեւմուտքի հակամարտութեան մէջ Լեռնային Ղարաբաղը դարձած է նոր կէտ մը։ Այս բոլորը կու գան բիւրեղացնել ԵՄ-ի գագաթաժողովին ժամանակ պահանջուած զեկոյցին մէջ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի յայտնուելուն տրամաբանութիւնը։

ԹԵՀՐԱՆԷՆ ԲՈՂՈՔ

Միւս կողմէ, կը հաղորդուի, որ Իրան անհանգստացած է Պաքուի վերջին՝ յաղթանակի զօրահանդէսին ժամանակ Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանի ունեցած ելոյթի բովանդակութենէն։ Այսպէս, Թեհրանի մօտ Թուրքիոյ դեսպանը երէկ հրաւիրուած է Իրանի Արտաքին գործոց նախարարութիւն։ «Ազատութիւն» ռատիօկայանի հաղորդումներով, Իրանի Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Սայիտ Խաթիպզատէ տեղեկացուցած է, որ դեսպանին նկատառման յանձնուած է, թէ Իրան որեւէ մէկուն թոյլ չի տար խախտել իր տարածքային ամբողջականութիւնը։ «Տարածքային ոտնձգութիւններու եւ կայսերական ռազմատենչ ծաւալապաշտութեան դարաշրջանը վաղուց անցեալի մէջ մնացած է», համոզուած է իրանական կողմը։

Նախագահ Էրտողան Պաքուի զօրահանդէսին ժամանակ ունեցած ելոյթին մէջ Արաքս գետի մասին բանաստեղծութենէ մը ըրած էր մէջբերում մը, ըստ որու «գետը երկիրներու միջեւ ուժով բաժնուած է»։ Արաքս գետը կը համարուի Ատրպէյճանի եւ Իրանի երկու ատրպէյճանալեզու գաւառներու (Արեւելեան եւ Արեւմտեան Ատրպէյճանի) միջեւ անցնող բնական սահմանագիծ։ Ուստի, նախագահ Էրտողանի ելոյթը Թեհրանի մէջ շատերու կողմէ ընկալուած է՝ որպէս Իրանի տարածքային ամբողջականութեան դէմ ուղղուած գաղափարի մը արտայայտութիւնը։

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 12, 2020