ՆԻԿՈԼ ՓԱՇԻՆԵԱՆԻ ՀՐԱԺԱՐԱԿԱՆԸ ԴԱՐՁԱԾ Է ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆ ՊԱՀԱՆՋ

Հայաստանի առկայ քաոսը տակաւ կը խորանայ՝ Լեռնային Ղարաբաղի պատերազմի հետեւանքով յառաջացած ահաւոր աղէտի պայմաններուն ներքեւ։ Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հրաժարականի պահանջը եւ անոր կողմէ ցուցաբերուած դիմադրութիւնը ստեղծած են փակուղի մը, որ Հայաստանի ապագան գրաւի տակ կը դնէ։

Երէկ, Երեւանի կեդրոնին մէջ շարունակուեցան կառավարութեան դէմ բողոքի ցոյցերը։ Կաղացին հանրային փոխադրամիջոցներու ծառայութիւնները, կանգ առաւ երթեւեկը եւ ոստիկանութիւնը շարունակեց ցուցարարներու դէմ միջամտութիւններն ու անոնց ձերբակալութիւնները։ «Հայրենիքի փրկութեան շարժում» ընդդիմադիր խմբաւորումը երէկ յայտարարեց, որ Նիկոլ Փաշինեանի հեռացումը դարձած է համահայկական պահանջ մը։

Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան ստեղծուած իրավիճակին մէջ կը շարունակէ բազմակողմանի շփումները՝ երկիրը դէպի ելք առաջնորդելու առաջադրութեամբ։ Երէկ, Արմէն Սարգսեան այցելեց Հայաստանի Ազգային ժողով։ Այս առթիւ ան հանդիպում մը ունեցաւ խորհրդարանի նախագահ Արարատ Միրզոյեանի հետ։ Ինչպէս ծանօթ է, այս վերջինը Լեռնային Ղարաբաղի պատերազմին վերջ տուած՝ հայկական կողմին տեսակէտէ շատ ծանր պայմաններով հրադադարի համաձայնութեան ստորագրումէն վերջ ծագած բողոքի ալիքի մթնոլորտին մէջ ենթարկուած էր յարձակման եւ երկու անգամ վիրահատուելէ վերջ կարողացած էր վերադառնալ իր պաշտօնին։ Արմէն Սարգսեան երէկուան հանդիպման ընթացքին անգամ մը եւս առողջութիւն մաղթեց Արարատ Միրզոյեանին՝ կրկին խստօրէն դատապարտելով իրեն դէմ կատարուածը եւ անթոյլատրելի համարելով բռնութեան որեւէ դրսեւորում։ Արմէն Սարգսեան եւ Արարատ Միրզոյեան կարծիքներ փոխանակեցին Հայաստանէ ներս ստեղծուած ներկայ իրավիճակին շուրջ եւ խօսեցան հանգուցալուծման հաւանական ճանապարհներուն մասին։ Նախագահ Սարգսեան համոզուած է, թէ յատկապէս երկրի ու ժողովուրդի տեսակէտէ առկայ բարդ իրավիճակին մէջ պէտք է գերիշխեն բարձր պատասխանատուութիւնն ու զսպուածութիւնը, պէտք է բացառուին անհանդուրժողութեան եւ բռնութեան կոչերն ու գործողութիւնները։

Երկրի մատնուած ծանր իրավիճակին մէջ զանազան փորձառու գործիչներ հանդէս կու գան յայտարարութիւններով, կը ջանան խորհրդածել հաւանական ելքերու շուրջ։ Հայաստանի նախկին արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեան երէկ յայտնեց, որ վերջին պատերազմի ընթացքին Երեւան բոլոր հիմքերը ունէր Լեռնային Ղարաբաղի անկախութիւնը ճանչնալու։ Այդ քայլը կրնար օգուտ տալ հայկական կողմին։ Նախկին նախարարը նշեց, որ երկար տարիներ Երեւան ձեռնպահ մնացած էր այդ քայլէն, որովհետեւ միջազգային հանրութիւնն ու ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահները կ՚ըսէին, թէ այդ ճանաչումը կրնար վտանգել բանակցութիւններու ընթացքը։

Հայաստանի նախկին պաշտպանութեան նախարարներէն Սէյրան Օհանեան, որ վերջին պատերազմի օրերուն ալ փորձեց բերել իր նպաստը Արցախի Պաշտպանութեան բանակին, ընկերային ցանցերու միջոցաւ ահազանգ հնչեցուց Նիկոլ Փաշինեանի դէմ։ «Եթէ այս իշխանութիւնը իր ղեկավարին հետ օր առաջ չհեռանայ, ապա վտանգուած են Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութիւնը, սահմաններու անձեռնմխելիութիւնը եւ բնակչութեան ֆիզիքական գոյութիւնը», նշեց Սէյրան Օհանեան։

Երէկ, ընկերային ցանցերու վրայ հրապարակուած հարցազրոյցի մը ընթացքին Սէյրան Օհանեան շեշտեց, որ բանակը թէեւ անձնուիրաբար կռուած է, սակայն պետութիւնը պարտուած է։ Ան յիշեցուց, որ Նիկոլ Փաշինեան ամէն օր Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի ծաղրանքին առարկայ կը դառնայ։ «Մեզի պէ՞տք է պարտուած ղեկավար», հարց տուաւ Սէյրան Օհանեան եւ աւելցուց, որ հայկական կողմի տեսակէտէ աննպաստ քաղաքական փաստաթուղթի մը ստորագրուած ըլլալու պատասխանատուութիւնը կը վիճակի Հայաստանի Հանրապետութեան իշխանութիւններուն։

Հայաստանի նախկին ոստիկանապետներէն Վլատիմիր Գասպարեանն ալ ընկերային ցանցերու վրայ յիշեցուց այն խօսքը, ըստ որու ամէն ժողովուրդ արժանի է իր իշխանութեան։ «Աւելցնեմ՝ այս պարզ ճշմարտութիւնը չհասկցող ժողովուրդը աւելի վատ է, քան իր վատ իշխանութիւնը։ Մեր վերջին օրերուն հետեւողը կ՚ապշի։ Լա՛ւ, մտածելու ընդունակութիւնը կորսնցուցած էք, մարդի՛կ, ինքնապահպանման բնա՞զդն ալ կորսնցուցիք։ Չէ՞ք հասկնար, որ Արցախը տալով չվերջացաւ այս ողբերգութիւնը։ Գորիս-Կապան ճանապարհը արդէն փաստացիօրէն անանցելի է, որովհետեւ զգալի մէկ մասը կ՚անցնի Ատրպէյճանի տարածքով։ Վաղը կը կորսնցնենք Մեղրին, միւս օրը՝ Վարդենիսը… Հայաստան կը կորսնցնէ իր պետականութիւնը։ Չկայ մէկը, որ որպէս պետութեան մարդ կը խօսի միւս պետութիւններու մարդոց հետ։ Երկրէն ներս անիշխանականութիւն եւ անիշխանութիւն է, երկրէն դուրս մեր հարցերը կը լուծուին առանց մեզի։ Իսկ այստեղ մեծամասնութիւնը անտարբեր է, զբաղած է «ես եւ դուն» ընելով, սեւ ու սպիտակ զատելով, հին ու նոր պարզաբանումներով։ Չէ՞ք հասկնար, որ սա վերջն է, շուտով Հայաստան չ՚ըլլար։ Թէ երեսուն տարի այս պա՞հը երազած էք, որ ազատուիք պետականութենէն՝ որոշում կայացնելու, պատասխանատուութիւն վերցնելու, արժանապատիւ ապրելու հոգէն։ Եթէ սա է ձեր ուզածը, յիշեցէք՝ Հայաստան պետութիւնը եթէ չըլլայ, ձեզմէ ապրելու իրաւունքն ալ կը խլուի։ Որովհետեւ երկիրը իրենց կուշտ անտարբերութեան զոհած մարդիկ ո՛չ միայն իրենց կամքով ապրելու, այլեւ՝ իրենց կամքով մեռնելու իրաւունք չունին։ Եւ ձեր այդ վիճակին, անյարգելի անտարբերներ, քայլ մը մնացած է։ Ուշքի եկէ՛ք», ահազանգ հնչեցուցած է Վլատիմիր Գասպարեան։

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 12, 2020