ՊԼԻՆՔԸՆ ԹՈՒՐՔԻԱ ԿՈՒ ԳԱՅ

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքըն այսօր պաշտօնական այցելութիւն մը կու տայ Թուրքիա։ Երկօրեայ շփումներու ծրագրին կապակցութեամբ առ այժմ ոչինչ հաղորդած են Անգարայի աղբիւրները։ Էնթընի Պլինքընի այցելութիւնը կը համընկնի՝ Սուրիոյ թէժ իրադարձութիւններով պայմանաւորուած իրավիճակին։ Ուաշինկթընի ղեկավարութիւնը յայտարարած է, որ ամերիկեան զօրքերը պիտի շարունակեն մնալ Սուրիոյ մէջ։ Իսրայէլի զօրքերը վերջին օրերուն խախտած են Սուրիոյ սահմանը ու յառաջխաղացում արձանագրած՝ երկրի տարածքէն ներս։ Այս վիճակը Թուրքիոյ բուռն հակազդեցութեան պատճառ դարձած է։ Էնթընի Պլինքընի շփումները կը զուգադիպին այս բոլոր թէժ իրադարձութիւններու օրերուն։

Մինչ այդ, Պլինքընի եւ արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտանի վերջին շրջանի գրեթէ բոլոր շփումներուն զուգահեռ պաշտօնապէս տեղեկացուած է, որ օրակարգի վրայ եկած են Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններու կարգաւորման վերաբերեալ հարցեր։

Ծանօթ է, որ պետական քարտուղարը այս շրջանին իր առաքելութիւնը աւարտելու վրայ է։

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 12, 2024