ԱՊԱՔԻՆՄԱՆ ՄԱՂԹԱՆՔ

Չինաստանի նախագահ Սի Ցինփին նամակ մը ուղարկեց Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանին, որ ներկայիս դարմանման տակ կը գտնուի՝ վարակուած ըլլալով քորոնաժահրով։ Երեւանի պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, չինացի ղեկավարը արագ ապաքինման մաղթանքներ յղեց Արմէն Սարգսեանին։ Սի Ցինփին եւ իր կողակիցը՝ Փեն Լիյուան դարմանման այս փուլին զօրակցութիւն յայտնեցին Հայաստանի նախագահ Արմէն Սարգսեանին եւ Առաջին տիկին Նունէ Սարգսեանին։

Չորեքշաբթի, Յունուար 13, 2021