ԱՐՄԱՆ ԹԱԹՈՅԵԱՆ ԱՀԱԶԱՆԳ ԿԸ ՀՆՉԵՑՆԷ ՍԱՀՄԱՆԱԶԱՏՄԱՆ ԳՈՐԾԸՆԹԱՑԻ ՄԷՋ ՅԱՌԱՋԱՑԱԾ ԿՈՊԻՏ ԽԱԽՏՈՒՄՆԵՐՈՒ ԿԱՊԱԿՑՈՒԹԵԱՄԲ

Հայաստանի Մարդու իրաւանց պաշտպան Արման Թաթոյեան յայտարարեց, որ Լեռնային Ղարաբաղի վերջին պատերազմին զուգահեռ Ատրպէյճանի վերահսկողութեան տակ անցած ճանապարհային հատուածներու առումով շարք մը խնդիրներ կարգաւորուած չեն։

Երէկ, Արման Թաթոյեան Երեւանի մէջ սարքեց մամլոյ ասուլիս մը, որու ընթացքին ան մատնանշեց, որ այդ հատուածներէն ներս Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիներուն խորհուրդ կը տրուի երթեւեկել շատ արագ եւ չկանգնիլ, որովհետեւ սա Ատրպէյճանի կողմէ կ՚ընկալուի՝ որպէս սադրանք։ Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) Երեւանի կեդրոնի երդիքին տակ զանգուածային լրատուութեան միջոցներու ներկայացուցիչներուն հետ զրուցելու ժամանակ Արման Թաթոյեան ըսաւ. «Հարց կը յառաջանայ. ի՞նչ միջոցներ պիտի կիրառուին, եթէ ճանապարհային այդ հատուածներէն ներս տեղի ունենան արկածներ։ Եթէ, օրինակ, տեղի ունենայ ո՛չ միայն հայկական ինքնաշարժներու միջեւ պատահար մը, այլեւ՝ հայկական եւ ատրպէյճանական ինքնաշարժներու միջեւ։ Ի՞նչ կ՚ըլլայ, եթէ այդ հատուածներէն մէկուն մէջ ինքնաշարժ մը փճանայ եւ ստիպողաբար կանգնի՝ վերանորոգութեան անհրաժեշտութեամբ։ Եթէ այդ հատուածներէն ներս տեղի ունենան երթեւեկի կանոններու խախտումներ, յանցագործութիւններ, եւ այլն, եթէ սա Ատրպէյճանի տարածք կը համարէք, ի՞նչ կը նշանակէ, որ Ատրպէյճանի քննչական մարմինը Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիի պարագային գործողութիւններ պէտք է իրականացնէ։ Այս հարցերը ընդհանրապէս կարգաւորուած չեն»։

Իր յայտարարութիւններուն մէջ Արման Թաթոյեան դիտել տուաւ, որ ճանապարհներու որոշ հատուածներ Ատրպէյճանի վերահսկողութեան տակ են, տեղադրուած են Ատրպէյճանի դրօշակներ եւ ցուցանակներ։ Ընդ որում, Գորիսէն դէպի Որոտան, Շուրնուխ եւ Կապան տանող ճանապարհի 68 քիլօմեթրէն 21 քիլօմեթր երկարութեամբ հատուածը Ատրպէյճանի վերահսկողութեան տակ է։ Ատրպէյճանի զինուորները ցուցանակներու տեղադրումը կ՚ընեն բացայայտ սադրանքով։ Բաց աստի, ըստ մարդու իրաւանց պաշտպանի, բնակիչներու վկայութեամբ՝ Ատրպէյճանի զինուորները կրնան զէնքով յայտնուիլ այդ ճանապարհին վրայ։ Անոնք կրնան այդ ճանապարհին վրայ կանգնիլ եւ դիտարկում իրականացնել։ «Այս բոլորը մեր խաղաղ բնակավայրերը իրար կապող ճանապարհներ են։ Սա յառաջացած է սահմանազատումը մեքանիք մօտեցումով կատարելու պատճառով», աւելցուց ան։

 Այս կէտին վրայ ան շեշտեց, որ մասնաւոր կազմակերպութիւններու քարտէսներով Շուրնուխը ամբողջութեամբ հայկական է, սակայն, «Google»ով՝ ոչ։ Արման Թաթոյեան, որ վերջերս Գեղարքունիքի եւ Սիւնիքի մարզերը այցելեց եւ երէկուան ասուլիսի ընթացքին առաւել չափով անդրադարձաւ սահմանային անվտանգութեան հարցերու, հերթական անգամ կրկնեց՝ որ սահմաններու որոշման գործընթացը չի կրնար ընթանալ մեքանիք մօտեցումով։

Մամլոյ ասուլիսի ժամանակ Արման Թաթոյեան դիտել տուաւ, որ խաղաղ բնակիչները ո՛չ միայն զրկուած են սեփական ապրուստը հոգալու հնարաւորութենէ ու լուրջ խնդիրներու դէմ յանդիման մնացած են, այլեւ տնտեսական գործունէութեան հնարաւորութենէն զրկուած են այն պարագային, երբ այդ վայրերէն ներս իրականացուած են խոշոր ներդրումներ։ Այսպէս, սեփականութեան իրաւունքի վերաբերեալ կան հիմնարար խնդիրներ։ Այս պահուն Ատրպէյճանինը համարուող տարածքներէն ներս մնացած են հողամասեր, հողատարածքներ եւ սեփական տուներ, որոնց կալուածաթուղթերը, սեփականութեան վկայականները տրուած են Խորհրդային Հայաստանի կամ Անկախ Հայաստանի մարմիններուն կողմէ զանազան ժամանակահատուածներու մէջ։ «Հարց կը յառաջանայ, թէ նախապէս ինչպէ՞ս իրականացած են այդ յստակեցումները», շարունակեց Թաթոյեան եւ ներկայացուց տուեալներ, որոնք կը ցոլացնէին, թէ սահմանամերձ ո՛ր համայնքէն ինչքա՛ն հողատարածք անցած է Ատրպէյճանի վերահսկողութեան տակ։ Այսպէս, օրինակ՝ Տեղ խոշորացուած համայնքէն ներս բնակիչները զրկուած են 2 հազար հեքթարէ աւելի մասնաւոր սեփականութիւն հանդիսացող հողատարածքներ օգտագործելու հնարաւորութենէն։ Որոտան գիւղի պարագային բնակիչները մօտաւոր հաշուով զրկուած են 326 հեքթարէ աւելի մասնաւոր եւ հանրային սեփականութիւն հանդիսացող հողատարածքները օգտագործելու հնարաւորութենէն։ Ընդ որում, Որոտանի պարագային կան 18-20 այգեգործական տնակներ, որոնք այդ հողերու վրայ կառուցուած են եւ Հայաստանի գործուղղման որոշումներով յատկացուած՝ մարդոց։ Ագարակ գիւղի մէջ մարդիկ զրկուած են մօտաւոր հաշուով 60 հեքթարէ աւելի մասնաւոր կամ հանրային սեփականութիւն հանդիսացող հողատարածքներ օգտագործելու հնարաւորութենէն։ Եղվարդի մէջ՝ 110 հեքթար վարելահողէ, 50 հեքթար արօտավայրէ, Ճակատենի մէջ՝ 50 հեքթար վարելահողէ։ Նման խնդիրներ առկայ են նաեւ Գեղարքունիքի մարզի զանազան համայնքներու պարագային։

Արման Թաթոյեանի խօսքով՝ հաշուի պէտք է առնել, որ Ատրպէյճանի մէջ ոչ միայն չէ դադրած, այլեւ կը զարգանայ հայատեացութեան, թշնամանքի քաղաքականութիւնը՝ երկրի ղեկավարի հռետորաբանութենէն սկսեալ՝ ինչ որ առաւել կ՚ընդգծէ սահմանային անվտանգութեան խնդիրը։ Վերոյիշեալ տարածքներու հարցերուն առընթեր, ուղիղ սպառնալիքներ եւ վտանգներ յառաջացած են Կապանի օդակայանի եւ անոր անմիջական հարեւանութեամբ գտնուող «M2» միջպետական մայրուղիին համար։ Այդ մէկը Կապանը կը կապէ Երեւանի հետ։ Թաթոյեանի մօտեցումով՝ սահմաններու որոշման հարցի մեկնակէտը պէտք է ըլլայ, որ արդեօք այդ գործընթացի հիման վրայ կը գոյանա՞յ խաղաղութիւն եւ համերաշխութիւն հայ ժողովուրդի իրաւունքներու տեսակէտէ։

«Սահմաններու որոշման հարցի շրջանակներէն ներս մեր կատարած դիտարկումով արձանագրուած են խնդրայարոյց դէպքեր ու մեր գնահատականները հիմնուած են յստակ օրինակներու վրայ։ Օրինակ՝ Շուրնուխի բնակիչ Ս. Մովսիսեանի գոմը բաժնուած է երկու մասի։ Սա մեքանիք մօտեցումներու հետեւանքն է», նշեց ան եւ աւելցուց, որ սպառնալիքի տակ յայտնուած են Կապանի խաղաղ բնակելի վայրերը, խնդիր կայ Կապանէն դէպի մի քանի գիւղեր ուղուող ճանապարհներու առումով։ «Եթէ այդ ճանապարհով կը բարձրանաք, քանի մը տեղ Ատրպէյճանի դրօշակներ կան, զինուած մարդիկ կան։ Մինչեւ այս պահը կիրառուած մեքանիք մօտեցումներու պատճառով ուղիղ սպառնալիքներու տակ յայտնուած են խաղաղ բնակիչներու կեանքի, ֆիզիքական ու հոգեկան անձեռնմխելիութեան իրաւունքները, իսկ սեփականութեան իրաւունքը կոպտօրէն խախտուած է», շարունակեց Թաթոյեան։

Երէկուան մամլոյ ասուլիսի ընթացքին Արման Թաթոյեան յայտարարեց նաեւ, որ Ատրպէյճան գերիներու հարցը ակնյայտօրէն կը քաղաքականացնէ։ Ըստ իրեն, յետպատերազմեան փուլի մէջ մարդասիրական եւ մարդու իրաւանց պաշտպանութեան վերաբերեալ հարցերու քաղաքականացումը անթոյլատրելի է։ Միջազգային իրաւունքը կը նախատեսէ ռազմագերիներու կամ քաղաքացիական անձ գերիներու պատերազմական կամ ռազմական գործողութիւններու դադրելէն յետոյ անյապաղ ազատ արձակուիլը եւ իրենց երկիրները վերադառնալը։ Պաքուի քաղաքականութեան մէջ գերիներու հարցով ակնյայտօրէն զգալի է, որ հրադադարի համաձայնութիւնը կը տարածուի միայն անոր ստորագրումէն առաջ եղած իրավիճակին վրայ, ինչ որ անթոյլատրելի է։

Չորեքշաբթի, Յունուար 13, 2021