ՉՈՐՐՈՐԴ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԻՒՆ

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան յետպատերազմեան առկայ ծանր տագնապալի իրադրութեան մէջ գրի առած է յօդուած մը, զոր ստորեւ կը ներկայացնենք մեր ընթերցողներուն՝ արեւմտահայերէնի վերածուած։

*

Հայոց պետականութիւնը վերականգնելու հնարաւորութիւնը վերջին մի քանի հարիւրամեակներուն եղած է մեր ժողովուրդին երազը: Ան կը բխէր ո՛չ միայն սեփական մշակոյթը, ինքնութիւնն ու պատմութիւնը պահպանելու համար ազգային օճախ ունենալու անհրաժեշտութենէն, այլ նաեւ մեր սեփական ճակատագրին տէրը դառնալու ձգտումէն: Այս իսկ եղած է առաքելութիւնը մեր նախնիներուն, որոնք գործնականօրէն կատարեցին անհնարինը՝ պետականութիւն չունենալու պայմաններուն մէջ պահպանեցին հայկականութիւնը եւ զարգացուցին հայկական քաղաքակրթութիւնը՝ անցնելով պատմութեան բոլոր դաժան ու արիւնոտ փորձութիւններէն:

Մեր նախնիները մեզի թողած են վիթխարի ժառանգութիւն մը՝ յոյս ունենալով, թէ մենք այդ ժառանգութիւնը կը փոխանցենք ապագայ սերունդներուն բացարձակապէս այլ որակական տեսքով:

Միջազգային յարաբերութիւններու պատմութիւնը կը վկայէ, թէ փոքր երկիրները յաճախ կը դառնան մեծ տէրութիւններու շահերուն զոհը, ինչպէս եղաւ հայերուս հետ Օսմանեան կայսրութեան օրօք: Այն ազգերը, որոնք կրցան ժամանակին սթափ վերլուծել իրենց անյաջողութիւններուն ու տառապանքներուն պատճառները եւ աշխատիլ սեփական սխալները ուղղելու վրայ, մշակել յստակ տեսլական եւ զարգացման ծրագիրներ, կրցան ստեղծել համակարգային բարձր որակի պետութիւններ՝ ունակ ո՛չ միայն բաւարարելու իրենց քաղաքացիներուն ներքին կարիքները եւ զանոնք պաշտպանելու արտաքին սպառնալիքներէն, այլեւ ապահովել պայմաններ, որոնք թոյլ կու տան մրցակցելու տարածքաշրջանային եւ նոյնիսկ մեծ տէրութիւններու հետ, համադրել անոնց հետ սեփական շահերը կամ առանձին պարագաներով դառնալ իրական եւ կարեւոր դաշնակից:

Այդպիսի օրինակներ կան եւ նոյն այդ օրինակները կը հաստատեն, որ ճիշդ կառուցուած քաղաքականութեան, դիւանագիտութեան եւ կառավարման պարագային նոյնիսկ բնական պաշարներէ զուրկ ժողովուրդը ի վիճակի է հասնելու շատ մեծ յաջողութիւններու:

Այսօր մենք կը վերապրինք մեր պատմութեան հերթական համազգային հոգեբանական վհատութեան պահը եւ բացարձակապէս մեզմէ կախուած է, թէ կրնա՞նք զայն յաղթահարել եւ ի՞նչ հիմունքներով պիտի կառուցենք մեր ապագան:

Առ այսօր բացթողումներու պատճառները վերջին երեք տասնամեակներուն կուտակուած եւ չլուծուած խոր արմատական խնդիրներու հետեւանքն են: Կարծես վերէն վար մեզմէ իւրաքանչիւրին մէջ ցանկութիւն չկայ ինքնուրոյն բովանդակային պատասխանատուութիւն ստանձնելու մեր սեփական ճակատագրին համար: Խօսքը ո՛չ թէ ինքնաքննադատութեան բացակայութեան մասին է, այլ՝ անոր ձեւական բնոյթին: Մենք առաջուան պէս կը փնտռենք յենման մասնաւոր կէտեր, «փրկիչներ»՝ ի դէմս առանձին անհատներու կամ երկիրներու, որոնք ընդունակ են մեզ տանելու ճիշդ ուղիով, որ հուսկ պիտի յանգեցնէ բարեկեցութեան եւ ապահովութեան: Ջղաձգական փնտռտուքներու ետեւէն ինկած՝ մենք բոլորովին մոռցած ենք, որ այդ ուղին կը գտնուի ուղիղ մեր աչքերուն առջեւ եւ կը կոչուի անկախ Հայաստանի Հանրապետութիւն:

Մեր հազարամեայ երազանքը իրականացած էր. վերջապէս մենք ունեցանք մեր տունը, դրօշը, զինանշանն ու օրհներգը: Վերջապէս մենք կրնանք հայ ըլլալ միջազգային համայնքին կողմէ ճանչցուած հայկական պետականութեան մէջ: Առաջին անգամ հարիւրամեակներու ընթացքին հայերը իրենց տարածքները չկորսնցուցին, այլ 1990-ականներուն ետ բերին պատմական տարածքներ՝ իր պաշարներով մեզ բազմապատիկ գերազանցող հակառակորդին կողմէ պարտադրուած պատերազմին: Մենք յաջողեցանք ընել այդ, որովհետեւ մեր շարժիչ ուժը երազանքներն էին ու ազգային գաղափարներու նուիրումը: Անոնք յագեցած էին խելայեղ աւիւնով ու եռանդով եւ իւրաքանչիւր հայկական մասնիկ աշխարհի որեւէ կէտի վրայ առաւելագոյնս լիցքաւորուած էր՝ համազգային նպատակին հասնելու համար:

Յաջորդած իրադարձութիւնները ցոյց տուին, թէ խորքին մէջ ինչքա՛ն թերագնահատած ենք պատմութեան այդ նուէրը: Փոխանակ փոքր երկիրներու եւ ժողովուրդներու յաջող օրինակներուն հիմքին վրայ պետական եւ ազգային շինարարութեան բովանդակալից ծրագիրներ կազմելու, մենք զբաղեցանք առաւելապէս նմանակումի կամ ընդօրինակումի գործունէութեամբ: Չդրուեցաւ ներքին դիմադրութեան՝ պետական կառավարման արդիւնաւէտ համակարգին հիմքը՝ հիմնուած իշխանութեան գործադիր, օրէնսդիր եւ դատական ճիւղերուն միջեւ պատասխանատուութեան իրական բաժանման վրայ։ Այս իսկ մօտելը կը ձեւաւորէ հասարակութիւնը ու կը դաստիարակէ քաղաքացին, ինչ որ որեւէ կառավարութեան հիմնական արժէքն է: Այդպիսի՛ քաղաքացին կրնայ գիտակցիլ ընտրելու եւ ընտրուելու հնարաւորութեան նշանակութիւնը։ Եւ ամենագլխաւորը՝ այդպիսի քաղաքացին պատասխանատուութիւն պիտի կրէ իր, շրջապատին եւ երկրին առջեւ կանգնած ընտրութեան համար: Այսպիսի համակարգի մը բացակայութիւնը բարդ եւ աշխարհագրական սահմանափակ պայմաններու մէջ գտնուող երկիրներու համար անթոյլատրելի ճոխութիւն է:

Անցեալ տարիներուն մենք չենք կատարած համահայկական գոյքագրում, որպէսզի հասկնանք, թէ ի՞նչ է. օրինակ՝ տնտեսութեան, բարձր փորձագիտութիւններու, ռազմաարդիւնաբերական համալիրի, գիտութեան, կրթութեան եւ առողջապահութեան երկարատեւ զարգացման մօտելներու մշակման համար իրական պաշարներու հիմքը: Այդ պատճառով ալ ի յայտ չեկան արտաքին եւ պաշտպանական քաղաքականութեան, ժողովրդագրական, տեղեկատուական եւ սնունդի անվտանգութեան վերաբերեալ կենսական անհրաժեշտութեամբ ռազմավարական գործուն հայեցակարգեր: Անկախութիւն ստանալէ ետք մենք զայն չլեցուցինք յստակ բովանդակութեամբ:

Օրինակներու ետեւէն հեռու երթալու անհրաժեշտութիւն չկայ: 1994 թուականին մենք ազատագրեցինք Արցախը եւ ընդհուպ մինչեւ 2020 թուականի սեպտեմբերի 27-ը մեր մօտ չկար Արցախի քաղաքական ապագային վերաբերեալ յստակ տեսլական: Գոյութիւն ունէր սոսկ դիւանագիտական ճանապարհով նոր պատերազմ մը թոյլ չտալու մարտավարութիւն մը, որ ի սկզբանէ դատապարտուած էր: Մեր հակառակորդը քսան տարի շարունակ կը պնդէր, որ թոյլ պիտի չտայ Կովկասի մէջ երկրորդ հայկական պետութեան մը ստեղծումին, ձեռք կը բերէր ժամանակակից զէնքեր, աշխուժօրէն կը զբաղէր միջազգային լոպիինկով, իր ազդեցութեան ցանցերը կը ստեղծէր ամբողջ աշխարհով՝ յանուն մէկ նպատակի: Յանուն ինչի՞: Հարցը հռետորական է, որովհետեւ պատասխանը պարզէն ալ պարզ է:

Մենք տանուլ տուինք այն պահուն, երբ Արցախը վերադարձնելու առաքելութիւնը համարեցինք աւարտած: Մենք բաւարար ուշադրութիւն չդարձուցինք Արցախի զարգացման եւ ամրապնդման իրական գրաւականներուն՝ բնակչութեան աճին (Արցախի բնակչութիւնը ինչքան որ կար, այդքան ալ մնաց) եւ ռազմական արուեստի կատարելագործման, սպառազինութեան նորացման, յագեցուածութեան եւ այլն: Մենք թուլցանք եւ շարունակեցինք ապրիլ՝ կարծես այլեւս որեւէ մեծ մարտահրաւէր կամ սպառնալիք չկար: Ի հարկէ, Արցախի պատերազմի յաղթանակը դարձաւ մեր ինքնութեան անկապտելի բաղադրիչը եւ ակնյայտ է, որ այսօրուան ամենաահաւոր հետեւանքը այս իսկ ինքնաընկալնման ճգնաժամն է: Հայը կ՚արթննար, կ՚ապրէր, կ՚աշխատէր եւ կը քնանար այն գիտակցութեամբ, որ ինքը մաս կը կազմէ յաղթանակած ազգի մը: Այժմ, պատասխան գտնելու փնտռտուքներու մէջ ինկած, ան կը հարցնէ՝ հիմա ո՞վ եմ ես:

Մենք տանուլ տուինք տեղեկատուական պատերազմին մէջ՝ թէ՛ արտաքին, թէ ներքին դաշտէն ներս: Տարիներ շարունակ մենք ցանկալին կը մատուցէինք իրականին տեղ: Սուտը՝ իրականութեան նմանակումը, սողոսկած էր ամէնուրեք՝ դառնալով ազգային անվտանգութեան սպառնալիք: Երեւակայական այդ աշխարհին մէջ մենք իբրեւ թէ ունէինք կազմակերպուած պետութիւն, յառաջանցիկ տնտեսութիւն եւ գիտութիւն, ուժեղ բանակ, ժողովրդավարական հասարակութիւն, ազատ մամուլ, սակայն խորքին մէջ պատկերը բոլորովին այլ էր: Մենք յաջողած էինք խաբել մի միայն մենք մեզ եւ այսպէսով իսկ արդէն ստորագրել պարտութեան թուղթին տակ:

Այս բոլորը թօթափելու համար մեզի հսկայական ջանք պէտք է, դառն իրականութեան աչքերուն նայելու կամք եւ քաջութիւն:

Մենք յայտնուած ենք բարդ իրավիճակի մէջ, սակայն ոչ մէկ պարագայով կարելի է թոյլ տալ, որ Հայաստանը, Արցախը եւ սփիւռքը իրենք զիրենք համարեն պարտուած:

Քաղաքականութեան մէջ կը գործէ բոլոր ժամանակներու համար ոսկէ կանոն մը՝ երբեք մի՛ ըսեր երբեք: Այո՛, մենք այսօր տանուլ տուած ենք ռազմի դաշտին եւ արտաքին ճակատին վրայ, որուն համար ներկայ կառավարութիւնը պէտք է պատասխանատուութիւն կրէ: Սակայն մեզի կը սպասեն այլ մարտահրաւէրներ ինչպէս երկրէն ներս, այնպէս ալ միջազգային ասպարէզին մէջ: Որպէսզի պահպանենք մեր պետականութիւնը եւ զայն դնենք սկըզ-բունքօրէն նոր մակարդակի մը վրայ, պէտք է մէկ կողմ դնենք զգացումները եւ սկսինք բարդ, տհաճ, սակայն անհրաժեշտ աշխատանքի առաջին հերթին մենք մեր վրայ:

Այսօր մենք (եւ առաջին հերթին սեփական քաղաքացիներու եւ համաշխարհային հայութեան առջեւ պատասխանատուութիւն ստանձնած կառավարութիւնը) պէտք է ընդունինք քաղաքական, տնտեսական, ընկերային եւ հոգեբանական խոր ճգնաժամի գոյութիւնը: Քաղաքացիները լիակատար բարոյական իրաւունք ունին իրենց կողմէ ընտրուած Ազգային ժողովի պատգամաւորներէն, կառավարութենէն եւ վարչապետէն ժամանակային ու բովանդակային առումով յստակ պատասխաններ պահանջել ճգնաժամէն դուրս գալու ելքերուն վերաբերեալ:

Իր դերը եւ պատասխանատուութիւնը ունի նաեւ Հանրապետութեան նախագահը:

Հասարակութեան պառակտումը կրնայ յանգեցնել աղէտալի հետեւանքներու, ուստի երկրին եւ ժողովուրդին անհրաժեշտ է բուժում: Միակ տրամաբանական եւ քաղաքակիրթ դեղատոմսը խելամիտ ժամկէտներու մէջ արտահերթ ընտրութիւններն են՝ Ընտրական օրէնսգիրքի եւ Սահմանադրութեան անհրաժեշտ փոփոխութիւններով, որոնք թոյլ կու տան պետական շինարարութեան իրական գործընթացին սկսիլ մաքուր էջով: Մինչ այդ, իշխանութեան օրինական, հաւասարակշռուած եւ անաչառ ճիւղերէն մէկուն՝ նախագահի կառոյցի օգնութեամբ պէտք է ձեւաւորուի Ազգային համաձայնութեան կառավարութիւն մը: Այդ կառավարութեան գլխաւոր առաքելութիւնը ես կը տեսնեմ երեք նպատակներու իրականացման մէջ:

Առաջինը՝ պատերազմի անմիջական հետեւանքներուն վերացումը՝ բոլոր գերիներու, պատանդներու եւ տեղահանուած անձանց վերադարձ, վիրաւորներու պատշաճ բուժում եւ խնամք, աւերուած տուներու եւ բնակարաններու նորոգում եւ բնական կենսապայմաններու ապահովում, այդ կարգին՝ տնազուրկներու համար:

Երկրորդը՝ պետութիւնը քաղաքական եւ տնտեսական ճգնաժամէ դուրս բերելու ճանապարհային քարտէսի նախապատրաստում եւ կիրարկում:

Երրորդը՝ խելամիտ ժամկէտներու մէջ գալիք ընտրութիւններու համար անհրաժեշտ պայմաններ ստեղծելու նպատակով չափանիշային-իրաւական ենթագետնի բարեփոխում, այսինքն՝ Ընտրական օրէնսգիրքի, կուսակցութիւններու մասին օրէնքի եւ, անշուշտ, Սահմանադրութեան բարեփոխումներ: Մեկնելով այս կէտէն՝ կառավարութիւնը պէտք է կազմուած ըլլայ արհեստավարժներէ եւ փորձագէտներէ, որոնք մասնագիտացած են ստոյգ ոլորտներու մէջ:

Կը կրկնեմ՝ պէտք չէ որոնել «ազգի փրկիչներ» կամ բացառիկ անհատներ, երկիրը պէտք է կառավարեն կառոյցները, իշխանութեան ճիւղերուն միջեւ պէտք է գործէ հակակշիռներու եւ զսպումներու համակարգը, բոլոր քաղաքացիները, առանց բացառութեան, պէտք է անառարկելիօրէն յարգեն օրէնքը եւ հետեւին անոր: Հակառակ պարագային մենք պիտի յայտնուինք տեւական ճգնաժամերու մէջ:

Մեծատառով Օրէնքը եւ անոր հետեւիլը որեւէ առողջ հասարակութեան եւ ամուր պետութեան հիմքն է, զարգացման եւ յարատեւման երաշխիքը: Այդ նոյն հիմքին վրայ պէտք է կառուցուի մեր քաղաքական մշակոյթը։ Կայուն եւ ամուր պետականութեան կառուցման այլ բանաձեւ գոյութիւն չունի:

Խորհրդարանական կառավարման համակարգի պայմաններուն մէջ նախագահի կառոյցը արտաքնապէս խորհրդանշական կամ ձեւական բնոյթ ունի, սակայն ներքուստ ան կրնայ դառնալ փրկօղակ որեւէ քաղաքական ճգնաժամի պարագային: Որպէս պետութեան գլուխ եւ Սահմանադրութեան հետեւող՝ նախագահի կառոյցը կրնայ դառնալ այն անփոխարինելի հարթակը, ուր երկխօսութեան միջոցաւ կը ձեւաւորուին ճգնաժամէ դուրս գալու սահմանադրական ելքերը եւ համակարգերը: Հարց կը յառաջանայ՝ իսկ իտէալակա՞ն է արդեօք մեր Սահմանադրութիւնը: Պատասխանը մէկ է՝ ո՛չ, ինչպէս որեւէ երկրի սահմանադրութիւն: Աշխարհի մէջ ամէնուրեք վէճեր ու քննարկումներ կը ծաւալին իրենց երկիրներու հիմնական օրէնքներու փոփոխման շուրջ: Որպէս Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացի՝ ես իմ կարծիքս ունիմ մեր Սահմանադրութեան թերութիւններուն մասին, սակայն որպէս Հանրապետութեան նախագահ՝ ես պարտաւոր եմ հետեւիլ օրէնքի տառին: Մենք կրնանք տրուիլ զգացումներու, սակայն բոլոր քաղաքական պահանջները պէտք է իրականացուին օրէնքի սահմաններուն մէջ:

Հայաստանի «Երրորդ Հանրապետութիւնը» այլեւս անցեալ է, մենք կ՚առերեսուինք նոր իրականութեան հետ, ինչ որ մեզ կը ստիպէ ըլլալու չափազանց սթափ, հաշուենկատ եւ նպատակասլաց: Այն ազգային անհոգութիւնը, անկազմակերպուածութիւնը, անկարգապահութիւնը եւ անհետեւողականութիւնը, այն կեղծ օրակարգերը, գաղափարները եւ մօտեցումները, որոնք մեզի կ՚ուղեկցէին վերջին տասնամեակներուն, պէտք է նետել պատմութեան արխիւ:

Ցաւօք, մինչեւ այսօր Հայաստանի եւ հայկական աշխարհին մէջ չկայ տեղի ունեցած զգայացունց իրադարձութիւններու իրական չափերուն եւ անոնց պատճառներուն ու հետեւանքներու ամբողջական ընկալումը: Մենք պէտք ունինք հասկնալու, որ մեզի համար կը սկսի պատմութեան նոր էջ մը իր մարտահրաւէրներով եւ այս անգամ՝ չսխալելու, գրագէտ եւ արհեստավարժ գործելու բացառիկ հրամայականով:

Ինչպէս ալ կոչենք այդ նոր էջը՝ «Նոր էջ», «Վերսկսում», «Նոր սկիզբ», «Վերելքի սկիզբ», «Չորրորդ Հանրապետութիւն» կամ այլ ձեւով, միեւնոյնն է, իրականութիւնը այն է, որ կը մտնենք պատմութեան նոր փուլի մը:

Պատերազմին պատճառած համազգային ցնցումէն ու պարտադիր անցումային փուլէն ետք մենք պէտք է ձեռնարկենք նոր պետութեան կառուցման, ինչ որ պայմանականօրէն այս յօդուածին մէջ կ՚անուանենք «Չորրորդ Հանրապետութիւն»:

2018 թուականի իշխանափոխութիւնը կրնար մեր պատմութեան նոր փուլին սկիզբը դառնալ, որուն համար կային ժողովրդական համախմբումի, խանդավառութեան եւ աջակցութեան բաւարար հիմքեր, սակայն ան դարձաւ նախորդ փուլին վերջը՝ առանց առաջարկելու նոր գաղափարախօսութիւն:

Վերջին պատերազմին պարտութիւնը նոյն այդ համակարգին պարտութիւնն էր, ո՛չ թէ զինուորին, ժողովուրդին եւ ազգին:

«Չորրորդ Հանրապետութիւնը» պէտք է դառնայ մեր ժողովուրդի նոր գաղափարական, հայեցակարգային եւ բովանդակային հիմքը: Շեշտը պիտի դրուի պետութեան որակին վրայ, ինչ որ կը պահանջէ ամբողջ աշխարհի մեր հայրենակիցներու հետ յարաբերութիւններու համակարգի արմատական վերանայում: Աշխարհաքաղաքական ընկալումները, քաղաքականութիւնը, տնտեսութիւնը, անվտանգութիւնը, ռազմաարդիւնաբերական համալիրը, բժշկութիւնը, գիտութիւնն ու կրթութիւնը կը ստեղծեն մարդիկ եւ այսօր մենք լաւ մասնագէտներու սուր կարիքը կը զգանք:

Երեւելի հայերու պակաս չկայ եւ չէ եղած երբեք, պարզապէս անհրաժեշտ է դադրինք ընդամէնը անոնց գոյութեամբ հպարտանալէ, այլ զանոնք դարձնենք մեր պետական իրականութեան մասնիկը: Ասոր համար բաւական է վերացնել Հայաստանի եւ հայկական համայնքներու միջեւ արհեստականօրէն ստեղծուած Պերլինի պատերը (որոնք առկայ են Սահմանադրութեան եւ օրէնքներուն մէջ): Մեր սփիւռքի հետ շփման մեծ փորձ ունենալով՝ կրնամ վստահօրէն ըսել այդ վիթխարի ներուժի գոյութեան մասին: Կրկնեմ, որ այդ ներուժը յայտնաբերելու եւ արդիւնաւէտ օգտագործելու համար պէտք է պետական համակարգային մօտեցում եւ ճիշդ կառավարում:

Կը սպասուի բարդ աշխատանքի, բայց ես չեմ կասկածիր վերջնական յաջողութենէն: Գլխաւորը, որ իւրաքանչիւրը հաւատայ անոր եւ իր կարողութիւններուն ու հնարաւորութիւններուն չափ մասնակցի այդ օրը մօտեցնելու գործին:

Մենք երկար խորհելու ժամանակ եւ հնարաւորութիւն չունինք: Եկած է սառնասիրտ, արագ եւ արդիւնաւէտ գործողութիւններու պահը, որու նպատակն է ստեղծել 21-րդ դարու մարտահրաւէրները դիմագրաւելու պատրաստ արդիւնաւէտ, կարգապահ եւ կազմակերպուած, նոր փորձագիտութիւններու եւ մտածողութեան վրայ հիմնուած ժամանակակից երկիր՝ ԱՊԱԳԱՅ ՀԱՅԱՍՏԱՆԸ:

Իսկ անոր հասնելու ճանապարհներու մասին կը խօսինք յետագային:

Չորեքշաբթի, Յունուար 13, 2021