ՌՈՒՍԱՍՏԱՆԻ, ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԵՒ ԱՏՐՊԷՅՃԱՆԻ ԱՒԱԳ ԴԱՏԱԽԱԶՆԵՐԸ ԵՐԷԿ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ՄԸ ՈՒՆԵՑԱՆ ՄՈՍԿՈՒԱՅԻ ՄԷՋ

Երէկ, Մոսկուայի մէջ եռակողմանի հանդիպում մը տեղի ունեցաւ՝ մասնակցութեամբ Ռուսաստանի աւագ դատախազ Իկոր Քրասնովի, Հայաստանի աւագ դատախազ Արթուր Դաւթեանի եւ Ատրպէյճանի աւագ դատախազ Քեամրան Ալիեւի։ Հարկ է նշել, որ երէկ Ռուսաստանի մէջ կը նշուէր Դատախազութեան աշխատակցի օրը, որու առթիւ կազմակերպուած ձեռնարկի մասնակիցներու շարքին էին Արթուր Դաւթեան եւ Քեամրան Ալիեւ։

Երեւանի պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, աւագ դատախազները պայմանաւորուեցան՝ նախօրէին երեք երկիրներու ղեկավարներու հանդիպման ընթացքին գոյացած համաձայնութիւններուն ի շարունակութիւն համագործակցութիւն իրականացնել։ Իկոր Քրասնովի խօսքով՝ աւագ դատախազներու եռակողմանի հանդիպումը նշանակալի բնոյթ կը ստանայ Լեռնային Ղարաբաղի իրավիճակի կարգաւորման տեսակէտէ՝ յատկապէս ռազմական գործողութիւններու պատճառով տուժած տարածքներու բնակիչներուն օգնութիւն ցուցաբերելու մասին երեք երկիրներու ղեկավարներուն միջեւ ձեռք բերուած համաձայնութիւններու լոյսին տակ։ Աւագ դատախազներու հանդիպման նպատակն էր միջազգային իրաւական ոլորտին մէջ ապագայ շփումներու ձեւաւորումը, այս ուղղութեամբ անհրաժեշտ պայմաններու ստեղծումը, ինչպէս նաեւ արդիական շարք մը հարցերու շուրջ քննարկման ծաւալումը։ Արթուր Դաւթեան կանգ առաւ Լեռնային Ղարաբաղի լայնածաւալ պատերազմին վերջ տուած հրադադարի եռակողմանի յայտարարութեան 8-րդ կէտի հնարաւորինս արագ կատարման անհրաժեշտութեան վրայ։ Սա կը վերաբերի Ատրպէյճանի մէջ գտնուող հայ ռազմագերիներու եւ այնտեղ պահուող այլ անձերու սեղմ ժամկէտներու մէջ Հայաստանի վերադարձին, մինչ այդ անոնց կեանքի եւ առողջութեան երաշխաւորման ու անոնց միւս իրաւունքներու ապահովման։ Դաւթեան մատնանշեց, որ ռազմագերիներու եւ քաղաքացիական անձերու վերադարձը կարեւոր երաշխիք պիտի հանդիսանայ եռակողմանի համաձայնութիւնով նախատեսուած միւս պայմանաւորուածութիւններու կատարման եւ տարածքաշրջանէ ներս խաղաղութեան ապահովման համար։ Նոյն ամբողջին մէջ Դաւթեան օրակարգի վրայ բերաւ նաեւ տարածքաշրջանը միջազգային ահաբեկչութենէ զերծ պահելու եւ անոր դէմ ընդհանուր պայքար մղելու խնդիրը։ Հանդիպման ընթացքին համաձայնութիւն գոյացաւ, որպէսզի վերոյիշեալները, ինչպէս նաեւ իրաւական բնոյթով այլ խնդիրներ քննարկման ենթարկուին աշխատանքային ձեւաչափի մէջ։

«Մեր դիմաց կան ընդհանուր խնդիրներ՝ կապուած ժամանակակից սպառնալիքներու դէմ պայքարի հետ. օրինակ՝ ահաբեկչութիւն, փտածութիւն, հեքըրներու յարձակումներ, բնապահպանական յանցագործութիւններու դէմ պայքար, մարդու իրաւունքներու եւ ազատութիւններու ապահովում, առաջին հերթին անպաշտպան խումբերու, ներառեալ անչափահասներու իրաւունքները եւ այլն։ Որեւէ երկիր ընդունակ չէ առանձին պայքարիլ վերազգային յանցագործութիւններու դէմ», ըսաւ Իկոր Քրասնով։

Չորեքշաբթի, Յունուար 13, 2021