ՓԱՇԻՆԵԱՆ-ՓՈՒԹԻՆ ՀԵՌԱԽՕՍԱԶՐՈՅՑ

Երէկ, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան եւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին ունեցան հեռախօսազրոյց մը, որու ընթացքին քննարկեցին Լեռնային Ղարաբաղի առկայ իրավիճակը եւ Ղազախիստանի իրադարձութիւնները։ Քրեմլինի աղբիւրներու հաղորդումներով, զրուցակիցները շօշափեցին Երեւան-Մոսկուա-Պաքու առանցքին վրայ գոյացած պայմանաւորուածութիւններու իրականացման որոշ հարցեր։

Ծանօթ է, որ ՀԱՊԿ խաղաղապահ զօրախումբ մը ուղարկած է Ղազախիստան, ուր ներքին լայնածաւալ խռովութիւններ ծագած են, իսկ Հայաստան ներկայիս այդ կազմակերպութեան շրջանային նախագահն է։ Փաշինեան եւ Փութին երէկուան զրոյցի ընթացքին ընդգծած են Ղազախիստանէ ներս իրավիճակի կարգաւորման համար նպաստաւոր գործողութիւններու արդիւնաւէտ համակարգումը։

Ի՞ՆՉ Կ՚ԸՍԷ ԱԼԻԵՒ

Միւս կողմէ, Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ յայտարարեց, թէ ռուս խաղաղապահները կը փորձեն այնպէս մը ընել, որ հնարաւորինս քիչ մարդ լքէ Լեռնային Ղարաբաղը։ Երկրի հեռուստակայանին տուած հարցազրոյցին մէջ ան յայտնեց, որ ռուս խաղաղապահները, ընդհանուր առմամբ, լաւ կը կատարեն իրենց առաջադրանքները, թէեւ անոնցմէ կան նաեւ պահանջներ։

«Մէկ անգամ չէ, որ պաշտօնապէս մեր դժգոհութիւնը յայտնած ենք ապօրինի այցերու կապակցութեամբ։ Մեր Պաշտպանութեան նախարարը մէկ անգամ չէ, որ նամակներ յղած է իր ռուս պաշտօնակցին, ինչպէս նաեւ դժգոհութիւն յայտնած է խաղաղապահ առաքելութեան ղեկավարին», նշած է Ալիեւ՝ մասնաւորապէս անդրադառնալով Ֆրանսայի նախագահի թեկնածուներէն Վալերի Փեքրեսի մօտաւոր անցեալին Ստեփանակերտ տուած այցելութեան։ Ալիեւի խօսքով՝ իրենց տրուած է այն պատասխանը, թէ խաղաղապահները ուշադիր չեն եղած, տեղեակ չեն եղած, Փեքրես սովորական ինքնաշարժով մը ճամբորդած է եւ այլն։ «Ես սապէս կ՚ըսեմ՝ դժուար է այս բանին հաւատալ», դիտել տուած է Ալիեւ, որու խօսքով այդ ֆրանսացի գործիչները թաքուն գացած են այնտեղ, անոնց այցելութեան լուրը յայտնի դարձած է միայն վերադառնալէ վերջ։ «Անոնք հաւանաբար կը վախնային, որ մենք զիրենք կը կանգնեցնենք Լաչինի միջանցքին», շարունակեց Ալիեւ եւ աւելցուց, որ ռուս խաղաղապահները կը փորձեն մուտքը ազատ դարձնել ու որոշ խնդիրներ կը ստեղծեն ելքերու պարագային։ Անոնք կը կանգնեցնեն այն ինքնաշարժները, որոնք կը հեռանան, վարորդները կը հարցաքննեն։ Սա չի կրնար պատահական ըլլալ։ «Չեն ուզեր, որ մարդիկ այնտեղէն երթան։ Ռուս խաղաղապահները կը փորձեն այնպէս մը ընել, որ հնարաւորինս քիչ մարդ լքէ իրենց պատասխանատուութեան տարածքը», շարունակեց Ալիեւ եւ աւելցուց, որ հակառակ վերոյիշեալներուն, ինք դրական կը գնահատէ խաղաղապահներու աշխատանքը։ Արդարեւ, որեւէ լուրջ դէպք չէ եղած։ Դէպքեր պատահած են միայն Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանին վրայ։

Նոյն հարցազրոյցին մէջ Իլհամ Ալիեւ նշեց, որ Հարաւային Կովկասէ ներս խաղաղութեան հաստատման համար Հայաստան պէտք է ճանչնայ Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութիւնը։ «Մենք երրորդ պատերազմ մը չենք ուզեր, սա մեր ծրագրերուն մէջ չկայ։ Մենք կը փափաքինք, որ պատերազմի շրջանը աւարտի։ Մենք կ՚ուզենք, որ բնականոն յարաբերութիւններ հաստատուին, որպէսզի Հայաստան վերջապէս ճանչնայ Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութիւնը։ Սա է, որ մենք կ՚ուզենք։ Բայց, եթէ տեսնենք, որ վտանգ մը կայ մեզի համար, ինչպէս ըսի, այդ սպառնալիքը տեղւոյն վրայ կը վերացուի», դիտել տուաւ Ալիեւ ու պնդեց, որ Հայաստանի կողմէ ռէօվանշի միտումներ կը դրսեւորեն ո՛չ միայն նախկին, այլեւ ներկայ պետական պաշտօնեաներ։ «Ուստի, կը կրկնեմ, երբեք պէտք չէ խաբուիլ ներկայ իշխանութեան բարի խօսքերէն։ Մենք երբեք պէտք չէ մոռնանք, որ տարածաշրջանէ ներս ի՛նչ հարեւանի հետ կ՚ապրինք։ Այս բանին հետ կապուած են նաեւ սահմանային սադրանքները։ Անոնք կ՚ուզեն մեզ դարձեալ փորձել», պնդեց Ալիեւ։

Ի լրումն այս բոլորին Իլհամ Ալիեւ յայտարարեց, որ Պաքու պիտի ճնշէ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի փորձերը՝ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրով զբաղելու ուղղութեամբ։ «Ես տեղեկութիւն չունիմ, թէ ինչ կ՚ընէ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակը։ Կ՚ենթադրեմ, որ հիմա կը պատրաստուին յոբելենական ձեռնարկներու։ Ինչպէս գիտէք, Մինսքեան խմբակը ստեղծուած էր 1992 թուականին եւ այս տարի կը լրանայ անոր 30-ամեակը։ Անոնք հաւանաբար զբաղուած ըլլան ձեռնարկներու նախապատրաստութեամբ։ Բայց, կատակը մէկ կողմ, ես կը կարծեմ, որ անոնք իրենց համար պէտք է օրակարգ կազմեն։ Ես կրնամ ըսել, թէ անոնք ի՛նչ պէտք չէ ընեն։ Անոնք պէտք չէ զբաղին Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութիւնով, որովհետեւ այդ մէկը լուծուած է։ Անոնց փոխարէն այս խնդիրը մենք լուծեցինք։ Կը կարծեմ՝ անոնց բացակայութիւնը պայմանաւորուած է այս բանով», նշեց Ալիեւ։

Հարցազրոյցին մէջ ան մատնանշեց, որ ինք պատկերացում ունի, թէ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակը ինչ պէտք է ընէ եւ ինչ՝ ոչ։ Իր խօսքով, Պաքու պիտի ճնշէ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրով զբաղելու ուղղեալ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի փորձերը։ «Որովհետեւ մենք թոյլ չենք տար այդ բանին։ Մենք այս հակամարտութեան կողմը եղած ենք։ Եթէ կողմերէն մին կ՚ըսէ, որ հակամարտութիւնը լուծուած է, ապա միջնորդութեան տեղ չկայ եւ մեր դիրքորոշումը փոխանցուած է անոնց։ Երեւի իրենք պէտք է մտածեն, թէ ի՛նչ ընեն», եզրափակեց Ալիեւ։

Հինգշաբթի, Յունուար 13, 2022