ԱՆՈՒՐՋՆԵՐ ԵՒ ԶԱՌԱՆՑԱՆՔ

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան յայտարարեց, որ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրը կրնայ հանգուցալուծուիլ միա՛յն երբ Ատրպէյճան հրաժարի իր առաւելապաշտ ակնկալութիւններէն։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Պուլկարիոյ նախագահ Ռումէն Ռատեւի հետ երէկ Երեւանի մէջ համատեղ սարքած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին Սերժ Սարգսեան յայտնեց, որ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրը կրնայ հանգուցալուծուիլ միայն մէկ պարագայով. եթէ Ատրպէյճան  հրաժարի իր անիրատես եւ առաւելապաշտ ակնկալութիւններէն։ «Մինչեւ անոնք այդ բոլորէն չհրաժարին, այլ շարունակեն մնալ անուրջներու գրկին մէջ եւ զառանցեն Երեւանը կամ Զանգեզուրը գրաւելու մասին, մենք որեւէ յոյս չենք կրնար տածել, որ խնդիրը կրնայ լուծուիլ», աւելցուց Սերժ Սարգսեան՝ ընդգծելով, որ բազմիցս յայտարարած է ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի առաջարկներու ներքեւ բանակցութիւնները աշխուժացնելու Հայաստանի պատրաստակամութեան մասին։ Բայց, դժբախտաբար, այդ տրամադրութիւնը փոխադարձ չէ Ատրպէյճանի կողմէ։

Հարկ է նշել, որ Ատրպէյճանի մէջ վերջերս որոշուած է ձեռնարկել արտահերթ նախագահական ընտրութիւններուն։ Յառաջիկայ աշնան տեղի պիտի ունենային ընտրութիւնները, որոնք վերջին որոշումով տեղափոխուած են գարնան։ Նախագահ Սերժ Սարգսեան Ատրպէյճանի մէջ արտահերթ նախագահական ընտրութիւններու ձեռնարկելու դրդապատճառները չի կապեր Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի արագ կարգաւորման փափաքին հետ։ Ինք կը դժուարանայ հաւատալ, թէ Ատրպէյճանի մէջ յանկարծ յառաջացած է Լեռնային Ղարաբաղի խնդիրը լուծելու անյագուրդ ցանկութիւնը։ «Անցեալի մէջ Ատրպէյճան բազմաթիւ հնարաւորութիւններ ունեցած է խնդրին լուծում տալու առումով, բայց, դժբախտաբար, անոնց գործողութիւնները պատճառ դարձած են, որ հիմա մենք կրնանք խօսիլ միայն կորսուած հնարաւորութիւններու մասին», ըսաւ Սերժ Սարգսեան։

Հարկ է նշել, որ Երեւանի մէջ վերջին օրերուն Սարգսեան տեսակցած էր ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներուն հետ։ Ան միջնորդներուն ուշադրութիւնը հրաւիրած էր Պաքուէն հնչած վերջին յայտարարութիւններուն վրայ։ Սարգսեանի համոզմամբ, այդ յայտարարութիւնները կը հանդիսանան եւս մէկ վկայութիւն, թէ Ատրպէյճան որքան հեռու է ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներու առաջարկներուն հիման վրայ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի բանակցային գործընթացը յառաջ մղելու պատրաստակամութենէն։ Այդ յայտարարութիւնները ցոյց կու տան նաեւ, թէ Պաքու ինչպէս կ՚արձագանգէ հասարակութիւնները խաղաղութեան պատրաստելու ուղղեալ եռանախագահներու շարունակական կոչը։

Միւս կողմէ, նախագահ Սարգսեան վերջերս Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրը շօշափեց նաեւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի Եւրոպայի եւ Եւրոասիոյ հարցերով փոխ-տեղակալ Պրիճիթ Պրինկի հետ, որ շփումներ ունեցաւ Երեւանի մէջ։

Երեքշաբթի, Փետրուար 13, 2018