ԱՆԽԱՓԱՆ ՊԱՅՔԱՐ

Հայաստանի ներքին տագնապի պայմաններով ընդդիմութիւնը նոր թափ կու տայ իր գործունէութեան՝ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հրաժարականը ապահովելու նպատակով։ Լեռնային Ղարաբաղի պատերազմի ծանր հետեւանքները երկիրը կաթուածահար դարձուցած են եւ պետութիւնը լուրջ սպառնալիքներու դէմ յանդիման թողած։ Ստեղծուած իրավիճակին մէջ ընդդիմադիր ուժերը կը ձգտին երկրէն ներս իշխանափոխութեան հասնիլ։ Արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւնը դարձած է հրամայական, իսկ իշխանութիւնը կը ջանայ այդ մէկը վիժեցնել՝ արհեստական օրակարգ ստեղծելով Հայաստանի մէջ։ Յետպատերազմեան իրադարձութիւնները այնպիսի համեմատութիւններու հասած են, որ ոչինչ կարելի է թաքցնել ժողովուրդէն, սակայն, մեծագոյն հարցականը այն է, թէ ինչպէ՞ս բեկումնային պահը պիտի խորանայ։

«Հայրենիքի փրկութեան շարժում» ընդդիմադիր խմբաւորումը այս պայմաններուն ներքեւ կը շարունակէ յամառօրէն պահանջել Նիկոլ Փաշինեանի հրաժարականը։ 17 ընդդիմադիր ուժերէ բաղկացեալ այս շարժումը փետրուարի 20-ին նախատեսած է նոր հանրահաւաք մը Երեւանի մէջ։ Նախօրէին, երէկ, Երեւանի Ազատութեան հրապարակին վրայ «Հայրենիքի փրկութեան շարժում»ը իրականացուց հաւաք-քննարկում մը։ Կը հաղորդուի, որ այս ձեռնարկի նպատակն էր յստակեցնել իշխանութիւններու դէմ պայքարի եւ հայրենիքի փրկութեան ճանապարհային քարտէսը։

Երէկ ելոյթով մը հանդէս եկաւ «Հայրենիքի փրկութեան շարժման» կողմէ վարչապետի թեկնածու առաջադրուած Վազգէն Մանուկեան, որ շարունակեց սուր քննադատութիւններ հասցէագրել իշխանութիւններուն։ Ըստ իրեն, խորհրդարանէ ներս մեծամասնութեան տէր «Իմ քայլը» խմբակցութենէն պէտք է դուրս գան այն մարդիկ, որոնք կը սնուին դուրսէն ու կը ծառայեն դուրսին։ Արդարեւ, ըստ Մանուկեանի, անոնք նպաստած են Փաշինեանի իշխանութեան գլուխ բերուելուն ու մասնակից կը համարուին անոր կողմէ կատարուած այս դաւաճանութեան։ Ընդդիմադիր ղեկավարը հրամայական նկատեց այժմու դաւաճան վարչապետէն ազատուիլը, ժամանակաւոր կառավարութեան մը ձեւաւորուիլը, ինչ որ որոշ հարցերու համար հրատապ լուծումներ կը գտնէ եւ կը ստեղծէ պայմաններ արդար ընտրութիւններու միջոցաւ ժողովուրդի կողմէ իր նոր իշխանութեան ընտրուելուն համար։ «Այս իշխանութիւնը արդէն չկայ», յայտարարեց Վազգէն Մանուկեան Ազատութեան հրապարակին վրայ։ Միեւնոյն ժամանակ, ան դիտել տուաւ, որ պէտք է մաշեցնել խորհրդարանի «Իմ քայլը» խմբակցութիւնը եւ բարձրաստիճան ոստիկանները, որոնք ներկայիս Նիկոլ Փաշինեանի յենարանները կը հանդիսանան։ Մանուկեանի կանխատեսումներով՝ այս իշխանութիւնները դիւրութեամբ պիտի չհեռանան, ուստի պէտք է փճացուին անոնց յենարանները։

Հայաստանի մէջ վերջին օրերուն որոշ քաղաքական գործիչներ՝ մանաւանդ Սիւնիքի մարզ այցելելու ժամանակ ռուս խաղաղապահներու միջոցաւ վերահասու դարձած են, թէ յետպատերազմեան իրավիճակի մէջ ստորագրուած են կարգ մը յարակից փաստաթուղթեր, որոնք հանրային կարծիքի սեփականութիւնը չեն դարձած եւ բաւական ծանր, տհաճ պայմաններ կ՚ենթադրեն Հայաստանի տեսակէտէ։ Երէկուան հաւաքի ընթացքին Վազգէն Մանուկեանն ալ անդրադարձաւ այս նիւթին եւ ըսաւ. «Պարզուեցաւ, որ կայ եւս մէկ դաւաճանական փաստաթուղթ»։ Մանուկեանի խօսքով՝ հրադադարի եռակողմանի համաձայնութիւնով կը նախատեսուէր, որ զօրքերը պատերազմէ վերջ պէտք է կանգնած մնան այն տեղերուն վրայ, ուր գտնուած են պատերազմի աւարտին։ Բայց եւ այնպէս, հայկական սահմաններու որոշ հատուածներուն նահանջ եղած է։ «Նիկոլ Փաշինեանի հրամանով՝ մեր զօրքը Զանկելանէն եւ Քուպաթլուէն ետ նահանջած է դէպի Սիւնիքի սահմանները։ Պարզուեցաւ, որ ան ժողովուրդէն գաղտի փաստաթուղթ ունի», նշեց Մանուկեան եւ այս համայնապատկերին վրայ մատնանշեց նաեւ զանգուածային լրատուութեան միջոցներուն համար նախատեսուած այն սահմանափակումները, որոնք գործադրութեան պիտի դրուին Սիւնիքի վերաբերեալ իրադարձութիւններու լուսաբանման պարագային։

«Հայրենիքի փրկութեան շարժման» կողմէ կազմակերպուած այս հաւաքի առընթեր, երէկ, Հայաստանի Ազգային ժողովէն ներս տեղի ունեցան նաեւ երեսփոխանական խմբակցութիւններու ներկայացուցիչներու մամլոյ ասուլիսները։ Ընդդիմադիր խմբակցութիւններէն «Լուսաւոր Հայաստան»ի ներկայացուցիչները եւս անդրադարձան Արցախի եւ Սիւնիքի վերաբերեալ իրադարձութիւններուն։ Խմբակցութեան ղեկավար Էտմոն Մարուքեան ըսաւ. «Այստեղ կան բաներ, որոնք գործնականօրէն իրականացուած են»։

«Բարգաւաճ Հայաստան» ընդդիմադիր խմբակցութեան ներկայացուցիչներու օրակարգն ալ կեդրոնացած էր նոյն հարցին վրայ։ Երեսփոխան Միքայէլ Մելքումեան ասուլիսի ընթացքին ըսաւ. «Հողեր կը յանձնուին, իրաւունք չունինք թոյլ տալ, թէ Հայաստանի տարածքը 29 հազար 800 քառակուսի քիլօմեթրէն դառնայ 24 հազար»։ Ըստ երեսփոխանին, ատրպէյճանցիները Հայաստանի տարածքով ուր ուզես կրնան երթալ, ուստի անձնատուութիւնը կը շարունակուի։ Հետեւաբար, եթէ իշխանութիւնը այս բանը կը շարունակէ, ապա ընդդիմութիւնն ալ պէտք է հրատապ շարժման անցնի։ «Այսինքն՝ ժողովուրդը պէտք է այս իշխանութեան ընդդիմութիւնը դառնայ։ Եւ թէ շատ արագ, որովհետեւ մենք հիմա չենք գիտեր Խորհրդային Հայաստանի 29 հազար 800 քառակուսի քիլօմեթրէն ի՛նչքանը մնացած է։ Ոեւէ մէկը չի կրնար ըսել այս բանը», ըսաւ Մելքումեան։

Իր կարգին, «Բարգաւաճ Հայաստան»ի կուսակցապետ Գագիկ Ծառուկեանն ալ երէկ հանդէս եկաւ յայտարարութիւններով։ Ան նշեց, որ կուսակցութիւնը անպայման պիտի մասնակցի արտահերթ ընտրութեան եւ այդ մասնակցութիւնը պիտի ըլլայ առանձին։

Շաբաթ, Փետրուար 13, 2021