ՓԱՌԱՇՈՒՔ ՅՈՒՂԱՐԿԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆ

Մարսէյլի Սրբոց Թարգմանչաց մայր տաճարի երդիքին տակ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ նորոգ ողբացեալ կրթական մշակ եւ սփիւռքահայ գործիչ Անի Յովսէփեանի փառաշուք յուղարկաւորութիւնը։ Ֆրանսայի հայոց թեմի՝ երկրի հարաւին մէջ պաշտօնավարող հոգեւորականներուն մեծամասնութիւնը ներկայ գտնուեցաւ այս յուզումնախառն վերջին հրաժեշտին, որ համախմբեց հոծ թիւով սգաւորներ, որոնք փութացած էին իրենց վերջին յարգանքը արտայայտելու հանգուցեալին նկատմամբ։ Անոնք բիւր յարգանքով իրենց խոնարհումը բերին դագաղին առջեւ՝ որ զետեղուած էր լուսաշող տաճարի ճիշդ կեդրոնը զետեղուած մահաբեմին վրայ։

Անի Յովսէփեան, որ Մարսէյլի մէջ ողբերգական դէպքի մը զոհ գացած էր, իր ընտանիքին առընթեր, խոր սուգի մատնած էր նաեւ Մարսէյլի շրջանի հայութիւնը, ֆրանսահայ շրջանակները, ինչպէս նաեւ իր ծննդավայրի՝ Պոլսոյ բարեկամական շրջանակը։

Յուղարկաւորութեան մասնակցեցան Մարսէյլի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան աւագ հիւպատոս Արա Մկրտիչեան եւ շրջանէն բազմաթիւ յայտնի դէմքեր, որոնք տասնամեակներ շարունակ եղած էին իր գործակիցը կամ ականատեսը՝ անոր բազմակողմանի գործունէութեան։

Հոգեւոր հայրերու աղօթքներուն եւ դամբանախօսութիւններուն առընթեր, եկեղեցւոյ մէջ հոգելոյս Անի Յովսէփեանի կեանքին ու գործունէութեան մասին արտայայտուեցան յայտնի խմբավար Խաչիկ Եըլմազեան եւ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի գլխաւոր խմբագիր Արա Գօչունեան։

Փառաշուք յուղարկաւորութեան աւարտին բոլոր ներկաները բարոյական զօրակցութեան տրամադրութիւնով շօշափեցին լուսահոգի Անի Յովսէփեանի հարազատները, որոնց յայտնեցին անկեղծ ցաւակցութիւններ։

Այս տխուր առթիւ մենք եւս անգամ մը եւս խորազգած վշտակցութիւններ կը յայտնենք ողբացեալի դստեր՝ Սիլվի Չարքճեանին, զաւակներուն, հանգուցեալի բոլոր հարազատներուն եւ բարեկամական շրջանակին։

Երեքշաբթի, Փետրուար 13, 2024