ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍ

Ե­րե­ւա­նի մէջ կը շա­րու­նա­կուին 2015-ի տա­րե­լի­ցին ձօ­նուած ո­գե­կոչ­ման ձեռ­նարկ­նե­րը։ Այս շրջագ­ծով «Ե­ղի­շէ Չա­րենց» Գրա­կա­նու­թեան եւ ա­րուես­տի թան­գա­րա­նի յար­կէն ներս բա­ցուե­ցաւ ցու­ցա­հան­դէս մը։ «Պա­տաս­խան՝ հա­րիւր տա­րի անց. ան­ցեա­լը ներ­կա­յի մէջ» խո­րագ­րեալ այս ցու­ցա­հան­դէ­սը կազ­մա­կեր­պուած է 1915-ի դէպ­քե­րու վե­րա­բե­րեալ վա­ւե­րագ­րե­րու նիւ­թով։ Այ­ցե­լու­նե­րը ա­ռիթ կ՚ու­նե­նան տես­նե­լու գե­ղան­կար­չա­կան, քան­դա­կի եւ կրա­ֆի­քի աշ­խա­տանք­ներ։ 

Ուրբաթ, Մարտ 13, 2015