ՈՂՋՈՅՆԻ ԽՕՍՔ

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Հրատարակչութեան բաժնի եւ «Վաչէ եւ Թամար Մանուկեան» մատենադարանի տնօրէն Տ. Արարատ Քհնյ. Պօղոսեան ողջոյնի խօսքով մը հանդէս եկաւ 2 մարտ 2020, երկուշաբթի, կազմակերպուած շնորհանդէսի ընթացքին, որ ձօնուած էր ԺԱՄԱՆԱԿ-ի հիմնադիր Միսաք Գօչունեանի կողմէ առաջին անգամ աշխարհաբարի փոխադրուած «Նարեկ»ի վերահրատարակութեան։ Ստորեւ կը ներկայացնենք տէր հօր խօսքը։

Կ. Պոլսոյ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթի 110-ամեակի առիթով, Սուրբ Էջմիածնի հրատարակչութեան եւ Գօչունեան ընտանիքի մտայղացմամբ, 2018 թուականին առաջին անգամ, վերանայուած տարբերակով վերահրատարակուած է Սուրբ Գրիգոր Նարեկացիի «Մատեան ողբերգութեան» աղօթագիրքի արեւմտահայերէն տարբերակը: Սոյն թարգմանութիւնը, իրաւամբ, կը համարուի «Նարեկ»ի առաջին, ամբողջական աշխարհաբար թարգմանութիւնը: Այն, ինչպէս ցոյց տրուած է վերահրատարակութեան գիտական խմբագրականի մէջ, որու հեղինակը լուսահոգի Հրաչիկ Միրզոյեանն էր,  հիմք եղած է առայսօր աշխարհաբար թարգմանուած գրեթէ բոլոր թարգմանութիւններու համար, այդ կարգին թէ՛ արեւմտահայերէն, թէ՛ արեւելահայերէն, ինչն ալ աներկբայ կը դարձնէ սոյն վերահրատարակութեան նարեկացիագիտական արժէքը: Անշուշտ, այս վերահրատարակութիւնը առաջին հերթին առանձնակի կարեւոր է ոչ միայն արեւմտահայախօս հայորդիներու հոգեւոր կեանքը սնելու տեսանկիւնէն, այլեւ ընդգծելի է նաեւ այս վերահրատարակութեան կարեւորութիւնը՝ նկատի ունենալով արեւմտահայերէնի մերօրեայ խնդիրները: Ցաւալի է, բայց իրողութիւն, որ մեր օրերուն հայերէնի խնդիրները շատ են ու բազմազան, որոնք կուտակուած եւ դուրս եկած են Հայաստանի Հանրապետութեան սահմաններէն: Մեծ մարտահրաւէր է մանաւանդ սփիւռքահայութեան ոչ-հայախօս հատուածի ձուլումի վտանգը, ուստի նմանատիպ ձեռնարկներն ու միջոցառումներն են, որ կարող են լաւագոյն խթան հանդիսանալ արեւմտահայերէնը ոչ միայն Հայաստանի մէջ, այլեւ ի սփիւռս ողջ աշխարհի, աւելի կենսունակ դարձնելու, որով ալ հնարաւորութիւն կը ստեղծուի խթանելու եւ նոր զարկ տալու հայապահպանութեան: Խօսքս կ՚ուզեմ աւարտել մեծանուն բանաստեղծ Յովհաննէս Թումանեանի խօսքերով. «Լեզուն է ամէն մէկ ժողովուրդի ազգային գոյութեան եւ էութեան ամենախոշոր փաստը, ինքնուրոյնութեան եւ հանճարի ամենախոշոր դրոշմը, պատմութեան եւ հեռաւոր անցեալի կախարդական բանալին, հոգեկան կարողութիւններու ամենաճոխ գանձարանը, հոգին եւ հոգեբանութիւնը»:

Ուրբաթ, Մարտ 13, 2020