ՔՈՐՈՆԱԺԱՀՐԻ ՊԱՏՃԱՌՈՎ ՎԱՐԺԱՐԱՆՆԵՐԸ ՓԱԿՈՒԵՑԱՆ

Քորոնաժահրի պատճառ դարձած վարակին հետեւանքով Թուրքիոյ մէջ արտասովոր նախազգուշական միջոցներ ձեռք կ՚առնուին։ Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանի գլխաւորութեամբ, երէկ, մայրաքաղաք Անգարայի մէջ տեղի ունեցաւ նախարարներու խորհրդակցութիւն։ Որոշուեցաւ վարժարաններն ու համալսարանները մտցնել արձակուրդի։ Բաց աստի, մարզական բոլոր հանդիպումներն ալ յառաջիկայ շրջանին տեղի պիտի ունենան առանց հանդիսատեսներու։ Պիտի ընդհատուին նաեւ գեղարուեստական ձեռնարկները։ Միւս կողմէ, այս առաւօտ հաղորդուեցաւ, որ Թուրքիոյ մէջ ստուգուած է քորոնաժահրով վարակուած երկրորդ անձը։

Ուրբաթ, Մարտ 13, 2020