ՆԱԽԱՐԱՐ ՍՕՅԼՈՒ ԱՅՑԵԼԵՑ ԳՈՒՄԳԱԲՈՒ. ԿԸ ՆԱԽԱՏԵՍՈՒԻ ՏԵՂԱՊԱՀԻ ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆ

Ներքին գործոց նախարար Սիւլէյման Սօյլու յետմիջօրէին այցելեց Պատրիարքարան։ Գումգաբուի մէջ նախարարը հիւրընկալուեցաւ Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ . Արամ Արք. Աթէշեանի կողմէ, որու կողքին էին Կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան եւ Ս. Փ. Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլու։ Ներկայ էին նաեւ Իսթանպուլի կուսակալ Ալի Եէրլիքայա եւ Կրօնական ժողովի անդամները։ Զրոյցը տեղի ունեցաւ դռնփակ։

Առայժմ զրոյցի բովանդակութեան մասին մանրամասնութիւններ չեն հաղորդուած։ Շուրջ քառասուն վայրկեան տեւեց հանդիպումը, որու աւարտին նախարարը ստորագրեց հոգելոյս Մեսրոպ Պատրիարքի սգոյ տոմարը։ Քննարկուած են պատրիարքական ընտրութեան գործընթացին վերաբերեալ հարցեր։ Պետրոս Շիրինօղլու հանդիպումէն վերջ ԺԱՄԱՆԱԿ-ին յայտնեց, որ Իսթանպուլի գլխաւոր քաղաքապետի ընտրութենէն՝ յունիսի 23-էն ամիջապէս վերջ տեղի պիտի ունենայ տեղապահի ընտրութիւն։ Հաւանական է, որ Պատրիարքարանը հրապարակէ պաշտօնական յայտարարութիւն մը։

Երկուշաբթի, Մայիս 13, 2019