ԲԱԽՏՈՐՈՇ ՏՈՒԵԱԼՆԵՐ

Առողջապահութեան նախարար Ֆահրետտին Քոճա յայտարարեց, որ Թուրքիոյ մէջ քորոնաժահրով նոր վարակումներու քանակի բարձրացումը կանխատեսելի սահմաններու մէջ է։ Ցարդ քորոնաժահրով վարակուածներու 70 տոկոսը առողջացած է։ Խտացեալ խնամքի տակ գտնուող հիւանդներու թիւն ալ կը շարունակէ նուազիլ։ Նախարարը շեշտեց, որ դիմակն ու ընկերային հեռաւորութեան պահպանումը համաճարակի դէմ հիմնական ազդակներն են։ «Վտանգը բազմութիւն միջավայրերու մէջ է. հեռու մնանք», ըսաւ նախարարը եւ յիշեցուց, որ դիմակը կանխարգելիչ գործօնի մը կրնայ վերածուիլ՝ ընկերային հեռաւորութեան պահպանման պարագային։ Այլապէս, իրարու մօտ կանգնած երկու անձ կրնան զիրար վարակել՝ եթէ նոյնիսկ դիմակաւոր են։

Թուրքիոյ մէջ վերջին 24 ժամուան ընթացքին եւս 53 հոգի զոհուած է եւ այսպէսով համաճարակի հետեւանքով մահացածներու ընդհանուր թիւը հասած է 3 հազար 894-ի։ Նոյնպէս երէկուան դրութեամբ՝ Թուրքիոյ մէջ կատարուած է 37 հազար 351 նոր քննութիւն եւ այդ նմուշառումներու հիման վրայ ստուգուած՝ եւս 1704 վարակեալ։ Այսպէսով քորոնաժահրի համաճարակի շրջանին Թուրքիոյ մէջ հաստատուած դէպքերու թիւը հասած է 141 հազար 475-ի։ Ներկայիս խտացեալ խնամքի տակ առնուածներու թիւը իջած է 1045-ի։ Արհեստական շնչառութեան ենթակայ վարակեալներու թիւն ալ իջած է 576-ի։ Երէկուան տուեալներով, եւս 3 հազար 109 վարակեալ բուժուած է եւ Թուրքիոյ մէջ առողջացածներու ընդհանուր թիւը հասած է 98 հազար 889-ի։

Առողջապահութեան նախարարութեան կողմէ հրատարակուած վիճակագրութեան առընթեր, գիտական շրջանակներ ուշադրութիւն կը հրաւիրեն այդ տուեալներու եւ համեմատութիւններու վրայ։ Արդարեւ, համաճարակի սահմանափակման տեսակէտէ մեծ կարեւորութիւն կը ներկայացնէ՝ թէ վարակեալ մը քանի՞ հոգի կը վարակէ։ Աշխարհի վրայ բազմաթիւ երկիրներու մէջ այդ թիւը կը հասնի նոյնիսկ 5-ի։ Իսկ ներկայիս Թուրքիոյ մէջ արդէն մէկէ աւելի նուազ է։ Սա է այն հիմնական գործօնը, որ առօրեայի աստիճանական բնականոնացման ուղղութեամբ քայլեր առնելը համարձակութիւն ներշնչած է։ Սա միեւնոյն ժամանակ պատճառ կը դառնայ մասնագէտներու կողմէ յաճախակի զգուշացումներու, որովհետեւ սահմանափակումներու նկատմամբ հնազանդութիւնը եթէ նուազի, ապա կրնայ յառաջանալ անբաղձալի հակառակ վիճակ մը։ Այժմու կանխատեսումներով, եթէ սահմանափակումները ակնկալուած արդիւնքը տալ շարունակեն, ապա յաջորդ ամիս Թուրքիոյ մէջ նոր վարակեալներու թիւը օրական 500-ի սահմանին պիտի իջնէ։ Սա, միեւնոյն ժամանակ, կը համարուի հոգեբանական կարեւոր շեմ մը։

Միւս կողմէ, գիտական աշխարհն ալ քորոնաժահրի ընթացքին եւ անցուցած փոփոխութիւններուն նկատմամբ անմիջական ուշադրութիւն ցուցաբերել կը շարունակէ։

Առողջապահութեան Համաշխարհային կազմակերպութեան աղբիւրները տեղեկացուցին, որ աւելի քան հարիւր ծրագիր յառաջ կը տարուի՝ քորոնաժահրի դէմ պատուաստանիւթ մը գտնելու նպատակով։ Յամենայնդէպս, պատուաստանիւթի մը գիւտը տակաւին կը համարուի դժուար։ Մասնագէտներ տակաւին վաղ կը  համարեն խօսիլ պատուաստանիւթի յայտնաբերման մասին։ Լաւատես կանխատեսումներով, այս տարի կրնայ ստեղծուիլ պատուաստանիւթ մը, սակայն անոր զանգուածային արտադրութիւնը յաջորդ տարիէն առաջ չի կրնար սկսիլ։

Չորեքշաբթի, Մայիս 13, 2020