«100 ՀՐԵԱՅ ԴԷՄՔ»

Յայտնի լուսանկարիչ Ալպերթօ Մոտիանօ արդէն թեւակոխած է իր լուսանկարչական գործունէութեան 40-ամեակը։ Կը տեղեկանանք, որ յոբելենական շրջանին ան հրատարակած է «100 Yahudi Yüz» («100 հրեայ դէմք») խորագրեալ ալպոմ-գիրք մը, որու շնորհանդէսը նախընթաց օր տեղի ունեցաւ Գարագիւղի «Schneidertempel» գեղարուեստի կեդրոնին մէջ։ Ձեռնարկի կազմակերպիչներու շարքին էր Թուրքիոյ Հրեաներու թանգարանը, որ կը գործէ «500-ամեակի հիմնարկ»ի հովանաւորութեան ներքեւ։

Ալպերթօ Մոտիանոյի գիրքը ծանօթացուեցաւ խորհրդանշական մթնոլորտի մը մէջ, որովհետեւ այս գեղարուեստի կեդրոնը նախապէս եղած է սինակոկ մը։ Ալպերթօ Մոտիանօ շուրջ երկու տարուան աշխատանքէ մը վերջ ստեղծած է այս գիրքը, որ կը բաղկանայ յայտնի հրեայ դէմքերու դիմանկարներէն։ Անոնց կարգին կը գտնուին արուեստագէտներ եւ իրենց ընդգրկած ասպարէզին մէջ յաջողութեան հասած անձնաւորութիւններ։ Յուզիչ էր նաեւ այն հանգամանքը, որ անոնցմէ ոմանք գիրքի արտադրութեան շրջանին արդէն մահացած էին։

Շնորհանդէսը անցաւ խանդավառ մթնոլորտի մը մէջ։ Ալպերթօ Մոտիանօ հանդէս եկաւ շնորհակալութեան խօսքով մը։ Գինեձօնի առթիւ կազմակերպուած հաւաքոյթի ընթացքին հատուեցաւ նաեւ կարկանդակ մը։ Մոտիանօ գիրքերը մակագրելով նուիրեց այն անձերուն, որոնց դիմանկարները ընդգրկուած են այս գործին մէջ։

Ցուցահանդէսը բաց պիտի մնայ մինչեւ յունիսի 4-ը։

Շաբաթ, Մայիս 13, 2023