ԹԵՐԱՀԱՒԱՏ ՓՈՐՁԵՐ

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ այս շաբաթավերջին դարձեալ ժամադրուած են՝ Եւրոմիութեան խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշելի միջնորդութեամբ։ Պրիւքսելի մէջ այսօր երեկոյեան նախատեսուած է Նիկոլ Փաշինեանի եւ Շարլ Միշելի առանձնազրոյցը։ Շարլ Միշել վաղը առաւօտ ալ կը մէկտեղուի Իլհամ Ալիեւի հետ։ Երկկողմանի այս հանդիպումներէն վերջ, վաղը կէսօրուան ժամերուն Պրիւքսելի մէջ պիտի սկսի Փաշինեան-Միշել-Ալիեւ հանդիպումը։

Եռակողմանի այս բանակցութիւններուն ընդառաջ, Երեւան-Պաքու առանցքին վրայ՝ հաւանական խաղաղութեան պայմանագրի մը ստորագրման հասնելու տեսակէտէ չի նկատուիր բարենպաստ մթնոլորտ մը։ Արդարեւ, Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանին վրայ մագլցումները մտահոգիչ համեմատութիւններու հասած են, լարուածութիւնը թափ ստացած է։ Ատրպէյճանի բանակը վերջին օրերուն դարձեալ յարձակումներ կը գործէ Հայաստանի դիրքերուն վրայ։ Բախումներուն հետեւանքով հայկական բանակէն զինուոր մը նահատակուած է։ Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութեան աղբիւրները այս առաւօտեան ժամերուն տեղեկացուցին, որ առաջնագծին վրայ իրադրութիւնը յարաբերաբար կայուն է։

«Ազատութիւն» ռատիօկայանի հաղորդումներով, Պրիւքսելի ժամադրութեան ընդառաջ Եւրոմիութեան աղբիւրները յայտնեցին, որ ակնկալութիւններու մէջ պէտք է համեստ ըլլալ։ Արդարեւ, Երեւան-Պաքու խաղաղութեան համապարփակ փաստաթուղթի մը ստորագրումը երկար ժամանակ ու աշխատանք կը պահանջէ։ ԵՄ-ի աղբիւրները կը հաղորդեն, որ բեկումնային յառաջընթաց չեն ակնկալեր եռակողմանի բանակցութիւններէն։ Յամենայնդէպս, սա լաւ հնարաւորութիւն մըն է՝ հասկնալու համար, որ ո՛ւր հասած են կողմերը եւ ի՛նչ կարելի է ընել բանակցութիւնները աշխուժացնելու համար։ Երեւան եւ Պաքու համաձայնած են Պրիւքսելի մէջ հանդիպիլ այնքան, որքան անհրաժեշտ ըլլայ։ Այս հանգամանքը Պրիւքսելի կողմէ կարեւոր յառաջընթաց մը կը նկատուի, որովհետեւ փաստացիօրէն այս ձեւաչափով բանակցութիւնները մօտաւորապէս կէս տարի առաջ փակուղիի մատնուած էին։

Պրիւքսելի բանակցութիւններուն ընդառաջ, երէկ Պաքուի մէջ շփումներ ունեցաւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի ռուս համանախագահ, Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններու կարգաւորման հարցերով Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի յատուկ ներկայացուցիչ Իկոր Խովայեւ, որ նախօրէին այցելած էր նաեւ Երեւան։

Շաբաթ, Մայիս 13, 2023