ԻԶԱՊԷԼ ՊԱՅՐԱՔՏԱՐԵԱՆ ՊԱՐԳԵՒԱՏՐՈՒԵՑԱՒ

Գանատահայ յայտնի մեներգչուհի Իզապէլ Պայրաքտարեան այս օրերուն կ՚այցելէ Երեւան, ուր մաս կը կազմէ «Արամ Խաչատրեան» 13-րդ միջազգային երաժշտական մրցոյթի դատակազմին։ Իզապէլ Պայրաքտարեան, որ Նիւ Եորքի «Մեթրոփոլիթըն» օփերայի մենակատարներէն մին է, երէկ հիւրընկալուեցաւ Հայաստանի Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի կողմէ։ Այս առթիւ Յակոբեան բարձր գնահատեց Իզապէլ Պայրաքտարեանի կողմէ ծաւալուած գործունէութիւնը եւ զինքը պարգեւատրեց իր գլխաւորած նախարարութեան «Կոմիտաս» մետայլով։

Հաճելի զրոյցի ընթացքին Իզապէլ Պայրաքտարեան շնորհակալութիւն յայտնեց իրեն յանձնուած պարգեւին համար։ Հանդիպման տեւողութեան ան ըսաւ. «Բեմին վրայ կ՚երգէ իմ հոգին, հայու հոգին»։

Երեքշաբթի, Յունիս 13, 2017