ՆՈՐ ԹԱՓՈՎ ԳՈՐԾԱԿՑՈՒԹԻՒՆ

Հայաստանի Սփիւռքի նախարար Մխիթար Հայրապետեան երէկ այցելեց «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի կեդրոնը։ Ճանաչողական բնոյթով այս այցելութիւնը նախարարին կողմէ իրականացուեցաւ գործընկերային տրամադրութեամբ։ Մխիթար Հայրապետեան հիւրընկալուեցաւ հիմնադրամի գործադիր տնօրէն Արա Վարդանեանի կողմէ։

Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, ներկայիս Սփիւռքի նախարարութիւնը կը նախատեսէ ընդլայնել համագործակցութիւնը «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամին հետ։ Մխիթար Հայրապետեան նշեց, որ պետական կառոյցներու եւ հիմնադրամի համագործակցութիւնը պէտք է նոր մակարդակի մը վրայ դրուի։ «Թէ՛ համահայկական հիմնադրամը, թէ՛ սփիւռքի նախարարը եւ թէ աշխարհասփիւռ համահայկական միւս կառոյցները ունին միակ առաքելութիւն մը, որն է՝ Հայաստանի եւ Արցախի կայուն զարգացման ապահովումը», ըսաւ Մխիթար Հայրապետեան։

Իր կարգին, Արա Վարդանեանն ալ նշեց, որ հանդիպումը կրնայ ունենալ դրական արդիւնք։ «Շուտով կը քննարկենք համագործակցութեան շուրջ ծրագրեր։ Բայց պէտք չէ մոռնալ, որ մեր կառոյցները տարբեր գործարոյթներ ունին։ Նախարարութիւնը սփիւռքահայութիւնը դէպի Հայաստան բերելու, հայապահպանութեան հարցերով կը զբաղի։ Իսկ մենք կը զբաղինք դրամահաւաքով։ Գուցէ հիմնադրամն ալ ապագային սկսի նմանատիպ ոլորտներու մէջ աշխատիլ», ըսաւ գործադիր տնօրէնը։

Չորեքշաբթի, Յունիս 13, 2018