ԻՐԱՆԷՆ ԴԷՊԻ ՀԱՅԱՍՏԱՆ ԱՌԱՔՈՒԱԾ ԲՆԱԿԱՆ ԿԱԶԻ ԾԱՒԱԼԸ ՊԻՏԻ ԲԱՐՁՐԱՆԱՅ

Հա­յաս­տա­նի Վար­չա­պետ Յո­վիկ Աբ­րա­հա­մեան ե­րէկ հե­ռա­խօ­սազ­րոյց մը ու­նե­ցաւ Ի­րա­նի ա­ռա­ջին փոխ-նա­խա­գահ Էս­հաղ Ճա­հան­կի­րիի հետ։ Պաշ­տօ­նա­կան աղ­բիւր­նե­րու հա­ղոր­դում­նե­րով, քննար­կուե­ցան տնտե­սա­կան հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան ընդ­լայն­ման վե­րա­բե­րեալ խնդիր­ներ։

Հե­ռա­խօ­սազ­րոյ­ցի ըն­թաց­քին Յո­վիկ Աբ­րա­հա­մեան Էս­հաղ Ճա­հան­կի­րիին դի­մեց՝ որ­պէս­զի Ի­րա­նէն դէ­պի Հա­յաս­տան ա­ռա­քուող բնա­կան կա­զի ծա­ւալ­նե­րը ա­ւել­նան։ Ներ­կա­յիս Վրաս­տա­նի տա­րած­քէն ներս գլխա­ւոր կա­զա­տա­րի կարգ մը հա­տուած­նե­րը վնա­սուած են։ Ա­նոնց վե­րա­կանգն­ման աշ­խա­տանք­նե­րը կ՚ի­րա­կա­նա­ցուին այս օ­րե­րուն։ Հե­տե­ւա­բար, 10 Յու­լիս-10 Օ­գոս­տոս թուա­կան­նե­րուն գործ­նա­կա­նօ­րէն Ռու­սաս­տա­նէն դէ­պի Հա­յաս­տան բնա­կան կա­զին մա­տա­կա­րա­րու­մը դադ­րած է ժա­մա­նա­կա­ւո­րա­պէս։ Ուս­տի, Հա­յաս­տան կը փա­փա­քի, որ ա­ւելց­նէ Ի­րա­նէն նե­րա­ծած բնա­կան կա­զին քա­նա­կու­թիւ­նը։

Ե­րէ­կուան հե­ռա­խօ­սազ­րոյ­ցի ըն­թաց­քին ի­րա­նա­կան կող­մը դրա­կան վե­րա­բեր­մունք ցոյց տուած է հայ­կա­կան կող­մի ա­ռա­ջար­կին նկատ­մամբ։ 

Չորեքշաբթի, Յուլիս 13, 2016