ԱՐԶՈՒՄԱՆԵԱՆ ԴԱՆԻՈՅ ՄՕՏ ԴԵՍՊԱՆ

Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի հրամանագրի հիման վրայ՝ Դանիոյ մօտ Հայաստանի դեսպան նշանակուեցաւ Ալեքսանտր Արզումանեան։ Այսպէս, յառաջիկայ շրջանին ան պիտի ուղեւորուի Քոփենհակ, ուր պիտի կատարէ իր ծառայութիւնը։

Ալեքսանտր Արզումանեան հայկական դիւանագիտութեան եւ քաղաքական կեանքի փորձառու եւ հեղինակաւոր դէմքերէն մին է։ 1998 թուականին, երբ Հայաստանի մէջ տեղի ունեցաւ իշխանափոխութիւն, առաջին նախագահ Լեւոն Տէր-Պետրոսեանի հրաժարականի փուլին Ալեքսանտր Արզումանեան կը վարէր արտաքին գործոց նախարարի պաշտօն։ Աւելի առաջ՝ անկախութեան առաջին տարիներուն ալ ան եղած էր ՄԱԿ-ի մօտ Հայաստանի մշտական ներկայացուցիչ՝ պաշտօնավարելով Նիւ Եորքի մէջ։ 1998 թուականի իշխանափոխութենէն վերջ Ալեքսանտր Արզումանեան դարձած էր ընդդիմադիր։ 2008 թուականի նախագահական ընտրութիւններէն վերջ, երբ Հայաստանի ներքին քաղաքական կեանքին մէջ յառաջացած էին ցնցումներ՝ Ալեքսանտր Արզումանեան միջոց մը բանտարկուած էր։ Յաջորդող շրջանին ան մուտք գործած էր խորհրդարան՝ որպէս երեսփոխան։ 2008 թուականին յաջորդած իրադարձութիւններու մթնոլորտին մէջ Ալեքսանտր Արզումանեան եւ Լեւոն Տէր-Պետրոսեան հասած էին ճամբաբաժանի մը։ Խորհրդարանէ ներս՝ որպէս պատգամաւոր Արզումանեան թէեւ իշխանութեան շարքերուն մաս չէր կազմած, սակայն չափաւոր ընդդիմադիր մըն էր։

Այս բոլորէն վերջ ան ներկայիս վերստին կը ստանձնէ պաշտօնական առաքելութիւն մը։ Ալեքսանտր Արզումանեանի դեսպան նշանակուիլը միայն դիւանագիտական բնագաւառին վերաբերեալ իրադարձութիւն մը չէ, այլ ուշագրաւ է նաեւ երկրի ներքին քաղաքականութեան տեսակէտէ։ Ան յառաջիկայ շրջանին իր դիւանագիտական ու քաղաքական փորձառութիւնը ի սպաս պիտի դնէ՝ պաշտօնավարելով Քոփենհակի նման եւրոպական կարեւոր մայրաքաղաքի մը մէջ։

Մօտաւոր անցեալին, 1998 թուականի իշխանափոխութենէն առաջ բարձր պաշտօն վարած այլ դէմք մըն ալ Սերժ Սարգսեանին կողմէ նշանակուած էր դեսպան։ Այդ մէկն է խորհրդարանի նախկին փոխ-նախագահներէն Արա Սահակեան, որ ներկայիս կը պաշտօնավարէ Ղազախիստանի մէջ։

Հինգշաբթի, Յուլիս 13, 2017