ԱՂՄԿԱՐԱՐ ԴԷՊՔԵՐ

Ատրպէյճանի ներքին քաղաքական կեանքէն ներս այս շրջանին աղմկարար դէպքեր տեղի կ՚ունենան։ Վերջերս Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարարութենէն ներս բացայայտուած են գայթակղութիւններ, որոնց հիման վրայ կատարուած են նաեւ ձերբակալումներ։ Մեկնաբաններու համոզմամբ, վերջին ձերբակալութիւններով իրականութեան մէջ կը թիրախաւորուի Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարով։ Ըստ իրենց, հաւանական է նաեւ նախարարի փոփոխութիւն մը։ Այսպէս, Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան մէջ պայթած գայթակղութիւնը երկրին կառավարման համակարգին ընդհանուր գործունէութեան եւ վարկին մասին լուրջ հարցադրումներու դուռ կը բանայ, մանաւանդ երբ խնդիրը կը վերաբերի արտաքին դիւանագիտութեան ղեկավարութեան շարքերուն մէջ համատարած փտածութեան եւ կաշառակերութեան մեծ թիւով պարագաներու։ Յստակ է, որ այս գայթակղութիւնը միջազգային ընտանիքին համար ցուցանիշ է, թէ Ատրպէյճանի պետութիւնը խորքային փտածութեան ամբողջական կառոյց մըն է։

Մինչ Ատրպէյճանի պետական անվտանգութեան ծառայութիւնը հրապարակեց 3 յուլիսին արտաքին գործոց նախարարութեան կեդրոնին մէջ կատարուած խուզարկութիւններուն եւ ձերբակալութիւններուն գործողութիւններուն մանրամասնութիւնները, քաղաքական շրջանակներ անմիջապէս յղումներ կատարելով՝ նախապէս կատարուած նոյն բնոյթի խուզարկութիւններու եւ ձերբակալութիւններու, կը յայտարարէին, որ վերջնական եւ կարեւորագոյն թիրախը շատ հաւանաբար արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարովն է, որ անցեալ տարի «դիմացած» էր կառավարութեան կազմին փոփոխութեան՝ նախագահ Իլհամ Ալիեւի կողմէ վերանշանակուելով։ Այս անգամ սակայն կը թուի, թէ Մամետեարովի ժամը հնչած է։

Պետական անվտանգութեան ծառայութեան հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ շեշտուեցաւ, որ ուրբաթ, 3 յուլիսին, կատարուած գործողութեան ընթացքին ձերբակալուածներուն շարքին են արտաքին գործոց նախարարութեան տնտեսական բաժանմունքին ղեկավարները՝ ի մասնաւորի նախարարութեան գործերու կառավարիչ Ֆարհատ Մոլլազատէ, նոյն կառոյցին տնտեսական բաժանմունքի ղեկավար Սալիմ Ալիզատէ, ինչպէս նաեւ՝ բարձրաստիճան պաշտօնատար Լամիէ Ճանէհմետովա, փոխ-նախարար Նատիր Հիւսէիյնով եւ Եւրոպական Միութեան գծով վարչութեան պետ Էլհան Ազատեւ։ Ձերբակալուած է նաեւ արտաքին գործոց նախարարութեան հիւպատոսական վարչութեան պատասխանատուներէն՝ Նուրփաշա Ապտիւլաեւ։

Ելեւմտական այս գայթակղութեան առանցքային դերակատարը Ֆարհատ Մոլլազատէն է, որ 16 տարի առաջ՝ 2004-ին պաշտօնի կոչուած է՝ նորանշանակ արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարովի կողմէ։ Մոլլազատէ կը համարուի Մամետեարովի մտերիմը եւ սերտ գործակիցը։ Նոյն վիճակին մէջ կը գտնուի նաեւ Սալիմ Ալիզատէ։ Մոլլազատէ մինչեւ իր ձերբակալութիւնը նաեւ կը գլխաւորէր նախարարութեան մրցութային յանձնախումբը, որ կ՚ընտրէ այն ընկերութիւնները, որոնք պէտք է տարբեր մարզերու մէջ ծառայութիւններ մատուցեն արտաքին գործոց նախարարութեան՝ հիւպատոսներու եւ դեսպաններու բնակարաններու վարձակալութենէն մինչեւ գրասենեակներու մաքրութիւն եւ այլ աշխատանքներ։

Ատրպէյճանի պետական անվտանգութեան ծառայութեան հաղորդագրութեան մէջ յստակօրէն կը նշուէր, որ Մոլլազատէի գլխաւորած յաձնախումբին աշխատանքը ձեւական բնոյթ ունեցած է եւ թէ ընտրուած ընկերութիւններէն գանձուած մեծագումար կաշառքները կը փոխանցուէին Մոլլազատէի եւ անոր հարազատներու դրամատնային հաշիւներուն։

Գայթակղութեան մէկ բաժինն է նաեւ դարձեալ Մամետեարովի սերտ գործակից Նուրփաշա Ապտիւլաեւ, որ կը գտնուի օտար քաղաքացիներու Ատրպէյճան մուտքի վիզաներու վաճառման կասկածներու տակ։

Նման տարողութեամբ գայթակղութիւն, որ հարուածած է արտաքին գործոց նախարարութիւնը, վստահաբար պիտի ունենայ իր քաղաքական հետեւանքները, որոնց առաջին եւ կարեւորագոյն թիրախը կրնայ նոյնինքն Էլմար Մամետեարովը ըլլալ, որովհետեւ անոր անուան շուրջ ալ կան գայթակղութիւններ, որոնց կեդրոնական դերակատարը Մամետեարովի երեսուն ամեայ զաւակն է, որ ըստ հետաքննող լրագրող Ճիվանշիր Հասանլիի, Նիւ Եորքի մէջ 4 միլիոն տոլար արժողութեամբ առանձնատուն մը գնած է։

Ատրպէյճանի ներքին քաղաքական անցուդարձերը գորշ ամպերու կուտակման ազդանշաններ կը պարունակեն եւ տապալման եւ հեղինակազրկման ալիքները կրնան սրբել եւ տանիլ այս անգամ Մամետեարովը։ Այս իմաստով ալ նման «մաքրագործում» կը նշանակէ նաեւ եթէ ոչ հիմնովին, գէթ մօտեցումներու եւ ընկալումներու իմաստով փոփոխութիւններ՝ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի բանակցութիւններու հոլովոյթին մէջ, հակառակ անոր որ Մամետեարովի փոխարէն արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնին վրայ նշանակուելիք անձը շատ հաւանաբար նախարարութեան անձնակազմէն մին, կամ նախագահի խորհրդական Հիքմէթ Հաճիեւը կրնայ ըլլալ։ Յամենայնդէպս՝ անակնկալներով լեցուն օրեր կրնան սպասել Ատրպէյճանի քաղաքական ընտրակազմին եւ անոնց շրջապատին։ Պէտք է սպասել, իմանալու համար այս ձերբակալութիւններու իսկական թիրախին ինքնութիւնը։

Երկուշաբթի, Յուլիս 13, 2020