ՀԱՅԱՍՏԱՆ-ԱՏՐՊԷՅՃԱՆ ՍԱՀՄԱՆԻՆ ՎՐԱՅ ԲԱԽՈՒՄՆԵՐ

Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանին վրայ երէկ տեղի ունեցան բախումներ, որոնք շարունակուեցան նաեւ այս առաւօտեան կանուխ ժամերուն։ Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութեան աղբիւրները հաղորդեցին, որ երէկ, ժամը 12.30-ի սահմաններուն, Ատրպէյճանի զինեալ ուժերը Տաւուշի մարզէն փորձեցին խախտել Հայաստանի Հանրապետութեան պետական սահմանը։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Ատրպէյճանի զինուորները կ՚օգտագործէին ՈԻԱԶ մակնիշի ինքնաշարժ մը։ Հայկական կողմի նախազգուշացումներէն յետոյ Ատրպէյճանի զինուորները թողեցին ինքնաշարժը եւ վերադարձան իրենց դիրքը։ Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութեան բանբեր Շուշան Ստեփանեան ընկերային ցանցերու միջոցաւ տեղեկացուց, որ աւելի վերջ, ժամը 13.45-ին, Ատրպէյճանի զինեալ ուժերը կրկնեցին Հայկական զինեալ ուժերու սահմանային դիրքը գրաւելու փորձը՝ այս անգամ կրակ բանալով հրետանիով։ Բայց եւ այնպէս, հայ զինուորներու գործողութիւններով անոնք կասեցուեցան եւ ետ մղուեցան։ Բանբեր Շուշան Ստեփանեան տեղեկացուց, որ Ատրպէյճանի զօրքերը կրած էին կորուստներ։

Նախ Ատրպէյճանէն կարգ մը կայքէջեր, աւելի վերջ ալ այդ երկրի պաշտպանութեան նախարարութիւնը եւս անդրադարձան դէպքերուն։ Ատրպէյճանէն հրապարակուած տուեալներուն մէջ կը նշուէր, որ հրադադարը խախտուած է հայկական զօրքերուն կողմէ։ Սկիզբին Ատրպէյճանի Պաշտպանութեան նախարարութեան աղբիւրները տեղեկացուցին, որ բախումներու հետեւանքով 2 զինուոր մահացած, 5 զինուոր ալ վիրաւորուած է։ Յաջորդած ժամերուն վիրաւորեալ 5 զինուորներէն մին եւս մահացաւ եւ այսպէսով երէկուան դէպքերու հետեւանքով Ատրպէյճանի կողմէ մահացած զինուորներուն թիւը բարձրացաւ 3-ի։ Իսկ այս առաւօտ Ատրպէյճանի Պաշտպանութեան նախարարութիւնը հաղորդում կատարեց նոր զոհի մը մասին եւս եւ այսպէսով երէկուան բախումներուն հետեւանքով մահացած ատրպէյճանցի զինուորներու թիւը բարձրացաւ 4-ի։ Պաքուի աղբիւրները կը հրապարակեն նաեւ կորուստներու անունները։

Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութեան «Վազգէն Սարգսեան» ռազմական համալսարանի հրամանատարական ֆաքիւլթէի պետ Արծրուն Յովհաննիսեանն ալ անդրադարձաւ երէկուան դէպքերուն։ Ան յայտնեց, որ մարդկային կորուստներու առընթեր, երէկուան բախումներուն ժամանակ Ատրպէյճանի բանակը կորսնցուցած է նաեւ անօդաչու թռչող սարք մը՝ ԱԹՍ։ Հարկ է նշել, որ Արծրուն Յովհաննիսեան Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութեան նախկին բանբերն է։

Այս առաւօտեան կանուխ ժամերուն ալ Շուշան Ստեփանեան տեղեկացուց, որ երէկուան դէպքերէն երկու-երեք ժամ վերջ, վաղ առաւօտեան ժամերուն Ատրպէյճանի բանակը վերսկսած է սադրիչ գործողութիւնները՝ շարունակելով հրետանիով կրակել հայկական դիրքերու վրայ։ «Զինեալ ուժերու ստորաբաժանումներու կողմէ տրուած է համարժէք պատասխան», տեղեկացուց Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութեան բանբերը եւ աւելցուց, որ հաւանաբար Ատրպէյճանի կորուստները ըլլան աւելի։ Վաղ առաւօտեան ժամերուն տեղի ունեցած բախումներուն կապակցութեամբ եւս պաշտօնական աղբիւրները հրապարակեցին մանրամասնութիւններ։ Այսպէս, Ատրպէյճանի կողմէ սանձազերծուած կրակոցները պարբերաբար շարունակուած են տարբեր խտութեամբ։ Հայկական զինեալ ուժերը բոլոր փորձերը թիրախաւորած եւ չէզոքացուցած են։ Հայաստանի բանակը կորուստներ կամ վիրաւորներ չունի։ Ատրպէյճանի բանակի յարձակումներուն փոխադարձելու ժամանակ Հայկական զինեալ ուժերը չեն կրակեր այդ երկրի բնակավայրերուն վրայ։ Թիրախաւորուած են միայն զինեալ ուժերու ենթակառուցուածքները եւ սարքաւորումները։

Մինչ Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանին վրայ տեղի ունեցան բախումներ, նոյն շրջանին Արցախ-Ատրպէյճան շփման գծի ամբողջ երկայնքով կը տիրէր յարաբերական հանգիստ։ Ստեփանակերտի պաշտօնական աղբիւրները տեղեկացուցին, որ Արցախի Պաշտպանութեան բանակը կը շարունակէ վստահօրէն կատարել իր առջեւ դրուած խնդիրները։

Հայկական լրասփիւռին վրայ յայտնուեցան նաեւ դաշտի վրայ ստեղծուած իրավիճակին վերաբերեալ շարք մը տեսողական առարկաներ։ Այսպէս, մասնաւորապէս ուշագրաւ էին Ատրպէյճանի զինեալ ուժերու խոցեալ անօդաչու թռչող սարքի եւ ՈՒԱԶ ինքնաշարժի վերաբերեալ դրուագները։

Սահմանի վրայ ստեղծուած լարուած իրավիճակին կապակցութեամբ Երեւանի ղեկավարութիւնը դիւանագիտական գետնի վրայ ալ շարժման անցաւ անմիջապէս։ Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեան Ատրպէյճանի կողմէ սանձազերծուած գործողութիւններուն վերաբերեալ զրուցեց ԵԱՀԿ-ի շրջանային նախագահի յատուկ ներկայացուցիչ դեսպան Անճէյ Կասպրչիկի հետ։ Ըստ Շուշան Ստեփանեանի կողմէ հրապարակուած տեղեկութիւններուն, Դաւիթ Տօնոյեան մշտական կապի մէջ է Անճէյ Կասպրչիկի հետ։ Վերջին զրոյցի ընթացքին նախարարը տեղեկացուցած է, որ հայկական բանակային զօրամիաւորման անձնակազմն ու հրամանատարութիւնը հրահանգ ունին զսպուածութիւնը պահպանելու ուղղութեամբ։ Իսկ եթէ Ատրպէյճանի զինեալ ուժերը շարունակեն սադրանքները Հայաստանի սահմաններու ուղղութեամբ, ապա հայկական զօրքերը պիտի փոխադարձեն ըստ անհրաժեշտութեան՝ մինչեւ իսկ նոր բարենպաստ դիրքերու զբաղեցումը։

Հայաստանի կառավարութեան այս առաւօտեան արտահերթ նիստի ընթացքին ալ Տօնոյեան յայտնեց, որ սահմանի գործնական վիճակը ամբողջովին կը վերահսկուի։

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Աննա Նաղդալեանն ալ սահմանի դէպքերուն վերաբերեալ հանդէս եկաւ յայտարարութիւնով մը։ Ան տեղեկացուց, որ Երեւան խստօրէն կը դատապարտէ հրադադարի խախտումները, որոնց առընթեր հայկական դիրքեր ներթափանցելու փորձեր կատարուած են եւ հրետանիով կրակ բացուած է։ Բանբերը շեշտեց, որ հայկական կողմի համարժէք գործողութիւններուն շնորհիւ՝ արդիւնաւէտօրէն կը զսպուին այս սադրիչ գործողութիւնները։ Ըստ բանբերին, Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեան մշտապէս կապի մէջ է ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներու եւ դեսպան Անճէյ Կասպրչիկի հետ՝ Հանրապետութեան վարչապետի եւ պաշտպանութեան նախարարի հետ համակարգմամբ։ Փոխանցուած են տեղեկութիւններ՝ ներկայացնելով տեղւոյն վրայ ստեղծուած իրավիճակը եւ ընդգծելով ապագայ հաւանական վտանգները։ «Վերջին ժամանակներուն Ատրպէյճան, հակառակ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներու՝ սադրիչ գործողութիւններէ, թշնամական հռետորաբանութենէ զերծ մնալու եւ հրադադարի դրութիւնը ամրապնդելու կոչերուն, շարունակաբար հանդէս կու գայ ուժի օգտագործման, ռազմական մագլցման սպառնալիքներով։ Այդ սպառնալիքներու պայմաններուն ներքեւ իրականացուած սադրիչ գործողութեան հետեւանքներու ամբողջ պատասխանատուութիւնը կը կրէ Ատրպէյճանի ռազմաքաղաքական ղեկավարութիւնը», նշեց իր յայտարարութեան մէջ բանբեր Աննա Նաղդալեան։

Ի լրումն այս բոլորին, Աննա Նաղդալեան տեղեկացուց, որ Երեւանի ղեկավարութիւնը մշտական կապի մէջ է նաեւ Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) հետ։ Նախարար Զօհրապ Մնացականեան սահմանի բախումներուն կապակցութեամբ հեռախօսազրոյց մը ունեցած է ՀԱՊԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Սթանիսլավ Զասսի հետ։ Այս առթիւ ան ընդգծած է, որ ՀԱՊԿ-ի անդամ երկրի մը դէմ նման գործողութիւնները անթոյլատրելի են։

«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Տաւուշի մարզպետ Հայկ Չոպանեանն ալ հանդէս եկաւ սահմանի վրայ Ատրպէյճանի կողմէ կատարուած յարձակումներուն կապակցութեամբ։ Ան յայտնեց, որ անհանգըս-տանալու եւ խուճապի մատնուելու կարիք չկայ։ Մարզպետը ընդգծեց, որ Հայկական բանակը լիարժէք կը տիրապետէ իրավիճակին։ Բաց աստի, Հայաստանի Մարդու իրաւանց պաշտպան Արման Թաթոյեանն ալ արձագանգեց երէկուան յարձակումներուն։ Թաթոյեան տեղեկացուց, որ սահմանակից Մովսէս գիւղէն եւ այլ գիւղերու բնակիչներէն իր գրասենեակին հասած են ահազանգներ։ Այս բոլորի կապակցութեամբ, Հայաստանի մարդու իրաւանց պաշտպանը տեղեակ պիտի պահէ միջազգային կազմակերպութիւնները՝ Ատրպէյճանի կողմէ Տաւուշի մարզի վրայ կատարուած յարձակման մասին։

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանն ալ այս առաւօտ յայտարարեց, որ կասկած չկայ, թէ Հայկական զինեալ ուժերը կը պահպանեն Հայաստանի սահմաններու անձեռնմխելիութիւնը։

ԱՆԳԱՐԱՅԷՆ ԱՐՁԱԳԱՆԳ

«Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, Թուրքիան ալ անմիջապէս արձագանգեց Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանին վրայ տեղի ունեցած դէպքերուն։ Արտաքին գործոց նախարարութիւնը հանդէս եկաւ յայտարարութիւնով մը, որու բովանդակութեան մէջ խստիւ պախարակուեցաւ Հայկական զինեալ ուժերուն կողմէ կատարուած յարձակումը՝ Ատրպէյճանի Թովուզ շրջանին վրայ։ Անգարայի արձագանգը ամբողջովին հիմնուած էր Ատրպէյճանի կողմէ հրապարակուած պաշտօնական տեղեկութեան հիման վրայ։ Թուրքիա այս կապակցութեամբ կրկնեց, որ պիտի շարունակէ իր բոլոր հնարաւորութիւններով դիրք գրաւել Ատրպէյճանի կողքին։ Արտաքին գործոց նախարարութեան յայտարարութեան մէջ ընդգծուեցաւ, որ հայկական կողմը պէտք է ընտրէ բանիմացութեան եւ իրաւունքի ճանապարհը։ 

Երկուշաբթի, Յուլիս 13, 2020