1012 ՆՈՐ ՎԱՐԱԿԵԱԼ

Քորոնաժահրի համաճարակի դէմ պայքարի միջավայրին մէջ, Առողջապահութեան նախարար Ֆահրետտին Քոճա երէկ երեկոյեան հրապարակեց Թուրքիոյ վերաբերեալ վերջին վիճակագրական տուեալները։ Այսպէս, երէկ Թուրքիոյ մէջ կատարուեցաւ 45 հազար 232 քննութիւն եւ նմուշառումներու հիման վրայ ստուգուեցաւ 1012 նոր վարակեալ։ Նոյն ժամանակահատուածին եւս 19 հոգի զոհ գնաց համաճարակի, իսկ առողջացածներու թիւը եղաւ 1298։ Ներկայ դրութեամբ խտացեալ խնամքի տակ կը գտնուի 1209 հիւանդ, իսկ արհեստական շնչառութեան սարքերու ենթակայ վարակեալներու թիւն է 409։

Նախարար Ֆահրետտին Քոճա վերջին տուեալներու լոյսին տակ կոչ ուղղեց, որպէսզի սահմանափակումներու, նախազգուշական միջոցներու նկատմամբ հնազանդութեամբ՝ կանխուին նոր դէպքերը։ Ըստ իրեն, վերջին երեք օրուայ ընթացքին խտացեալ խնամքի տակ գտնուող հիւանդները միջին հաշուով հինգ քաղաքի մէջ կը կեդրոնանան եւ այդ քաղաքներու գլխաւորն է Իսթանպուլը։ Նոյնպէս, Իսթանպուլը կը գլխաւորէ այն հնգեակը, ուր արհեստական շնչառութեան սարքերու ենթակայ վարակեալներու թիւը գագաթնակէտին հասած է։

Ֆահրետտին Քոճա նշեց, որ քորոնաժահրի ունեցած հնարաւորութիւնները մօտաւորապէս շաբաթ մը վերջ կը սկսին ցոլանալ վիճակագրական տուեալներուն։ Ուստի, երբ որ կարելիութիւնը կայ, երբեք պէտք չէ երթալ ռիսքերու։ «Նոր դէպքերու թիւը նուազեցնենք այսօր իսկ մեր հետեւելիք նախազգուշական միջոցներով», կոչ ուղղեց Առողջապահութեան նախարարը։

Միւս կողմէ, Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանն ալ «Քրիթէր» պարբերաթերթին տուած հարցազրոյցին մէջ անդրադարձաւ քորոնաժահրի համաճարակի դէմ մղուած պայքարին։ Ան այս առթիւ մատնանշեց, որ ցարդ Թուրքիոյ կողմէ օժանդակութիւն ուղարկուած է 140 երկրի։  

Երկուշաբթի, Յուլիս 13, 2020