ՏԵՂԱՊԱՀ Տ. ԳԱՐԵԳԻՆ ԱՐՔ. ՊԵՔՃԵԱՆ ՅԱՋՈՐԴ ԱՄԻՍ ԳԵՐՄԱՆԻԱ ՊԻՏԻ ՄԵԿՆԻ՝ ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻ ԱՅՑԵԼՈՒԹԵԱՆ ԱՌԹԻՒ

Պատրիարքական տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան յառաջիկայ ամիս պիտի այցելէ Գերմանիա։ Լուտերական եկեղեցւոյ հիմնադրութեան 500-ամեակին առթիւ Պերլինի մէջ նախատեսուած են շարք մը յոբելենական արարողութիւններ, որոնց մասնակցութիւն պիտի բերէ նաեւ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը։ Որպէս Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Գերմանիոյ Թեմի Առաջնորդ՝ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան Վեհափառ Հայրապետին պիտի ընկերանայ այդ այցելութեան օրերուն։ Նորին սրբազնութիւնը Վեհափառ Հայրապետի ուղեւորութենէն որոշ ժամանակ առաջ Գերմանիա մեկնիլ կը նախատեսէ՝ վերահսկելու համար նախապատրաստական աշխատանքները։

Լուտերական եկեղեցւոյ հիմնադրութեան յոբելեանին մասնակցելու առընթեր, կը նախատեսուի, որ Վեհափառ Հայրապետը Պերլինի մէջ հանդիպումներ ունենայ նաեւ Գերմանիոյ պետական աւագանիէն յառաջատար դէմքերու հետ։

Միւս կողմէ, կը տեղեկանանք, որ Տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան Նոյեմբերի սկիզբին Լոս Անճելըսի մէջ նախատեսուած Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի ընդլայնուած կազմով նստաշրջանին պիտի չկարենայ մասնակցիլ եւ համապատասխան իրազեկումը կատարուած է Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնին։

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 13, 2017